Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանթեղ Լուսաւորող Կայծ

February 14, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Տեառնընդառաջ: Լոյսի տօն: Հոգիներու լուսաւորման տօն: Սիրոյ տօն:

Ես` ճամբորդս, նոր կայծով կը սկսիմ նոր ճամբորդութիւնս ու կը սիրեմ նոր սիրով:

Մոմեր, մոմեր, բոցկլտացող. բոլորը բոլոր, իրենց մոմերը կը վառեն… Ամբողջ ուժերս հաւաքած` կը մօտենամ առջեւ, հոգիս յարդարած, կարկառած հաւատքի բազուկներս, աչքերս յառած լոյսին, կ՛երկարեմ մոմս` լոյս առնելու, լոյս բերելու դէպի հոգիս ու անոր նոր տունը: Լոյսի տունէն դէպի իմ լոյսիս տունը` միացնելու, լոյսերու, հոգիներու տունը: Սիրոյ լոյսս կը խառնեմ փայլփլող մոմերու լոյսին: Փոքրիկ շողը միանալով  պատրոյգին` վայրկենապէս կը ճառագայթէ կը բոցավառի, կը դառնայ մէկ ամբողջութիւն:

Հոգիս պահ մը կը մերկանայ մարմինէս եւ իր նման հոգիներուն հետ կը միանայ:

Ուրախ եմ, այնքան ուրախ: Ուրախութիւնս նորընծայ, ուրախարար նոր ներկայութիւնս կը բաժնեկցիմ այլ հոգիներու հետ: Կ՛երկարեմ նոր վառած մոմս դէպի ինծի ուղղուած կարկառած ձեռքեր: Արագ արագ ջահերու պէս կը բոցավառին բոլոր շարուած մոմերը, ջահերթ է երկնային: Անոնք ալ իրենց հերթին կ՛երթան լապտերներ վառելու: Կը սկսի լոյսի ճամբորդութիւնը, տօն է, շատ հին, բայց` աննախընթաց: Հազարաւոր լոյսի տարիներու ընդերքէն եկած լոյսը, լուսաւորող կայծը այսօր կը ստանայ նոր հագուստ, նոր երանգաւորում, նոր տեսողութիւն: Կը բացուին հոգիիս մրափող աչքերը: Կանթեղները կը դառնան աստղաթաթախ, տեսիլքները բարձրաթռիչ սլացքով լոյսերու աշխարհէն կը ներխուժեն միտք, սիրտ ու հոգի: Խորանին դարեւանդը կը բոցկլտայ ճաճանչներով ու կանթեղին անմար կրակը կը նորոգուի սիրոյ ձէթով: Կը հոսի կեանքը հոնկէ, ջրվէժող լոյսերով, երազներով: Տօն է ցնծագին: Ես կը սիրեմ, լոյս ունիմ մէջս, ստացած` սիրոյ աղբիւրէն, լոյսի, բերկրութեան օրրանէն: Ճամբորդութիւնս սկիզբ կ՛առնէ այս լոյսէն ու սիրոյ ջահը ձեռքիս կը մնայ վառած: Ով լուսերես տեսիլք, լուսաշող, լոյս փոխանցող, նուիրող, ես ցարդ պատրոյգիդ ձէթէն բխող ճրագիդ լոյսն է, որ կ՛օգտագործեմ, կը փոխանցեմ:

Աղօթքներով, պաղատանքով ստացուած պարգեւ: Այնքան դժուար եւ այնքան հեշտ  ընկալուած նուիրական աւանդ… Մատակարարիդ միջնորդութեամբ կը ստանամ ես քեզ:

Լոյս, լոյս, լոյս է ամէն կողմ, լուսաւորեալ փառաւոր լոյսի ճառագայթում, լոյսի ներկայութիւն, լոյսէն բխած, լոյսէն ծագած առաւօտ լուսոյ, նոր լոյսի ճամբայ, լոյսի ճամբորդութիւն… Հարթ ճամբայ, լուսաւոր հորիզոն եւ խաղաղ աշխարհ պարգեւէ… Լոյսի ճամբորդներուս:

Հալէպ, 14-2-2012

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Վարդան Պետրոսեան Այս Սքանչելին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.