Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաժեշտի Խօսք` Ընկեր Ճորճի Յիշատակին

February 9, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեզմէ ոչ ոք ուզեց ընկալել Գէորգ (Ճորճ) Սապունճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ս. Ծննդեան օրը` կանուխ առաւօտուն, երբ ան հիւանդանոց փոխադրուելու ընթացքին աւանդեց իր հոգին, կանգ առաւ անոր դաշնակցականի բաբախուն սիրտը, որ վաղուց նուիրուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան:

Սիսի շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն Ճորճ Սապունճեանը բոլորին ծանօթ էր իր խիզախ եւ կտրուկ որոշումներով. երբ ակումբին սրահը մտնէր եւ ժպիտը դէմքին «բարեւ ընկերներ» ըսէր, բոլորն ալ բարձրաձայն կը փոխադարձէին «ահլա ընկեր Ճորճ»-ով: Ակումբի ամէնէն փոքր պատանիէն մինչեւ իր կուսակցական ընկերներն ու ակումբի համակիր տղաքը իրենք զիրենք մօտիկ կը զգային ընկեր Ճորճին: Իւրաքանչիւրը կը սպասէր անոր արտայայտելիք տեսակէտներուն, կարծիքներուն, որովհետեւ կը պատասխանէր բոլորը մտահոգող հարցումներուն:

Կանուխ տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ¬ի շարքերուն, շրջանին մէջ կուսակցական տարբեր պարտականութիւններ ստանձնած է. լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ծառայած էր կուսակցութեան` քաջ գիտնալով, որ իր պատկանած կուսակցութեան ճամբով կրնար իր թաղեցիներուն կարիքները հոգալ:

Ութսունական թուականներուն` իբրեւ կոմիտէի անդամ, ազգապահպանման եւ հայեցի դիմագիծի պահապան եւ ջատագով, Նոր Սիսի  շրջանին մէջ մաս կազմած է իրերայաջորդ Շինարարական յանձնախումբերու, զորս յառաջացուցած է Սիսի «Իշխան» կոմիտէն: Այդ յանձնախումբերուն մաս կազմած անդամներուն անսակարկ նուիրումով եւ ժրաջան աշխատանքով կարելի եղած է 160-է աւելի բնակարաններ եւ խանութներ գնել, ապա զանոնք բնակեցնել կամ վաճառել միայն հայ ընտանիքներու եւ գործատէրերու:

Ընկերոջ համար սկզբունքային հարց էր տիպար հայ եւ տիպար դաշնակցական ըլլալը, ժողովական կեանքին մէջ յանդուգն ու խիզախ որոշումներու անձն էր, անոր նկարագիրին եւ խառնուածքին մէջ երբեք չկար ինքնագովութիւն. ոչինչ կը պատմէր կուսակցութեան մէջ իր ստանձնած տարբեր պարտականութիւններուն մասին: Ակումբի համեստ 75-ամեայ ծառան սիրուած էր իր շրջապատին եւ ճանչցողներուն կողմէ, որոնք միշտ կը փնտռէին ընկեր Ճորճը: Նուիրականութեամբ օժտուած ընկերը իր շուրջիններուն նկատմամբ միշտ յարգանք կը ցուցաբերէր:

Թէեւ վերջին 6 ամիսներուն առողջական հարցեր դիմագրաւեց, այդ պատճառով ալ քանի մը ամիս երկրորդ տունէն հեռու մնաց, բայց եւ այնպէս ապաքինումէն ետք դարձեալ ակումբին մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն էր:

Կորուստդ շատ մեծ է թէ՛ ընտանեկան պարագաներուդ եւ թէ՛ «Իշխան» կոմիտէութեան եւ շրջանի իւրաքանչիւր ընկերոջ համար: Բոլորին ալ կտակ ձգեցիր քու գաղտնապահութիւնդ, աշխուժութիւնդ, նուիրումդ եւ այն գիտակցութիւնը, թէ`

«Դաշնակցութեան ցանած սերմեր,
Տալիս էին նոր յոյսեր»:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկե՛ր Ճորճ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

Հայեացք Եւրոպայէն- Նախագահական Ընտրութիւններու Առթիւ

Յաջորդը

Անթուան Գազեզեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.