Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակ Ի՞նչ Կը Մտածէ Թիւ 1, 2, 3, 4 Ծնող Չեղող Ծնողներու Մասին

February 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթներէ ի վեր հեռատեսիլը եւ լրատուամիջոցները կը խօսին համասեռ ամուսնութիւնը օրինականացնելու, համասեռ ընտանիք կազմելու եւ զաւակ պահելու մասին:

Արմենակ ամէն օր քանի մը անգամ կը հեռաձայնէ: Չի հասկնար: Ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ, կանուխ ծնած է:

Երէկ ըսաւ.

– Հին բառերուն նոր իմաստներ կը տրուին: Փոխանակ ըսելու հայր եւ մայր, պիտի ըսեն թիւ 1  ծնող եւ թիւ 2 ծնող: Օր մըն ալ պիտի ըսե՞ն` թիւ 3 եւ թիւ 4 ծնող: Այս պիտի ըլլայ յանուն հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ ազատութեան:

Այսօր հեռաձայնեց կրկին.

– Հոս բժշկական օգնութեամբ (այսինքն` գնուած սերմերով) զաւակ ունենալ արտօնուած չէ: Այդ մեծ խնդիր մը չէ, ցանկացողը կրնայ Պելճիքա կամ Հոլանտա երթալ եւ անյայտ հայր ունեցող զաւակ ունենալ: Զաւակն ալ պիտի չիմանայ, թէ որո՞ւ բնախօսական շարունակութիւնն է: Այրերն ալ վճարումով կնոջ մը արգանդը կրնան վարձել, որ ծնած զաւակին մայր պիտի չըլլայ: Դեռ միայն կիները կրնան այդպէս զաւակ ունենալ: Պէտք է երեւակայել, որ օր մը միասեռական այրերն ալ պիտի կարենան զաւակ ունենալ… թերեւս կերպընկալ նիւթէ պատրաստուած արգանդ մը կը պատուաստեն անոնց: Առնական կիներն ալ կարելի կ’ըլլայ ձեւով մը ամբողջացնել: Յառաջդիմութիւն:

Արմենակ ջղագրգիռ վիճակ մը ունի: Այս հարցերուն մասնագէտը դարձեր է: Քաղաքական ղեկավարի պէս կը խօսի:

Երեկոյեան կրկին հեռաձայնեց.

– Մակար, ըսէ՛ ինծի, եթէ նոյն մարդուն սերմերը ուրիշ կիներ ալ արգասաւորեն, եւ ծնին աղջիկ մը եւ մանչ, նկատի ունենալով, որ պարագաները պիտի բազմապատկուին, ոչ ոք պիտի գիտնայ, թէ հոս կամ հոն արիւնակից իսկական քոյր եւ եղբայր ունի, հաւանական է, որ իրարու պիտի հանդիպին եւ ամուսնանան: Վարժուած ենք ըսել, inceste, բառարանին մէջ փնտռեցի, գտայ տոհմապղծութիւն: Իսկ օրէնքները միշտ դատապարտած են տոհմապղծութիւնը:

– Նորութիւն պիտի չըլլայ: Եգիպտոսի փարաւոններն ալ իրենց քոյրերուն հետ կ’ամուսնանային: Իմաստուն Պղատոնն ալ առաջարկած էր զաւակները առնել իրենց ծնողներէն, միասին պահել եւ դաստիարակել, որպէսզի ասոր կամ անոր զաւակը չըլլան:

– Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլան` ընտանիքը, ազգերը, տարբերութիւնները:

– Արմենակ, նոր քաղաքակրթութիւն պիտի ծնի: Պատմութեան մէջ եղած են այլ զարտուղութիւններ: Հռոմի կայսր Կալիկուլան ամուսնացաւ իր ձիուն հետ… Աղօթէ՛, որ յաջորդ բարեկարգումը կալիկուլակայական չըլլայ:

– Կը մտածե՞ն, թէ դպրոցին մէջ թիւ 1  ծնող եւ թիւ 2 ծնող (թիւ 3 եւ թիւ 4) ունեցող աշակերտներուն հետ ինչպէ՛ս պիտի վերաբերին հայր եւ մայր ունեցողները: Կացութիւնը «մատի փաթթոց ընող» չարաճիճիները դատարա՞ն պիտի տանին, պիտի բանտարկե՞ն…

– Արմենա՛կ, ապրողը կը տեսնէ:

– Մակա՛ր, գնա՛ հեռատեսիլին առջեւ նստէ, նորատեսակ զաւեշտը դիտէ: Իմաստուն կը դառնաս: Յառաջդիմութիւն կը սորվիս: Հոս ո՛չ Խարբերդ է, ո՛չ Զոնկուլտաք:

Արմենակին ըսի.

– Երէկ կ’ըսէինք «այլասերում», հիմա կ’ըսենք, որ «Նորին վեհափառութիւն յառաջդիմութեան հանդիսատես ենք»: Գալիք սերունդները իրենց վիզը պիտի դնեն զարտուղութեան կիյոթինին տակ, արդէն մերը վիզը կը դնեն, որպէսզի բնականը գլխատուի, իր տեղը տալու համար… Կալիկուլային: Քանի որ երջանկութիւնը նպատակ է, եթէ Կալիկուլան երջանիկ պիտի ըլլայ իր ձիուն հետ ամուսնանալով, ինչո՞ւ զարմանալ… եւ արգիլել:

     Մակար, ի Գաղիա, յամի Տեառն 2013 յունուար

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աւետարանը, «Ցունամի»-ն, Սուրբ Սարգիս

Յաջորդը

Սիվիլիթասը Հրապարակել Է Տարեկան Նոր Զեկոյց. «Երեւանը Պէտք Է Հրաժարուի Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններից»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.