Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվարական Գիտակցութեամբ

February 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Ինչ որ մինչեւ հիմա ապրած է հայ ազգը,  նախնական իր պատմութիւնն է միայն: Ցարդ տեսած ենք բռնատիրութեան, ցեղասպանութեան, իրաւազրկման եւ շահագործման պատմութիւնը: Ապագային մէջ պէտք է յուսալ ու կերտել իրական մեր պատմութիւնը, ուր կեանքը ընկերվարական եւ ժողովրդավարական ամբողջական իմաստ պիտի առնէ:

Եւ այս յոյսի իրականացման մէջ հիմնական դեր ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իր գաղափարական ու յեղափոխական առաջադրանքներով: Գիտենք, որ աշխատաւոր անհատն է խարիսխը ապագայ հայութեան. աշխատաւոր անհատը` ըլլայ գիւղացի, քաղաքացի, արուեստագէտ թէ մասնագէտ, ձերբազատած` շահագործման երեւոյթէն, բանական իր կեանքը ապրող ու բնական պայմաններու մէջ արտադրող: Աշխատաւոր անհատը, որ վերջին հաշուով կը գիտակցի իր շահագործումի պատճառներուն ու ազատագրումի ոստումը առած կ՛ըլլայ կերտելու համար հայ ազգի ապագան:

Մարդկութիւնը մխրճուած է նախնական այս պատմութեան մէջ: Դրամատիրական տրամաբանութիւնն է, որ կ՛իշխէ ու կ՛արդարացնէ գոյութիւն ունեցող շահագործումը, վայրագութիւնները, ոճրագործութիւնները, կայսերապաշտական պատերազմները, որոնք միլիոնաւորներու կեանքին պատճառ դարձած են: Դրամատիրութեան պատմութիւնն է, որ տակաւին կ՛ապրինք, համաշխարհային պատերազմներու, գաղութատիրական շահագործումներու, ցեղասպանութիւններու, սովի, ագահութեան եւ շահագործումի սովորութիւններով: Ճիշդ ասոր համար է, որ Հայաստանի մէջ այսօր սովամահ երեխաներ կան եւ պետական ոչ մէկ միջոց կայ փոխելու համար կացութիւնը: Պետութիւնը ի՛նք շահագործման երեւոյթը պաշտպանող ու ազատական օրէնքներ հաստատող քաղքենի դասակարգին կ՛ենթարկուի: Դժբախտաբար երկիրը պետութեան եւ իշխանաւոր դասակարգին կը պատկանի եւ, հետեւաբար, տակաւին չենք կրնար ըսել ու հպարտանալ, որ հայ սովորական ու աշխատաւոր անհատը ազատ ու անկախ իր հայրենիքը ունի այսօր:

Ժողովրդավարական արդար համակարգը կը հաստատուի աշխատաւորի բարօր ու բնական կեանքին վրայ: Այս իսկ պատճառով ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ յառաջացած յեղափոխութիւնները միայն ժողովրդավարական յաջողութիւն կրնան ունենալ: Աշխատաւորներու զանգուածային մասնակցութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ յեղափոխութեան խաղաղ աւարտին համար: Ասոր համար ալ պատմութեան մէջ զանգուածային մասնակցութեամբ յաջողած յեղափոխութիւնները նուազագոյն արիւնահոսութեամբ ու վայրագութեամբ եղած են: Միայն իշխանաւոր դրամատէրն է, որ վայրագութեամբ կը հակադարձէ աշխատաւորներու զանգուածային շարժումին ու բռնի ուժով կը փորձէ ճզմել ժողովուրդին արդար պահանջները: Յեղափոխութիւններուն մէջ իշխանաւոր դրամատէրն է, որ արիւնահեղութեան պատճառ կը դառնայ:

Դաշնակցութիւնը իր յեղափոխական նկարագրով, ինչպէս նաեւ գաղափարական ու քաղաքական իր հեռանկարով առաջնակարգ դիրքի վրայ կը մնայ երկիրը ժողովուրդին, այսինքն աշխատաւոր զանգուածին վերադարձնելու պայքարին մէջ: Դաշնակցութիւնը, այլ խօսքով, ընկերվարական կուսակցութիւն է, որովհետեւ քաղաքական իր միջավայրը ժողովուրդն է ու իր տեղեկութիւնները կ՛առնէ ժողովուրդէն եւ ոչ թէ իշխանութենէն: Ժողովուրդն է, որ գոյութիւն ունի քաղաքական դաշտին մէջ, տէրն է քաղաքականութեան, սովորական կեանքին եւ բնական զարգացումին: Ընկերվարական առաջադրանքներով առաջնորդուող կուսակցութիւնը ժողովուրդին կը պարտի քաղաքական իր միտքը, ծրագիրները եւ գործունէութիւնը: Դժբախտաբար, սակայն, հայաստանեան իրականութեան մէջ այսօր պատճառներ շատ կան ժողովուրդ-կուսակցութիւն տարանջատման: Հեռու է ընկերվարական կուսակցութիւնը իր ժողովուրդէն:

Այս հեռաւորութիւնը տեսնելը էական է դաշնակցական մտքին համար: Այլ խօսքով, տեսնել, որ ազգային-քաղաքական յղացքը ու պետական-դիւանագիտութիւն ըսուածը հակադիր հասկացողութիւններ են եւ հայ քաղաքական միտքը դժբախտաբար տակաւին չէ կրցած գիտակցիլ այս իրականութեան: Ընդհակառակը, այդ մտքերը տակաւին կը ներկայացուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` կառավարման արդար համակարգի մեկնաբանութիւններուն մէջ:

Քննադատական արագ ու կտրուկ հարուած մը պէտք է` ըսելու համար, որ այս մտքերը ոչ միայն զիրար չեն ամբողջացներ, այլ հակադիր մտքեր են` ըստ էութեան: Ազգային-քաղաքական հասկացողութիւնը չի կրնար նաեւ պետական-դիւանագիտական ըլլալ, մանաւանդ երբ ազատական է համակարգը եւ դրամատիրութիւնն է իշխող տնտեսութիւնը:

Հայ քաղաքական միտքը դիւանագիտութեամբ դաստիարակուած է եւ, հետեւաբար, դժուար թէ անդրադառնայ հայ քաղաքական իրականութեան դառն հարցերուն` թշուառութիւն, անգործութիւն, սովամահ երեխաներ, արտագաղթ, թշնամի շրջապատ եւ քաղքենի իշխանութիւն: Հարցը այդ դառն իրականութիւններուն անդրադառնալը եւ կամ անոնց գոյութիւնը ճանչնալ չէ միայն, այլ` անոնց քաղաքական ենթակառոյցը յստակացնել եւ այդ մակարդակով ծրագիր գործադրել: Ասիկա քաղաքական միտք եւ գործ է դիւանագիտական զբաղումներէն առաջ, ու մանաւանդ` դէպի ընկերվարութիւն անցումային կարեւոր հանգրուան: Հետեւաբար, ընկերվարական կուսակցութեան մը գործն է քաղաքական դասակարգը պայքարի հանել դիւանագիտական դասակարգին դէմ: Իսկ եթէ միջոցը ընտրութիւններն են, եւ ընկերվարական կուսակցութիւնը կը պայքարի իշխանութեան տիրանալու, ապա միայն աշխատաւոր դասակարգի լայն մասնակցութեամբ կարելի է յաջողիլ: Աշխատաւոր դասակարգն է, որ իր շահերը կը տեսնէ ընկերվարական կուսակցութեան ծրագիրին մէջ ու քուէ կու տայ անոր:

Բայց գիտենք, որ Դաշնակցութիւնը չի մասնակցիր նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն: Չի մասնակցիր, ոչ միայն որովհետեւ ընտրութիւնները ազատ կամ արդար չեն ըլլար, այլ որովհետեւ այս ընտրութիւնները պարզապէս ժողովրդավարութեան պատրանքը կը ստեղծեն: Ազատական միջավայրի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն իշխանաւորն է, որ վերջին հաշուով կ՛ընտրուի, կամ կը վերընտրուի` շահագործելու համար զինք ընտրողները: Քուէարկութիւնը կը ծառայէ միայն իշխող դասակարգին: Ազատական համակարգի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւնները պարզապէս կը հաստատեն ու կ՛իրաւականացնեն աշխատաւոր դասակարգին շահագործումը: Դրամատէրին շահն է, որ կը հաստատուի այսպէս կոչուած ընտրութիւններուն ու օրէնքի իշխանութեան մէջ:

Դժբախտաբար շահագործուած անհատն ալ յաճախ դրամատիրութիւն կը գովէ: Յոյս կը կապէ հաստատուած համակարգին եւ կը դժկամի պայքարիլ փոփոխութեան համար: Չի գիտակցիր շահագործման երեւոյթին, պատճառներուն, գողցուած իր իրաւունքներուն: Չ՛անդրադառնար, որ գողը եւ դրամատէրը շատ տարբերութիւն չունին իրարմէ: Այդ գիտակցութիւնը արդէն առաջին քայլն է համակարգային փոփոխութեան, եւ ընկերվարական կուսակցութիւն մը միայն կրնայ քաղաքական դպրոցը ըլլալ այդ գիտակցութեան:

 

 

Նախորդը

Հալէպին Եւ Հալէպով

Յաջորդը

Ճատրակ. Մոսկուայի Բաց Մրցաշարքին Կը Մասնակցին Շուրջ 1600 Խաղացողներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.