Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՐՈՅՑ ՀԱՅՐԵՆԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՎԻԳԷՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ. «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ` ԶՈՅԳ ԵԼՈՅԹՆԵՐՈՎ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ

May 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն (Հ1) ներկայացուող «Երգ երգոց» ծրագիրը երեքշաբթի, 10 եւ չորեքշաբթի, 11  մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի ներկայացուի Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ այս ծրագիրներու բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ «Երկու աստղ»ի մտայղացման տէր ու բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանի հետ, որ մեր հարցումներուն պատասխանելով նախ անդրադարձաւ «Երկու աստղ»ին, որ ձեւով մը ճամբայ բացաւ «Երգ երգոց»ին Լիբանան հրաւիրուելուն:

Վ. Ստեփանեան նշեց, որ «Երկու աստղ»ը անցեալ տարի իրականացաւ Լիբանանի մէջ եւ ինք ալ չէր ակնկալեր, որ այնքան մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ ու այնքան բարձր որակ կ՛ունենայ: «Պատկերասփիւռի ծրագիր է «Երկու աստղ»ը, որ աշխարհով մէկ կը ներկայացուի. ես` իբրեւ բեմադրիչ, մտածեցի այս ծրագիրը բերել բեմ, անշուշտ ձեւը եւ կարգ մը տուեալներ պիտի փոխուէին, «էս. էմ. էս.»ներով քուէարկութեան պարագան պիտի չըլլար եւ այդ աշխատանքը պիտի վստահուէր միայն դատական կազմին: Բաւական սուր մրցակցութիւն ալ կար, մանաւանդ որ երգերը բեմադրեցինք, երգերուն իմաստին համեմատ իւրաքանչիւր երգ փոքրիկ ներկայացում մը դարձաւ: Մեր պայմաններու սահմաններուն մէջ կատարեցինք այս աշխատանքն ու իրականացուցինք ծրագիրը` լսելին նաեւ տեսանելի դարձնելով: Բեմին վրայ ստեղծուեցաւ անմիջականութիւն մը, նաեւ շնորհիւ հաղորդավարներուն», հաստատեց բեմադրիչը:

Վ. Ստեփանեան նշեց, որ յաղթողները Հայաստան տանելու միտումով ան հանդիպած է Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի նախագահ Ալեքսան Յարութիւնեանի հետ եւ անոր համաձայնութիւնը ձեռք ձգած է, որպէսզի յաղթողները մեկնին եւ մասնակցին «Երգ երգոց»ին: «Այդ ելոյթը շատ մեծ արձագանգ ձգեց եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այլ գաղութներու մէջ եւս: Իմ կարծիքովս, այդ ծրագիրը ապագայ ունեցող ծրագիր է: Երբ «Երգ երգոց»ին մասնակցեցան «Երկու աստղ»ին յաղթողները, իսկապէս անսպասելիօրէն լաւ էր ընկալումը, անոնք շատ պատշաճ որակը ապահովեցին. վստահ էի, որ լիբանանցիները լաւ պիտի ներկայացնէին, սակայն իմ ակնկալածէս շատ աւելի լաւ կերպով հանդէս եկան: Հոն` յայտագիրի ընթացքին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ «Երկու աստղ»ի յաղթողներուն եւ «Երգ երգոց»ի մասնակիցներուն կ՛ընկերանար, հրապարակաւ հրաւիրեց «Երգ երգոց»ը Լիբանան գալու: Կազմին հետ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Հայաստանէն եկողները ներկայացնեն իրենց երգերը, ինչպէս նաեւ մէկական զուգերգ` լիբանանահայ երգիչներուն հետ: Էական է այն, որ երկու օրուան համերգները երկու տարբեր յայտագիրներ կ՛ընդգրկեն. առաջինը` մեր սիրուած երգերը, իսկ երկրորդը` Հայաստան-սփիւռք կապը արտացոլող: Բաւական մեծ աշխատանք կատարած են Արթուր Յակոբեան եւ իր նուագախումբը, որովհետեւ երկու համերգային անջատ յայտագիրներ պատրաստուած են: Այդ խօսքը դարձաւ իրականութիւն, լոկ խօսք չմնաց եւ մենք «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ հաճոյքը պիտի ունենանք լսելու մեր երգիչները, իսկ իմ պարտականութիւնս է այս բոլորը ճիշդ բեմադրել, ճիշդ դասաւորել, որպէսզի համերգին ընթացքը հեզասահ թափով ընթանայ», նշեց Վ. Ստեփանեան:

«Երգ երգոց»ին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Վարդան Պատալեան, Աննա Խաչատրեան, Արմէն Դարբինեան, Ռուզան Անդրէասեան, անոնց կ՛ընկերակցի նուագախումբը` Արթուր Յակոբեանի ղեկավարութեամբ: Խումբին հետ է նաեւ «Երգ երգոց»ի հանդիսավարը` Խորէն Լեւոնեան, որ նաեւ պիտի վարէ յայտագիրը:

Համերգներուն հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լիբանանի «Երկու աստղ» երգի մրցումի մասնակիցներէն Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճեմեան, Կարօ Ակոբեան, Իվոն Այվազեան եւ Լուսին Տեմիրճեան:

Նման համագործակցութիւններու կարեւորութեան անդրադառնալով` Վ. Ստեփանեան յայտնեց. «Երգը շատ կարեւոր կամուրջ մըն է, անմիջական շփումը, բարեկամական կապեր ստեղծելը շատ կարեւոր են, իսկական բարեկամութիւնը այդպէս կը ստեղծուի, եւ թէ՛ լիբանանահայերը եւ թէ՛ հայաստանցիները արդէն պատրաստ են իրական բարեկամական կամուրջը իրենց ձեռքերով կերտելու: Այս ծրագիրները նաեւ առիթ են մէկզմէկու աւելի լաւ ճանչնալու, իրական բարեկամներ դառնալու եւ հետագային աւելի հետաքրքրական ու լայն դռներ բանալու նպաստելու: Երբ մենք «Երկու աստղ» ծրագիրին իրականացման սկսանք, չէինք գիտեր, որ կարելի պիտի ըլլայ Հայաստան երթալ, «Երգ երգոց»ին մասնակցիլ, իսկ երբ հոն էինք, չէինք գիտեր, որ այդ ծրագիրը Լիբանանի մէջ պիտի ներկայացուի, ասկէ ետք չենք գիտեր ի՛նչ ճամբաներ կան, սակայն կը յուսանք, որ բոլոր ճամբաներն ալ նպաստեն մեր բարեկամական ու մշակութային կապերու զարգացման»:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՓՈՔՐԻԿ ԱՍՏՂԵՐ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Յաջորդը

ՍԷՈՒՏՑԻ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ԵԼԼԵԼՈՒ ԻՍԼԱՄ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿՈՉԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.