Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնութիւն Եւ Մարդ. Թռչուններու Համագումարը

January 28, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՅՈՅՍՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՅՈՊՈՊ ԹՌՉՈՒՆ ՄԸ Ի՞ՆՉ ԿԱՊ ԿՐՆԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ԽՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ: «ՊՐԷՅՆ ՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԳՈՂՏՐԻԿ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ՄԸ` ՆԿԱՐԱԳՐԵԼՈՎ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՍՈՒՖԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ:

Իբրեւ սիրահար մը մանկական գրականութեան, որ կը պարունակէ անժամանցելի փիլիսոփայութիւն մը` չափահասներու համար, ինչպէս նաեւ սիրահար մը` մանկական գրեթէ անծանօթ գիրքերու, որոնք գրի առնուած են չափահասներու գրականութիւն մշակած հեղինակներու կողմէ, հազուադէպ հաճոյք մը կ՛ապրիմ, երբ կը հանդիպիմ ճիշդ հակառակին: Այսինքն` չափահասներու համար գրուած բանաստեղծական գիրքերու, որոնց հեղինակները մանկական գրականութեան պաշտելի հեղինակներ են: Նման օրինակ մըն է «Տը քանֆըրընս աֆ պըրտծ» (թռչուններու համագումար) գիրքը, որ կը պատկանի մանկական գրականութեան սիրուած եւ բեղուն չեխ հեղինակ Փիթըր Սիսի: Քնարերգական եւ սիրտ ջերմացնող պատմութիւնը պատշաճեցում մըն է 12-րդ դարու սուֆի դիւցազներգական բանաստեղծութեան մը, որ կը կրէ նոյն վերնագիրը: Անիկա կը սկսի յուզական քարտէս մը յիշեցնող բնաշխարհի մը մէջ. 30 թռչուններ` յոպոպի մը առաջնորդութեամբ կը ձեռնարկեն ուղեւորութեան մը` անցնելով Փնտռտուքի, Սիրոյ, Հասկացողութեան, Բաժանումի, Միութեան, Զարմանքի եւ Մահուան հովիտներէն` փնտռելով իրենց ճշմարիտ թագաւորը` Սիմորկը:

Խորքին մէջ պատկանելիութեան եւ դէպի ներքին հաստատ ամրութեան վերադարձի պատմութիւն մըն է, որ կը զարգանայ, մինչ հերոսները` իւրաքանչիւր թռչնազգիի պատկանող թռչունները կ՛ոչնչանան կամ կը յարատեւեն, իրենց ճակատագրական ուղեւորութեան ընթացքին ի վերջոյ ի յայտ բերելու համար, թէ իրականութեան մէջ իրենցմէ իւրաքանչիւրը Սիմորկն է, ինչպէս նաեւ` իրենց ամբողջութիւնը: Գեղեցիկ այլաբանութիւն մը` մարդկային գեղեցիկ ճշմարտութեան մը, որ նուրբ եւ միաժամանակ ոգեշունչ երանգ մը կը ստանայ Սիսի պատկերազարդումներուն մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երեսուն թռչուններու խումբ մը,
Յոգնած, ջարդուած եւ պաշարուած,
Հազիւ թռելու կարող`
Ամէն ճիգ կը թափէ ճամբայ չելլելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յոպոպը կ՛ըսէ.

«Թռչուննե՛ր,
Տեսէ՛ք, թէ ինչ տագնապներ կան մեր աշխարհին մէջ.
Անիշխանութի՛ւն, դժգոհութի՛ւն, իրարանցո՛ւմ:
Կատաղի կռիւներ կը մղուին հողի, ջուրի եւ ուտելիքի համար:
Օդը թունաւորուած է, ուրախութիւնը` չքացած:
Վախնամ կորսուած ենք, պէտք է բան մը ընենք:
Ես տեսած եմ աշխարհը, գիտեմ շատ գաղտնիքներ:
Լսեցէ՛ք. գիտեմ թագաւոր մը, որ ունի բոլոր պատասխանները:
Պէտք է երթանք եւ գտնենք զայն»:

«Այս թագաւորը իրական է,
Նոյնքան մօտ է մեզի, որքան մենք հեռու ենք իրմէ:
Անունը Սիմորկ է,
Կը բնակի Քաֆ լերան վրայ:
Երթանք` գտնենք զայն»:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1963)

Յաջորդը

Բնութիւն Եւ Մարդ. Կատուի Մը 200 Մղոն Ետդարձը Դէպի Տուն` Հարցականներ Կը Ստեղծէ Գիտնականներու Ուղեղին Մէջ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.