Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Երուսաղէմի հայոց նորընտիր պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին հետ եւ շնորհաւորեց իր ընտրութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան միջեւ յատուկ գործակցութիւն եղած է միշտ եւ վստահաբար վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուի այդ գործակցութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներուն միջեւ ներքին միասնականութիւնը եւ ամբողջական գործակցութիւնը գործնապէս արտայայտուի հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ:


