Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլը, որուն կ՛ընկերակցէր մարզական լրագրող Հասսան Մուհիէտտին:
Նախարար Քարամէի դէմ նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մահափորձը դատապարտելէ ետք Խալիլ` անդրադառնալով 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին ձեռք ձգած յաջողութեան, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նախարարին, առ ի երախտագիտութիւն անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը:
Հանդիպումին աւարտին Խալիլ նախարարը տեղեակ պահեց Մարաթոնի միութեան 2013-ի ծրագիրներուն մասին:
Այլ գետնի վրայ, նախաձեռնութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող «Վըրճըն Մեկասթոր» վաճառատան մէջ տեղի ունեցաւ 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին լաւագոյն լուսանկարին ընտրութիւնը: Այս մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ գտնուող 17 համալսարաններու 37 երկսեռ լուսանկարիչներ:
Անոնց մէջէն առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին հետեւեալ անձերը.
1.- Հորաա Այուպ (Անթունիէ)` երկու հազար ամերիկեան տոլար
2.- Միրիամ Պուլոս (լիբանանեան Ակադեմիա) Էլ. Ի. Տի. 32′ ինչ պատկերասփիւռ
3.- Մազեն Սաատէ (Պէյրութի արաբական համալսարան) «Սամսունկ-Էս.-3»:


