Ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկ վերջերս իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին (Օփրա Ուինֆրիտի հետ) խոստովանած է, որ արգիլեալ խթանիչ դեղեր իսկապէս գործածած է, որպէսզի բարելաւէ իր արդիւնքները:
Ան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ խթանիչ դեղեր գործածելը քիչ մըն ալ աւելիով սկսած է, երբ զգացած է, որ հեծելարշաւի աշխարհին մէջ անոր դէմ պայքարը` միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ, այդքան ալ բարձր մակարդակի չէ եղած:
«1999-էն սկսեալ, երբ սկսայ լաւ արդիւնքներ արձանագրել, զիս գրեթէ չեն քննած: Շատ հաւանաբար, քննութիւններու ենթարկուած եմ հազիւ մէկ կամ երկու անգամ, այդ ալ մրցաշարքի մը ընթացքին: Գրեթէ անկարելի է եօթը անգամ տիրանալ «Թուր տը Ֆրանս»-ին` առանց խթանիչ դեղեր գործածելու», ըսած է Արմսթրոնկ:


