Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հայութեան Աջակցութիւնը Առաջնահերթ Տեղ Գրաւեց Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունեցած Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Առաջնորդներու Հանդիպումին

January 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին երեք օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ` հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդներուն հետ` հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:

Կրօնական Ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ վարժարաններու, երիտասարդական, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն կատարած աշխատանքները անցնող ամիսներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ծրագիրները: Քննարկումի նիւթ դարձան հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն հետ Ս. աթոռին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան աշխատանքներուն ընթացքը: Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան դպրեվանքը, քահանայից դասընթացքը եւ քահանայից վերաորակաւորման գծով կատարուած նախաձեռնութիւնները: Զեկուցումներու եւ քննարկումներու լոյսին տակ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին ու ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն առնչութեամբ: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ շեշտեց, որ «կատարուածով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ ձգտիլ աւելիին, լաւագոյնին, ամբողջականին: Եկեղեցին կոչուած է ընդառաջել մեր ժողովուրդի կարիքներուն եւ սպասումներուն, որոնք այլազան են ու բազմազան»:

Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը իր կարգին նախ եւ առաջ քննարկեց յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային ընդհանուր ժողովին առնչուած հարցեր: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղը: Ճշդուեցաւ կաթողիկոսարանի 2013-ի ընթացիկ նախահաշիւ պիւտճէն` 2012-ին իրագործուած պիւտճէին վաւերացումէն ետք: Ընդհանուր ակնարկ մը նետուեցաւ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն`յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած: Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը թեմերուն հետ աղերս ունեցող կարեւոր հարցերուն, ապա շուրջ չորս տարիներ առաջ ճշդած իր աշխատանքային ծրագիրին վերարժեւորումը կատարեց:

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ժողովական աշխատանքներուն երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Սոյն հանդիպման ընթացքին, լայն քննարկումի եւ խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով տարուող աշխատանքները, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, ինչպէս նաեւ Ազգային ընդհանուր ժողովը: Վերոյիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց ժողովականներուն` միաժամանակ պարզելով մեր Ս. աթոռին տեսակէտները, մտահոգութիւնները եւ սպասումները:

Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը թէ՛ Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն եւ թէ առաջնորդներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւս առաջնահերթ տեղ գրաւած էր: Այս առիթով նախ կարդացուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան սրբազանին ընդարձակ զեկուցումը` կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն շուրջ: Նշենք, որ սրբազանը չէր կրցած այս ժողովներուն ներկայ գտնուիլ` Հալէպի օդակայանի փակման պատճառով: Ապա վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր թեմերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի  պետութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ այն բոլոր գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն, որոնք օժանդակած էին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառը յայտնեց, որ կաթողիկոսարանին կողմէ ցարդ ստացուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարին մեծագոյն մասը արդէն փոխանցուած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարան: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով կոչ ուղղեց թեմակալ առաջնորդներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որ նո՛յն ոգիով շարունակեն իրենց աջակցութիւնը օժանդակելու սուրիահայութեան կարիքներուն:

Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներու եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ յառաջիկային տեղի ունենալիք եպիսկոպոսաց ժողովին գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուեցան Օշական արքեպիսկոպոսին եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսին կողմէ, որոնք անդամ են յիշեալ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն լծուած յանձնախումբին: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողով մը գումարելու հրամայականը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութիւնը:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման աշխատանքներուն ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ գումարուող 100-ամեակի համահայկական յանձնախումբի ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն: Ապա ան շեշտեց սփիւռքի եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն մէջ միասնական ոգիով, ծրագրուած աշխատանքով ու պահանջատիրական կեցուածքով 100-ամեակը նշելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Ազգային ընդհանուր ժողովին ու Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղին, սփիւռքի մարդուժին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան հետ կապ ունեցող խնդիրներ:

Նախորդը

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Պետրոսեան Իր Մօտ Պահեց Տիտղոսը

Յաջորդը

Հայաշատ Հալէպը Աշխարհէն Կտրուած Է. Սուրիական Օդանաւային Ընկերութիւնը Այսօր Փոխան Երեւան – Հալէպ Թռիչքին Երեւան – Լաթաքիա Թռիչք Մը Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.