Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. «Ինչ Է Գրուել Իրանում Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» (Հեղինակ` Արմինէ Կարապետեան-Գունտագճեան

January 21, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այն օրերուն, երբ 2012 տարին կը պատրաստուէր մայր մտնել, Երեւանի «Լուսաբաց» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Արմինէ Կարապետեան-Գունտագճեանի «Ինչ է գրուել Իրանում Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին» հատորը, որ ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է եւ նոր ներդրում մը` Հայ դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ:

Մասնագիտութեամբ քիմիագէտ, սակայն հոգիով ու խորքով մեզ տագնապեցնող հարցերու հետամուտ Արմինէ Գունտագճեանը վերջին տարիներուն ձեռնարկած է ուսումնասիրական աշխատանքի, եւ ահա ընթերցողին ու Ցեղասպանութեան ծալքերով հետաքրքիրներուն կը ներկայացնէ եռալեզու հատոր մը: Նախորդ գործը լուսարձակի տակ առած էր պատմական պայմաններու բերումով քիչ քննարկուած վէրք մը` ստալինեան տարիներուն հայրենադարձներուն վիճակուած տառապանքները. «Հայրենադարձների բռնաճնշումները ստալինեան ժամանակաշրջանում» հատորը (2010) վաւերագիրներու պեղումով ու մէկտեղումով կազմուած գործ մըն էր. երկրորդը լուսարձակը կը կեդրոնացնէ Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններու վրայ: Խորագիրէն իսկ կարելի է հետեւցնել, թէ հատորը կը բովանդակէ մամուլէն քաղուած պատառիկներ, ինչպէս նաեւ` յուշագրական գրութիւններէ քաղուած բաժիններ:

Հատորը, որ կը տարածուի 260 էջերու եւ յաւելեալ էջի մը վրայ, բաժնուած է երեք գլխաւոր մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը քաղուած նիւթերը կը ներկայացնէ հայերէնով, անգլերէնով ու պարսկերէնով:

Հեղինակը հատորը կը բանայ բացատրական յառաջաբանով մը (հայերէնէ, անգլերէն ու պարսկերէն), ուր լուսաբանութիւն կու տայ հատորի արարման պատճառներուն մասին: Այնուհետեւ, քաղուածքները կը մարմնաւորուին երկու գլխաւոր բաժիններով. առաջին բաժինին մէջ տեղ գտած են իրանեան մամուլէն քաղուած եւ առաւելաբար օրուան լուրերէն մէջբերուած գրութիւններ: Այս տեղեկութիւնները չեն սահմանափակուած նոյնինքն Ցեղասպանութեան տարիներով, այլ կը տարածուին 1904-էն մինչեւ 1920 տարիները: Տարբեր օրաթերթերու մէջ տրուած լրատուական տեղեկութիւնները վկայութիւններ են` կազմակերպուած ու միտումնաւոր ջարդերու, հալածանքներու եւ բռնի տեղահանութիւններու մասին. եւ ինչպէս գիրքը կազմողը կը նշէ, այդ թերթերէն մէկ քանին կը նկատուին Թուրքիոյ նկատմամբ դրական տրամադրութիւն ունեցող հրատարակութիւններ: Այս բաժինը, ինքնին, Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններ հաւաքող պատմաբանին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հետաքրքիր ընթերցողին կ՛ընծայէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ:

Թերթերէն քաղուած լրատուական պատառիկներուն կը յաջորդէ ամբողջ բաժին մը, որ քաղուած է իրանցի չորս դէմքերու յուշերէն եւ ուսումնասիրութիւններէն: Անոնք կը կոչուին Մոհամետ Ալի Ճեմալզատէ, Ռեզա Տիւանպեկի, Իսմայիլ Ռային եւ Թուրաճ Փարսի: Այս բաժինը կազմուած է յիշեալ գրողներուն յուշագրական գրութիւններուն մասին բացատրութիւններով ու անոնցմէ կատարուած լայն քաղուածքներով, վերջինին հրատարակած ուսումնասիրական յօդուածին մասին ակնարկութիւններով:

Եռալեզու ըլլալու հանգամանքը այս հրատարակութեան կու տայ միաժամանակ այս երեք լեզուներուն ծանօթ ընթերցողներու լայն զանգուածի մը հասնելու արժանիքը:

260-րդ էջէն ետք կատարուած մէկ էջնոց յաւելումով հեղինակը կարճ բացատրութիւն մը կու տայ, թէ ինչո՛ւ Ցեղասպանութեան մէջ Թուրքիոյ պետութեան պատասխանատուութիւնը պէտք չէ նուազագոյն չափով նօսրացումի ենթարկել` ոճիրին մէջ անոր իբրեւ մեղսակից յառաջ բերելով գերմանները, անգլիացիներն ու հրեաները: Լուսարձակի տակ կը բերուի այն իրականութիւնը, որ հայութեան հայրենիքին բռնագրաւումն ու ժողովուրդին բնաջնջումը հետապնդող Թուրքիան 1915-էն շատ առաջ որդեգրած էր հակահայ քաղաքականութիւն:

 

Նախորդը

Յուշատետր. Վահան Տէրեան (Տէր Գրիգորեան, 1885-1920). Սիրոյ Եւ Մթնշաղի, Թախիծի Եւ Նայիրեան Անուրջի Անզուգական Քնարերգակը

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Կեանքի Տպաւորիչ Վկայութիւններ»-Էն Մէկը…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.