Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բազկերակի Շօշափո՞ւմ, Թէ՞ Վերաշխուժացում

January 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Այս ամսուան սկիզբը Սպիտակ տան կայքէջին վրայ զետեղուած էր դիմումնագիր մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բանալու` առնուազն սուրիահայերուն դիմաց: Արշաւին զուգահեռ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆերն Քոնկրեսի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին կը յայտարարէր, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պէտք է բացուի, իսկ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութենէն` անդրադառնալով վերոնշեալ արշաւին ազրպէյճանական 1news.az կայքէջին կը յայտնէին. «Մենք Թուրքիոյ խորհրդարանին կոչ կ՛ուղղենք` կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնելու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող արձանագրութիւնները» եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու ձեռնարկել քայլերու ` «դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման եւ սահմանի բացման ուղղութեամբ»: Մինչ Սպիտակ տան կայքէջին վրայ դիմումին զետեղման նախաձեռնողները անծանօթ կը մնան, վերոնշեալ իրողութիւնները մտածել կու տան, որ այդ դիմումը կարելի է զետեղել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները իրենց սառեցուած վիճակէն դուրս բերելով վերստին շրջանառութեան մէջ դնելու արշաւի մը ծիրին մէջ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Իւնալ վերջերս պատասխանելով այդ արշաւին յայտնեց, որ «թուրք ժողովուրդը, իր նախնիներէն ժառանգուած խղճմտանքի բերումով, նեղ կացութեան մատնուածներուն կ՛օժանդակէ առանց խտրութիւն դնելու անոնց կրօնին, ցեղին կամ ազգային ծագումին միջեւ: Ասիկա աւանդութիւն մըն է»: Արդեօք ան նախնիներ ըսելով Թալէաթի՞, Էնվերի՞, թէ՞ կարմիր սուլթանին կ՛ակնարկէր: Եթէ Իւնալի այս խօսքին նպատակը մտավախութիւնները փարատելն է, ապա նշենք, որ այդպիսի «խղճամիտ» նախնիներէն եկած «աւանդութեան» մը ակնարկելը խիստ անտեղի է եւ սպառնական խօսքի համազօր : Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս հաւատալ թրքական իշխանութեանց այն հաւաստումին, թէ իրենք սուրիացի գաղթականներուն կ՛օժանդակեն առանց կրօնի, ցեղի կամ ազգային ծագումի հիմամբ որեւէ խտրութեան, երբ իրենց համաքաղաքացիներուն նկատմամբ այդպիսի խտրականութիւն կը կիրարկեն:

Իւնալ նաեւ անամօթաբար կ՛ըսէ, որ «վերջին անգամ ալ Թուրքիա ամէն դիւրութիւն ցոյց տուաւ, որպէսզի իր հողերուն վրայէն փոխադրուին սուրիահայերուն համար ղրկուած օժանդակութեան նախանիւթերը»: Եթէ Երեւանէն դէպի Հալէպ ուղղուող եւ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւերուն Էրզրում էջք կատարել պարտադրելն ու ժամերով խուզարկելը թրքական արժէչափերով դիւրութիւն ընծայել կը նկատուի, ապա քաղաքակիրթ աշխարհին մօտ ատիկա ժխտական արարք մըն է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Զաման» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հայաստանի սահմանը բանալու առաջարկը ընդունելի չէ, ինչ որ նախատեսելի հակազդեցութիւն մըն էր: Կը մնայ տեսնել, թէ Սպիտակ տան կայքէջին վրայ դիմումի զետեղումը պարզապէս «բազկերակ շօշափելու» հերթական քայլերէն մէ՞կն է, թէ՞ այդ հարցը իրապէս վերաշխուժացնելու նախաքայլ մը:

 

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնը Կը Պարգեւատրուի Միջազգային Չափանիշներու Համապատասխանող Իր Ծառայութիւններուն Համար

Յաջորդը

«Ազդակ-Բացառիկ»-ի Շնորհահանդէսը` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.