Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարի Թեկնածուն Պարտաւոր Է Ներողութիւն Խնդրել Ամերիկահայերէն

January 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քաղաքական մեկնաբաններուն մեծ մասը կը նախատեսէ, որ նախագահ Օպամայի կողմէն իբրեւ պաշտպանութեան յաջորդ նախարար առաջադրուած թեկնածուն` նախկին ծերակուտական Չաք Հակըլը այդ պաշտօնին վրայ հաստատման առիթով վիճելի քննարկումներ տեղի ունենան զինուած ուժերու յանձնաժողովին, ապա ծերակոյտի լիագումար նիստին ընթացքին:

Ծերակոյտի մէջ գտնուած իր 12 տարիներու ընթացքին հանրապետական Հակըլ արդէն իսկ վիրաւորած է բազմաթիւ ընտրողներ, ներառեալ` իր հարազատ կուսակցութեան պահպանողական ծերակուտականները, ինչպէս նաեւ` հրեայ ամերիկացիները, ամերիկահայերը, քուպայական ծագում ունեցող ամերիկացիները եւ միասեռականները: Իր քննադատները հանդարտեցնելու եւ ծերակոյտի հաստատումը ապահովելու նպատակով ծերակուտական Հակըլ վերջին օրերուն զբաղած էր հերքումներ տարածելով եւ տարբեր խումբերէ ներողութիւններ հայցելով:

Հրեայ ամերիկացիները Հակըլի թեկնածութեան առաջադրման մասին լսելով` խստօրէն քննադատած են զայն Իրանի հանդէպ մեղմ եւ Իսրայէլի հանդէպ կոշտ ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ` անոր այն արտայայտութեան համար, թէ` «հրէական լոպին» Միացեալ Նահանգներու մէջ «բազմաթիւ անձեր» կը սարսափեցնէ:

Ծերակուտական Հակըլ 7 յունուարին «Տը Լինքոլն Ճըռնըլ սթար» թերթին ճամբով պատասխանած է վերոյիշեալ արտայայտութիւններուն` ըսելով, որ իր կեցուածքները կը փաստեն, որ ցուցաբերած է «աներկդիմի, ամբողջական աջակցութիւն Իսրայէլին» եւ տնտեսական խիստ պատժամիջոցներու կիրարկում` Իրանի դէմ: «Կասկածի նշոյլ անգամ չկայ, որ ես հակաիսրայէլական եմ, իսկ (ծերակոյտի) որեւէ քուէարկութիւն չէ վնասած Իսրայէլի», թերթին ըսած է Հակըլ:

Թեկնածուն նաեւ հրաժարած է 1998 թուականին իբրեւ դեսպանական թեկնածու առաջադրուած Ճէյմս Հորմըլին, որուն ան անուանած էր «բացայայտ, կռուազան միասեռական», դէմ ըլլալէ: Նախորդ շաբաթ ան ներողութիւն խնդրած է միասեռականներու իրաւունքներու պաշտպան խումբերէն`  նշելով, որ իր նախկին արտայայտութիւնները «անզգուշ» եղած են:

Բայց եւ այնպէս, պաշտպանութեան նախարարական թեկնածուն տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր շատ անզգուշ ակնարկութիւններուն համար:

2 յունիս 2005-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ծերակուտական Հակըլ իր առարկութիւնը արտայայտած է Քոնկրեսի մէջ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին վերաբերեալ. «Պատմաբաններ եւ ուրիշներ պէտք է զբաղին այս հարցով: Սակայն չեմ կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այս կամ այլ ձեւով պէտք է միջամուխ ըլլայ այդ խնդիրի մէջ` բանաձեւով կամ այլ միջոցով: Ինչ որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներէն մէկը` ես կը կարծեմ, որ այս հարցի լուծման լաւագոյն ճանապարհը զայն պատմաբաններուն եւ այլոց բաց քննարկման յանձնելն է, անոնք կը պարզեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ ինչո՛ւ»: Ճիշդ ա՛յս է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողական վարչակարգին դիրքորոշումը:

Շարունակելով` ծերակուտական Հակըլ հայ լրագրողներուն ըսած է. «Հարցը այն է, որ այս տարածաշրջանը պէտք է յառաջանայ: Պէտք է մնայուն խաղաղութիւն գտնենք Թուրքիոյ ու Հայաստանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներուն միջեւ: Ես չեմ կարծեր, որ անցեալին նայելով եւ գործելով այնպէս, որ այս կամ այն կողմը այդպիսով վատ դրութեան մէջ գտնուի, պիտի օժանդակէ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ տանելուն»: Այս մեկնաբանութիւնները պարզապէս նպատակ ունէին քողարկելու Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ոճրագործութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծերակուտական Հակըլի յայտարարութիւններուն ընդմէջէն կարելի է յստակ կերպով տեսնել անոր հիացմունքը թրքական հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի նկատմամբ, որ շարունակած է նախորդ վարչակարգին նախաձեռնած ցեղասպանութիւնը:  Զարմանալի չէ, որ Միացեալ Նահանգներու  «Աթաթուրք» ընկերութիւնը 19 մայիս 2005-ին ծերակուտական Հակըլին նուիրած էր «Աթաթուրք»  ընկերութեան ղեկավարութեան մրցանակը, անոր Հայաստան կատարելիք այցելութենէն միայն երկու շաբաթ առաջ, սատարելով Հայոց ցեղասպանութեան հարցով թրքական կառավարութեան ունեցած դիրքորոշման:

«Հիւրրիյէթ» թերթը կը մէջբերէ ծերակուտական Հակըլի 2008 թուականի ելոյթէն, ուր ան հետեւեալ մեծապէս գովասանական յայտարարութիւնը կատարած է ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիրին մասին. «Աթաթուրքը 21-րդ դարու ամէնէն արժէքաւոր ղեկավարներէն մէկն է: Միացեալ Նահանգներու երեխաները այս մեծ առաջնորդին մասին բան չեն գիտեր: Անոր մասին երեխաներուն պէտք է դասաւանդել դպրոցներուն մէջ եւ գրել պատմութեան դասագիրքերու մէջ: Աթաթուրքը առաջնակարգ դեր խաղացած է ներկայ աշխարհի ձեւաւորման մէջ»:

Էտըմ Քրետոն, «Ուաշինկթըն ֆրի պիեքըն» թերթի մէջ հրապարակած է` «Չաք Հակըլ հայկական հարց ունի» խորագիրը կրող յօդուած մը, որուն մէջ կը մէջբերէ խօսքերը ամերիկահայերու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, որոնք մեծապէս մտահոգ են Հակըլի առաջադրումէն: Ստորեւ` անոնց յայտարարութիւններէն քանի մը հատը.

– «Մենք կը շարունակենք մտահոգ մնալ նախկին ծերակուտական Հակըլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Անգարայի «բերան փակելու» քաղաքականութիւնը ընդունելով ամերիկեան անկեղծ վերաբերումին նկատմամբ», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

– «Մենք կ’ակնկալենք հաստատման խիստ գործընթաց, որ նաեւ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ծերակուտական Հակըլի` ուղղակիօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի:

– «Ողջակիզման նախօրէին Հիթլեր ծաղրանքով հարց տուած է. «Այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»: Ակնյայտ է` ոչ Չաք Հակըլը», ըսած է Ողջակիզումի ուսումնասիրութեան «Տէյվիտ Ս. Ուայմըն» հիմնարկի տնօրէն Ռաֆայէլ Մետոֆ:

– «Ամօթալի է այն, ինչ որ Չաք Հակըլ ըսած է Հայաստանի մէջ 2005 թուականին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` թուրքերու կողմէ հայերու ցեղասպանութեան մասին», ըսած է Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յիշատակի թանգարանի նախկին տնօրէն Ուոլթըր Ռէյչ: «Անոր հաստատման վերաբերող յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին ծերակուտականները պէտք է այս առնչութեամբ դէմ յանդիման գան անոր հետ` ակնկալելով, որ ան պիտի անդրադառնայ անոր»:

– «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման Հակըլի դէմ ըլլալը «կը մատնէ բարոյական ղեկավարութեան ցնցող բացակայութեան մասին», յայտարարած է Ֆորտհամի համալսարանի իրաւաբանութեան փրոֆեսէօր Թեն Ռոզընպաում:

Եթէ ծերակուտական Հակըլ ներողութիւն չհայցէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած իր «անզգուշ» մատնանշումներուն համար, այն ատեն ամերիկահայերը պէտք է կոչ ուղղեն ծերակոյտին` արգիլելու անոր հաստատումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

 

Նախորդը

«Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» (Խմբագրեց` Բիւզանդ Եղիայեան) (Վերահրատարակութիւն)

Յաջորդը

Մտորումներ. Թուրք Պետական Ցեղապաշտութեան Զոհ Հրանդ Տինքի Յիշատակին (19 Յունուար, 2007)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.