Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Տակաւին Կը Սպասենք Կոտոյին

January 18, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ 60 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԿ ՄԸՆ ԷՐ  ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԵՔԵԹԻ «ՈՒԷՅԹԻՆԿ ՖՈՐ ԿՈՏՕ»-Ն, ՈՐ ԱՅԺՄ ՄԱՍ ԿԸ  ԿԱԶՄԷ ԼՈՆՏՈՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ «ՈՒԵՍԹ ԷՆՏ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋՈՒՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԵՂԷ ԿՈՏՈՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԵՒ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀՄԱՅՔԻՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ, ՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻ ՄԸ ԿԱՐԾԻՔՈՎ` ՄԱՍԱՄԲ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԱՆՈՐ ՏԵՍՈՂԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:

«Թիաթր տը Պապիլոն»-ի մէջ «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ի առաջին ներկայացումը ֆրանսերէն իր սկզբնական բնագիրով` «Ան աթանտան Կոտօ», ներգրաւած էր դժուարահաճ փարիզեցիներէ բաղկացած հանդիսատեսներ, որոնք կը փափաքէին  տեսնել փորձառական թատրոնի նորագոյն յղացքը:

«Այն հազարաւոր անձերը, որոնք կ՛ըսեն, թէ ներկայ եղած են առաջին ներկայացումին, չէին կրնար իրապէս տեսած ըլլալ թատերախաղին առաջին բեմադրութիւնը: Բաւարար աթոռ չէր մնացած», կ՛ըսէ Պեքեթի բարեկամ եւ պաշտօնական կենսագիր` Ճէյմս Նոլսըն:

Անոնք նաեւ չէին մտածած, թէ 1953-ի յունուար 5-ին սեղմ պիւտճէով բեմ բարձրացած այս թատերախաղին ներկայացումը պիտի նկատուէր արդի թատրոնի առանցքային պահերէն մէկը:

Հետեւաբար, ինչո՞ւ «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ն այսքա՛ն յարատեւած է: Պեքեթի այս գործը ինչպէ՞ս աւելի երկար ապրած է, քան` աւանդական սովորութիւնները մերժած` 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու երիտասարդ այլ թատերագիրներու գործերը:

«Պատասխանը պէտք է փնտռել երկդիմութիւններուն մէջ: Շատ բան մտածուած է, սակայն հաստատ ոչինչ ըսուած է», կ՛ըսէ Նոլսըն:

«Թիաթր տը Պապիլոն»-ի մէջ Կոտոյի առաջին բեմադրութեան յայտագիրին մէջ գրուած է. «Մարդիկ կրնան զայն մեկնաբանել այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզեն»:

Մեկնաբանութեան այս ազատութիւնը նպաստած է թատերախաղին անժամանցելիութեան, կ՛ըսէ Նոլսըն: Հետաքրքրական է, որ անցնող ժամանակի վերաբերող այս թատերախաղը անժամանցելի է:

Անիկա կը պարունակէ փիլիսոփայական բոլոր մեծ հարցադրումները կեանքի, մահուան եւ անոնց միջեւ անորոշ նպատակին մասին: Սակայն ձեւով մը անիկա չի սահմանափակուիր յատուկ վայրի մը կամ ժամանակաշրջանի մը մէջ:

Աւելի՛ն. թատերախաղը յատկանշական մրցանիշ մը կոտրած է` ներկայացուելով միջազգային բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ: Ոչ մէկ աղէտ կամ քաղաքացիական տագնապ ամբողջական է` առանց Կոտոյի:

Թատերախաղը ներկայացուած է Սարայեւոյի մէջ, երբ քաղաքը շրջափակուած էր 1990-ական տարիներուն: Հարաւային Ափրիկէի մէջ անիկա կը նկատուէր ցեղային խտրականութեան քննադատութիւն մը: Երբ Քաթրինա մրրիկը հարուածեց Նիւ Օրլիընզը, անոր մէկ ներկայացումը դիմաւորուեցաւ իբրեւ քաղաքին վերականգնումի սպասումին խորհրդանիշը:

Իսկ Քալիֆորնիոյ Սան Քուենթին բանտին մէջ արգելափակեալներ 1950-ական թուականի վերջերու իրենց հռչակաւոր բեմադրութեան մէջ զայն ներկայացուցած են իբրեւ իրենց սեփական պատմութիւնը:

Պեքեթի հետ Նոլսընի բարեկամութիւնը ինքնին ստեղծած է հարուստ եւ անսպասելի աւանդ մը` իր Ռիտինկ եունիվըրսիթի համալսարանին համար, ուր այժմ կազմուած է Պեքեթի առնչուող նիւթերու աշխարհի մեծագոյն արխիւը:

Պեքեթ 1970-ական տարիներու սկիզբէն իր ձեռագիրներն ու նոթերը յանձնած է Նոլսընի: Անոնք լեցուած են տոպրակներու, սնտուկներու եւ ճամպրուկներու մէջ: Այսպէս գոյացած է Պեքեթի միջազգային հաստատութիւնը, որ դարձած է Եւրոպայի մէջ Պեքեթի մեծագոյն հաւաքածոն` ուսումնասիրողներու համար:

«Ան որդեգրեց մեզ», կ՛ըսէ Նոլսըն, թէեւ երբեք կարելի չէ եղած լուսարձակներէ խուսափող գրագէտը համոզել, որ այցելէ իր սեփական արխիւներու կեդրոնը:

Համալսարանը «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ի առաջին բեմադրութեան 60-ամեակին առիթով կը ցուցադրէ իրեր եւ նկարներ, որոնք կ՛առնչուին յատկանշական իրադարձութեան:

Ապրիլին հոն տեղի պիտի ունենան շարք մը համագումարներ` թատերախաղին վերաբերեալ:

Իսկ ցուցահանդէսը կը յիշեցնէ մեզի, թէ ինչպէ՛ս թատերախաղին ներկայացումը կրնար երբեք տեղի չունենալ:

Անիկա զուրկ էր անուանի կամ հարուստ հովանաւորներէ: Դերասան-բեմադրիչ Ռոժէ Պլին առանձինն հոգացած էր ծախսերը: Այնուհետեւ թատերախաղը գոյատեւած էր` շնորհիւ բերնէ բերան տարածուած իր հմայքին:

Առաջին բեմադրութեան մէջ դեր ստանձնած դերասաններէն ոչ մէկը կենդանի է այսօր: Թատերասրահը ինքնին փակուած է Պեքեթի թատերախաղին ներկայացումէն քանի մը տարի ետք:

Ռոժէ Պլին 1960-ական տարիներուն հարցազրոյցի մը մէջ ակնարկած է թատերախաղին սկզբնական զօրութեան. «Երբ Պեքեթ բնագիրը ցոյց տուաւ ինծի, մտածեցի, թէ արտասովոր բան մըն էր, զոր պէտք էր բեմադրէի»:

Այլ թատերագիր մը, որ կամաւոր կերպով նիւթական աղբիւրներ կը փնտռէր «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ն բեմ բարձրացնելու համար, Պլինի խոստացած էր «ցմահ պաշտպանել թատերախաղը»:

Անիկա տակաւին տարակարծութեան նիւթ էր, երբ երկու տարի ետք 24 տարեկան բեմադրիչ Փիթըր Հոլ բեմադրած էր անգլերէն տարբերակը:

Հարոլտ Փինթըր, որ դարձեալ 20-ական տարիքի երիտասարդ մըն էր, Պեքեթը որակած էր «ամէնէն քաջարի եւ անխնայ գրագէտը»: Իսկ Պեռնարտ Լեւըն «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ն նկարագրած էր իբրեւ «ձեւական շաղակրատութեան յատկանշական կտոր մը»:

Այժմ Նոլսըն ի՛նք ամէնէն յատկանշական կենդանի կապն է Պեքեթի հետ:

Ան կը գիտակցի, թէ Պեքեթի գրականութեան նկատմամբ շարունակուող հետաքրքրութիւնը կապ ունի հեղինակին առեղծուածային նկարագիրին հետ: Անոր օտարումը ձեւով մը դարձած է գրական վաճառանիշ:

Սակայն Նոլսըն կը վիճի այն կարծիքին դէմ, թէ Պեքեթ «թշուառապաշտ» մըն էր:

«Ան երբեմն շատ եռանդուն էր, շատ սրամիտ, շատ լաւ ընկերակից, եւ ունէր երգիծանքի սուր զգացողութիւն մը», կ՛ըսէ ան:

«Սակայն ընկճուածութեան եւ յուսահատութեան երանգ մը մաս կը կազմէր անոր կեանքին, մասնաւորաբար` Բ. Աշխարհամարտէն ետք, երբ խորասուզուած էր իր վէպերը գրելու մէջ»:

Նոլսըն կ՛ըսէ, թէ Պեքեթի համար ուրախ Ս. Ծնունդ մը անցընելու գաղափարը առանձնութեան պահ մը ապրիլն էր:

«Ան կը նախընտրէր առանձին մնալ եւ գրել: Կ՛ատէր նման առիթները»:

«Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ի ներհուն երգիծանքը, Նոլսընի կարծիքով, մաս կը կազմէ անոր շարունակուող հմայքին: Անիկա տարօրինակ ձեւով մռայլ կատակերգութիւն մըն է տոկալու մասին, սակայն երգիծանքի թելը միշտ ներկայ է թեթեւցնելու համար տխրութիւնը:

Այժմ սովորական է «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ն 20-րդ դարու ամէնէն յատկանշական թատերախաղերուն շարքին դասելը: Անոր հռչակը միայն կ՛ուռճանայ եւ ոչ թէ կը խամրի:

Շարժապատկերի այնպիսի դերասաններ, որոնք անցեալին պիտի փափաքէին իրենց ասպարէզին մէջ հասնիլ այնպիսի բարձունքի մը, որ կարենային կատարել Լիր արքային դերը, այժմ կը փափաքին բեմին վրայ թափառիլ Կոտոյի դերով:

Հանդիսատեսներու քով հետզհետէ աճող այս գրաւչութիւնը, Նոլսընի համաձայն, արդիւնք է տեսողական հմայքին: Պեքեթի հզօր պատկերները գրաւիչ կը թուին ձեւագծումի մը գոյութեան գիտակից հանդիսատեսին, տեսողական բաները տեսնելու վարժ մշակոյթի մը մէջ:

«Տեսողական տարրը զօրեղ է Պեքեթի քով: Հետզհետէ աւելի կը գիտակցիմ անոր գործերուն ժապաւէնի մը յատուկ որակին», կ՛ըսէ ան եւ կը հաւատայ, թէ ուղղակի կապ մը գոյութիւն ունի թատրերգութիւններուն եւ Պեքեթի գեղանկարչական հետաքրքրութեան միջեւ:

«Ան գեղանկարչութեան կրքոտ սէր մը ունէր: Ոչ միայն կը սիրէր գեղանկարիչներու հետ ըլլալ, այլ նաեւ 17-րդ դարու հոլանտական գեղանկարչութեան մասնագէտ մըն էր», կ՛ըսէ Նոլսըն:

«Շատ լաւ կը ճանչնար գեղանկարները եւ կը խորասուզուէր անոնց տեսարաններուն մէջ: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ այս գեղանկարները իրապէս կ՛արձագանգեն «Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ի մէջ»:

Պեքեթի կեանքը շրջուած էր Կոտոյի յաջողութենէն ետք: Թատերախաղին միջազգային ներգործութիւնը զայն արժանի դարձուցած էր գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին:

Պեքեթի հրատարակիչը` Ճոն Քալտըր կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս առեղծուածային Կոտոն կը հալածէր իր արարիչը:

Ան կը պատմէ, թէ Հիթրօ օդակայանին մէջ հանդիպած էր օդանաւէն իջնող անձկալից Պեքեթի. երբ օդանաւը թռիչք առած էր Փարիզի մէջ, օդաչուն բարձրախօսով յայտարարած էր. «Օդաչու Կոտոն կ՛ողջունէ ձեզ»:

«Մտածեցի, թէ արդեօք ճակատագիրս ի վերջոյ կը հանդիպէ՞ր ինծի», ըսած է Պեքեթ իր հրատարակիչին:

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Երաժշտական Թատերախաղեր. Անցեալին Եւ Ներկայիս

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Հայ Ծերանոց Եւ «Զուարթնոց» Կեդրոն

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.