Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Քահրապա – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը` Քահրապայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ հինգ մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր. երէկուան այս մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրեց` 80-62 արդիւնքով:


