Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ակօս». Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Իշխանութիւններէն Կ՛ակնկալէ Արձագանգել Հայերու Սպանութիւններուն

January 15, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ յառաջատար թերթերը չանդրադարձան 28 դեկտեմբերին Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ 84-ամեայ հայ կնոջ սպանութեան, իսկ քանի մը թերթեր զայն որակեցին սովորական սպանութիւն:

Որոշ կայքէջեր հրապարակեցին «Ակօս»-ի մէջ հրատարակուած «Մարիձա Քիւչուքի սպանութիւնը եւ Թուրքիոյ հայերուն անհանգստութիւնը» վերնագիրով յօդուածը: Այս յօդուածին մէջ նշուած է, որ Քիւչուքի սպանութենէն առաջ եւս թաղամասի տարեց հայ բնակիչներուն նկատմամբ բռնութիւններ գործադրուած էին:

«Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ մտահոգութիւն կը յայտնէ այն մասին, որ սպանութիւնը Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ վերջին շրջանին կատարուած երկրորդ բռնութիւնն է հայազգի կնոջ նկատմամբ եւ դէպքերուն միջեւ որոշակի կապ կայ:

«Մարիձա Քիւչուքի սպանութիւնը Պոլսոյ մէջ ապրող հայերուն յիշեցուց  այս դէպքը: Նոյն ամսուան ընթացքին, նոյն թաղամասին մէջ երկու հայ կիներ նոյնպէս ենթարկուեցան յարձակման. մէկը մահացաւ, իսկ միւսը կուրցաւ: Անկէ զատ հաղորդուեցաւ, որ Մարիձա Քիւչուք մերկ եղած է, իսկ անոր որդի Զատիկ Քիւչուքը պատմեց, որ մարմնին վրայ դանակով խաչ եղած էր: Պոլիս բնակող շուրջ 50 հազար հայերուն համար միջադէպը կը ներկայանայ դանակահարուած, մարմնին վրայ դանակով խաչ գծուած, սպաննուած մերկ հայազգի կնոջ կերպարով, եւ կասկած կը յառաջանայ, որ արդեօք ան չէ՞ սպաննուած իր հայկական ինքնութեան համար», կը գրէ «Ակօս»-ի խմբագիրը:

Քոփթաշ նշելով սպանութենէն ետք ոստիկանութեան կատարած յայտարարութիւնը, որ սպանութիւնը «սիրողական մակարդակով» է, իսկ յանցագործի ձերբակալութիւնը` վայրկեաններու հարց, կ՛աւելցնէ. «Այս բոլորը կը յիշեցնեն Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք Պոլսոյ ոստիկանութեան պետ Ճելալեթթին Ճերրահի խօսքերը: Ան ըսած էր. «Կատարուածը կապ չունի յանցագործ խմբաւորման հետ: Ատիկա ազգայնականութեան ենթահողի վրայ կատարուած սպանութիւն է»: Սակայն այս յայտարարութենէն ետք առողջ հետաքննութիւն չկատարուեցաւ, եւ մենք բոլոր տեսանք, որ դատարանի վճիռէն հանգիստ չէր անգամ դատավճիռ արձակող դատաւորին խիղճը»:

«Ակօս»-ի խմբագիրը գրած է, որ 2007-ին Տինքի եւ 2011-ին հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւններէն ետք մեծ ցնցում ապրած հայկական համայնքը Թուրքիոյ պետական մարմիններէն համապատասխան արձագանգ կ՛ակնկալէ:

Նախորդը

Համաշխարհային Մեծագոյն Կայքէջերէն Մէկը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

Գուսան Հայկազունը` «Գետաշէն» Երգի Մասին. «Թող Չիմանան Հեղինակին, Կարեւորը` Լինի Դասագրքերում»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.