Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ 61-46 արդիւնքով յաղթեցին Պըրժ Այնթուրայի:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 22-7, 17-8, 13-12 եւ 9-18:
ՀՄԸՄ-էն Սանտրա Նաժըմ նշանակեց 16 կէտ, Ալիք Թապաքեան` 9, իսկ Նաթալի Սվաճեան` 8:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցակիցն է Անդրանիկ:


