Ուրբաթ, 11 յունուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն, տեղի ունեցաւ «Հաւատքի տարուան» առիթով (11 հոկտեմբեր 2012-էն մինչեւ 24 նոյեմբեր 2013) աղօթքի երեկոյ մը, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, ապա տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ «Հաւատքի տարուան» բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2012-ին` Վատիկանի մէջ: «Հաւատքի տարուան» յատուկ խորհրդանիշին մասին վերլուծական բացատրութենէն ետք, յայտագիրը ընդգրկեց հոգեւոր երգեր (կատարողութեամբ` «Բլբուլ» մանկապատանեկան եւ «Կիլիկիա» երգչախումբերուն), հաւատքի աղօթքներ եւ կեանքի տպաւորիչ վկայութիւններ` հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանի եւ Այտա Քէշիշեանի: Այնուհետեւ, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի` «Դուռն հաւատոյ» առաքելական յորդորագիրէն (հռչակուած` 2012-ին, «Հաւատքի տարուան» սկիզբը) հատուածներ ընթերցուեցան, ապա այս առիթով ներկայացուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը:
Աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քրիստոնէական հաւատքի խորին նշանակութեան եւ արտակարգ հզօրութեան մասին` կոչ ուղղելով բոլորին աղօթելու եւ ամրապնդելու Քրիստոսի հաւատքը մանաւանդ հայ ազգի զաւակներուն մօտ: Հաւատքի հանգանակի խմբային դաւանումով եւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութեամբ փակուեցաւ աղօթքի երեկոն:


