PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը կը շարունակէ նախապատրաստուիլ 22 յունուարին Պուլկարիոյ մէջ սկսելիք Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
16 յունուարին հաւաքականը պիտի մեկնի Մակեդոնիա, ուր բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ դաշտին տիրոջ դէմ (17-18 յունուարին):
21 յունուարին հայրենի մարզիկները պիտի մեկնին Պուլկարիա, ուր տեղի պիտի ունենան Դ. խմբակին զտումի մրցումները:
Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Պուլկարիոյ (23 յունուար), Յունաստանի (24 յունուար) եւ Կալեսի (26 յունուար) դէմ:
Մէջբերելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին հրապարակած լուրը` հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ յաջորդ հանգրուան պիտի անցնին միայն իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերը:


