Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Դրական Մտածողութիւնը Եւ Առողջութիւնը» Նիւթով

January 10, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 9 յունուար  2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դրական մտածողութիւնը եւ առողջութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը  արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան նշեց, որ մարդ անհատին մէջ կան երկու հակասական մտածողութիւններ` յոռետեսութիւն ու լաւատեսութիւն, եւ թէ մարդը ինչպէ՛ս կը հակազդէ տարբեր պատահարներու եւ երեւոյթներու: Փաստուած է, որ բարձր տրամադրութիւնը անձին դիմադրողականութիւնը կ՛աշխուժացնէ, իսկ յուզումնալից ընկճուած վիճակը առողջութիւնը խոցելի կը դարձնէ:

Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով առողջութեան ու հիւանդութեան տարբեր ազդակները` բաժնելով զանոնք երեք գլխաւոր պատճառներու`

ա.- Կենսաբանական
բ.-  Ընկերային
գ.- Հոգեմտաւոր

Խօսելով ժխտական մտածողութեան մասին` ան բացատրեց, որ ժխտական մտածողութիւնը արդիւնքն է վախի, թշնամանքի, նախանձի, ոխի, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կը ձգեն անհատի ֆիզիքական առողջութեան վրայ: Մարդ անհատի առողջութեան վիճակը սկիզբ կ՛առնէ մտածումով` սկսելով ուղեղին մէջ եւ այդ իր ընթացքը շարունակելով մարմնի տարբեր մասերու ու անդամներու վրայ ներգործելով:

Դասախօսը ներկայացուց երկու տեսութիւններ.

ա.- Փլասիպօ իֆեքթ.- Այն համոզումէ մեկնած ապակենման ընթացքն է, երբ խնդրոյ առարկայ անձը համոզումով կը ստանայ բուժումը, եթէ նոյնիսկ դեղի փոխարէն շաքար մը տրուած է անոր, բայց դրական համոզումը, թէ պիտի բուժուի, անպայման կ՛ունենայ իր ապակենման ազդեցութիւնը:

բ.- Սայքոսոմաթիք իֆեքթ.- Տարբեր մարմնային հիւանդութիւններ, որոնց պատճառները ուղղակի առնչուած են անձին հոգեկան վիճակին: Հոգեմարմնաւոր այս վիճակը կ՛ունենայ իր դրական կամ ժխտական անդրադարձը մարդ անհատի առողջութեան վրայ:

Դրական մտածողութիւնը լաւատեսութեամբ ու իրապաշտօրէն դիտելու, ընկալելու ու գործադրելու ընթացք մըն է, որ ունի իր ազդեցութիւնը մարդ անհատին վրայ:

«Ի՞նչ կը նշանակէ լաւատեսութիւն» հարցումին պատասխանելով` Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան թուեց հետեւեալ կէտերը.

ա.- Իրապաշտ լաւատեսութիւն
բ.- Արթուն միտք
գ.- Կամք
դ.- Քաջութիւն դիմադրելու
ե. Հաւատք
զ. Սէր
է. Հետաքրքրութիւն
ը. Հեզութիւն
թ. Հարցերը պարզելու տրամադրութիւն
ժ. Սորվիլ անցեալի սխալներէն
Ժա. Փոխելու պատասխանատուութիւնը ունենալ

Ի՞նչ են դրական մտածողութեան արդիւնքները:

Այս բաժինով դասախօսը տարբեր օրինակներով փորձեց բացատրել դրական մտածողութեան արդիւնքները.

1.- Եթէ կէս ժամ խնդանք, այդ հաւասար է կէս ասպիրինի, որ արեան շրջագայութիւնը կ՛աշխուժացնէ:
2.- Օսիթոսինը, որ ուրախութիւն պատճառող հորմոնն է, տարբեր պայմաններու տակ կը բարձրանայ, օրինակ` երբ կը փաթթուինք սիրելի անձի մը:
3.- Սէրը. սիրելը հաւասար է մարզանքի, սրտի աշխատանքի ներդաշնակման:
4.- Հանդիպումը սիրելի անձի մը հետ կամ բարեկամներու դրական ազդեցութիւն ունի արեան գերճնշման նուազեցման վրայ:
5.- Ընթերցումը` տարբեր հետաքրքրական գիրքերու, եւ յատկապէս Աստուածաշունչի:
6.- Զիրար ձեռք բռնելը, շփումը, ջիղերը կը հանդարտեցնէ:
7.- Դրական մտածողութեամբ ուղղուած անձերը աւելի նուազ հակամէտ են սրտի ու ուղեղի կաթուածի:
8.- Դրական մտածողութիւնը ունի նաեւ իր անհրաժեշտ դերը մեր մարմնի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու, յատկապէս բորբոքումներու պարագային:

Վերջապէս ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այն տարեցը, որ դրական մտածողութիւն ունի կեանքին նկատմամբ, աւելի նուազ կ՛ազդուի յիշողութեան եւ ուղեղային տարբեր խանգարումներէ:

Վերջին բաժինով Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան նշեց հետեւեալ խորհուրդները` դրականօրէն ուղղելու մեր մտածողութիւնը.

ա.- Փորձել շնորհակալութիւն յայտնել այն անձերուն, որոնք օրուան ընթացքին օգտակար դարձան քեզի:
բ.- Օրուան աւարտին յիշել երեք դրական դէպքեր կամ երեւոյթներ:
գ.- Մտաբերել, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ մեր վիճակը տասը տարի ետք, եւ այդ ուրախ պահը ապրիլ:
դ.- Ներքին ուրախութեամբ եւ ժպիտով ներկայանալ բոլորին:
ե.- Ներել մեր նմանին:
զ.- Ամէն ինչ ընել սիրելով:

Աւարտին դասախօսը օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013-ը Կը Հռչակէ «Հայ Մօր Տարի»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.