Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 11-27 յունուար 2013-ին տեղի ունենալիք Վիյք Աան Զիի (Հոլանտա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Արոնեան պիտի մասնակցի Ա. մրցաշարքին, իսկ Մովսիսեան` Բ. մրցաշարքին:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Քարլսըն, Քարուանա, Քարժաքին, Անանտ, Նաքամուրա, Ուանկ Հաօ, Լեքօ, Կիրի, Հարիքրիշնա, Վան Ուելի, Սոքոլով, Լամի եւ Եու Եիֆան:


