Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թրքական Իշխանութեանց Զայրոյթ Պատճառող Յայտարարութիւն Մը

January 9, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հրանդ Տինք» հիմնադրամը 2009-էն ի վեր լրատուամիջոցներու միջոցով ցեղային եւ կրօնական խումբերու դէմ ուղղուած ատելութեան սերմանման դէմ պայքարելու նպատակով կը հրապարակէ «Մամուլին մէջ ատելութիւն սերմանող նիւթերու ուսումնասիրութեան զեկուցում»-ը, որուն 2012-ի մայիս-օգոստոս ամիսներուն վերաբերող զեկուցումը ցոյց կու տար, որ Թուրքիոյ մէջ ատելութիւն բովանդակող նիւթերու թիւը նախորդ զեկուցումին համեմատ աճած է, իսկ այդպիսի լուրերու եւ սիւնակներու ամէնէն յաճախ թիրախ դարձող խումբերն են հայերը, քրիստոնեաները, հրեաներն ու յոյները: Աւելի՛ն, լրատուամիջոցներու ատելութեան թիրախին մէջ ամէնէն շատ յայտնուած են հայերը:

Շարունակ ատելութիւն սերմանելու «աշխատանքը» բնականաբար իր «պտուղները» կու տայ: Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու օրինակը Հրանդ Տինքի, որուն նկատմամբ ատելութիւնը սերմանուեցաւ իշխանութիւններուն բացայայտ մեղսակցութեամբ, իսկ Տինքը սպաննող ոճրագործը դատապարտումի արժանանալու փոխարէն հերոս նկատուելով օրինակելի տիպարի մը վերածուեցաւ: Տինքի սպանութեան յաջորդեց 24 ապրիլ 2011-ին թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը: Իսկ 28 դեկտեմբեր 2012-ին Պոլսոյ իր բնակարանին մէջ սպաննուեցաւ 84-ամեայ Մարից Քիւչիւքը, որուն կուրծքին դաշոյնով խաչ պատկերուած էր, ինչ որ մտածել կու տայ, որ ան թիրախ դարձած է թէ՛ հայ ըլլալուն եւ թէ՛ քրիստոնեայ ըլլալուն համար:

«Միջազգային ներում» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, անդրադառնալով կաթողիկէներու Ս. Ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ հայկական Ս. Ծնունդի նախօրեակին սերմանուած ատելութեան ծնունդ եղող ոճիրներու շարքին այս նորագոյն դէպքին, թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց անհանդուրժողականութեան մշակոյթէն եւ ռազմատենչ ազգայնականութենէն հրաժարելու համար աւելին ընելու: Կազմակերպութիւնը, վստահաբար Տինքի հարցի ամբողջ թղթածրարին (Տինքի թիրախի վերածում, անոր դէմ սպառնալիքներու անտեսում, դատական հոլովոյթի ոդիսական եւ այլն) լոյսին տակ, նաեւ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց նմանօրինակ դէպքերու հետապնդման եւ մեղաւորներու պատասխանատուութեան ենթարկման հետամուտ ըլլալու:

«Միջազգային ներում»-ը իր վերոնշեալ յայտարարութեամբ մեծ գիւտ մը չըրաւ, այլ պարզապէս բոլորին ծանօթ իրողութիւն մը վերյիշեցուց, ինչ որ բնականաբար Անգարայի դժգոհութիւն պատճառող արարք մըն է: Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան այս յայտարարութիւնը թրքական իշխանութիւնները զայրացնելու յաւելեալ կէտ մըն ալ ունի. անիկա կու գայ ջրելու թրքական իշխանութիւններուն այն պնդումը, թէ իրենց երկիրը փոթորկոտ շրջանի մը մէջ հանդուրժողականութեան ովասիս եւ շրջանի երկիրներուն համար բնորդ մըն է:

 

 

 

Նախորդը

Նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներու Միութիւնը Սկսաւ Աշխատանքի

Յաջորդը

ԳՈՀԱՐ-ի Ամանորեայ Նուէրները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.