Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անսահման Խաղաղութեան Պարգեւը

January 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան: … Անոր իշխանութեան մեծնալուն եւ խաղաղութեան սահման չկայ…»:

(Եսայեայ 9.6-7)

 

Այսօր կը տօնենք աստուածայայտնութեան, Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալուն` Էմմանուէլին տօնը, մինչ մեր սրտերը եւ մտքերը կը տագնապին անխաղաղ վիճակներու վախերով: Այսօր կը վերյիշենք Եսայի մարգարէի մարգարէութիւնը` «Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ. մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն` լոյս ծագեցաւ» (Եսայ. 9.2), մինչ մարդոց չարութիւնը մեր աչքերուն առջեւ խաւարի մէջ կ՛ընկղմէ լուսաւոր քաղաքներ եւ անոնց բնակիչները:

Խաւարը մեր շուրջ կը թանձրանայ շատ արագ. ազատութեան, բարեկարգութեան եւ իշխանափոխութեան պայքարները կը վերածուին անել կացութիւններու եւ կը խլեն հազարաւոր մարդոց տուն-տեղը եւ կեանքերը. անխաղաղ վիճակներու կը մատնուին երբեմնի խաղաղ հաւաքականութիւններ եւ ամբողջ ժողովուրդներ` քաղաքական շահերու եւ իշխանութիւնը կորզելու սիրոյն. նոյնիսկ խաղաղ սեպուած քաղաքներու մէջ մէկ հոգիի խաղաղութեան խախտիլը կը խլէ անմեղ երեխաներու կեանքերը, կամ` բարեկամ երկրի ապահովութեան վստահող` քուն մտած զինուորին կեանքը, եւ ապա` կը հերոսացուի մարդասպանը եւ կամ` հատուցման եւ պատիժի պարտքէն կ՛ազատի անձնասպանութեամբ: Խաւարը թանձր է մեր շուրջ եւ տակաւ կը թանձրանայ:

Մարդկային այս տագնապալից եւ վախազդեցիկ վիճակներուն մէջ է ահա, որ Էմմանուէլը կը տօնենք: Այս եւ նման կացութիւններու մէջ է, որ Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալը կ՛իմաստաւորուի, քանի որ այդ է մեր այժմէական կարիքը: Խաւարի մէջ եղողն է, որ պէտք ունի լոյսին եւ անոր բերելիք կեանքի եւ հոգիի հաւասարակշռութեան, յոյսին եւ վստահութեան: Իրաւ է նոյն ատեն, թէ իսկական լոյսը աւելի եւս կը շեշտուի եւ շօշափելի կը դառնայ խաւարին մէջ: Անխաղաղ վիճեակներու մէջ է, որ արդիւնաւոր եւ գործնական ազդեցութիւն պիտի ունենայ այն «խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, (եւ) մեր սրտերն ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանԷ» (Փիլպ. 4.7):

Այս խաղաղութեան գրաւականը Տէր Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան տակ ըլլալու մեր իրականութեան մէջ պիտի գտնենք: Անոր «իշխանութեան մեծնալուն եւ խաղաղութեան սահման չկայ»: Ան կը հրաւիրէ մեզ, որ ըլլանք «Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ» (Ղուկ. 20.36). ոչ` «այս աշխարհի որդիները», որոնց վրայ աշխարհ, մեղք եւ մահ կը բանեցնեն իրենց իշխանութիւնները, վախ եւ սարսափ պատճառելով եւ ասոնցմով` պատանդ բռնելով մարդը եւ անոր խաղաղութիւնը: Ան կը յորդորէ մեզ «գիտնալու մեր խաղաղութիւնը… ճանչնալու մեր այցելութեան ժամանակը»: Էմմանուէլը` իր ճշմարտութեամբ իսկապէս ազատ կ՛ընէ մեզ այն ազատութեամբ, որ աստուածայինն է:

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ մեր ընտանիքները, մեր եկեղեցին, մեր ազգը եւ համայն մարդկութիւնը ճանչնան եւ վայելեն այս աստուածային պարգեւը, նոյնիսկ ներկայի անխաղաղ օրերուն մէջ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Յունուար, 2013

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութիւններուն Թեկնածութիւն Առաջադրելու Ժամկէտը Աւարտեցաւ

Յաջորդը

Ս. Ծնունդի Խորհուրդը` Ճանապարհ Փրկութեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.