Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրը Օրին. Փորձանքէ Փորձանք

January 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կ՛ըսեն, որ մեծ փորձանքէ մը ազատեցանք եւ նախագահ Պարաք Օպաման ու Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը վերջին վայրկեանի համաձայնութեամբ մը յաջողեցան առաջքը առնել աշխարհի տնտեսութեան մեծագոյն գահավիժումին:

Կ՛ըսեն, թէ շատ շուտով կրնան պատահիլ նոր փորձանքներ, որոնք նոյնքան ճակատագրական կրնան ըլլալ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական վերականգնումին, անոր միջազգային վարկին եւ այլն, եւ այլն:

Զննելով շեփորահարուած յաջողութեան տնտեսութիւնը փրկելու պայմանները` անմիջապէս յուսախաբութիւն կը զգանք: Յուսախաբութիւն, որովհետեւ անգամ մը եւս կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս այս երկրին հիմնական հարցերուն լուծման նպատակով, անհաւասար պայմաններ կը ստեղծուին եկամուտի տարբեր մակարդակներու վրայ գտնուողներուն համար` միշտ ծանրագոյն բեռը վերապահելով ամէնէն քիչ եկամուտ ունեցողներուն:

Յուսախաբութիւն, որովհետեւ միջին դասակարգի շահերու պաշտպանները կարծէք միայն այդ միջիններուն համար կը պայքարէին` մոռնալով միջինէն ներքեւ գտնուողները, որոնք Նոր տարուան առաջին իսկ օրերուն պիտի անդրադառնան, թէ իրենց աշխատավարձը պարզապէս պիտի նուազի` Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամի հաշուոյն նախապէս կատարուած յաւելումին, աւելի ճիշդը` յանուն Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամին` աշխատավարձէն կատարուած գանձումի զեղչին ջնջումով:

Յուսախաբութիւն, որովհետեւ մեծամասնութեան շահերու պաշտպանները նոյն ջանադրութեամբ, նոյն վճռականութեամբ հանդէս չեն գար ի պաշտպանութիւն եկամուտի սանդղակին ներքեւի աստիճանները գրաւողներու շահերուն, որքան ուժգնութիւն, եռանդ ու անզիջում ընդդիմութիւն կը ցուցաբերեն վերի աստիճաններուն վերեւները բազմող փոքրամասնութեան շահերը պաշտպանողները:

Հաշուեկշիռը այս ամբողջ աղմուկ-աղաղակին ու լարուած պայքարին. նուազագոյն աշխատավարձ ստացող ամերիկացին (տարեկան շուրջ 15,000 տոլար եկամուտ ապահովողը), այս տարի 300 տոլար յաւելեալ տուրք պիտի վճարէ, ինչ որ վստահաբար պիտի զգացուի անոր ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ, իսկ միլիոնատէրերուն ու միլիառատէրերուն համար տուրքերու ընդունուած աննշան բարձրացումը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ անոնց կեանքին ու կենցաղին վրայ…

Եզրակացութիւն. փորձանքները պարզապէս աւելի կրնան ծանրացնել աշխատաւոր խաւին վիճակը, բայց անոնցմէ պրծում չկայ, այնքան ատեն որ երկրին մէջ տիրապետող գաղափարախօսութիւնը անտարբեր է անոնց նկատմամբ:

 

«ԱՍՊԱՐԷԶ»
2 յունուար, 2013

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անուար – ՀՄԸՄ Պէյրութ Մրցումը Յետաձգուեցաւ Վաղուան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.