Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները «Փակեցին» Թրքական Օդանաւային Ընկերութեան Պէյրութի Գրասենեակը

January 3, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները, որոնք նախապէս յայտարարած էին, թէ իրենք Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ ճնշում պիտի բանեցնեն, երէկ խորհրդանշական քայլով մը ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր անոնք կարմիր մոմով «փակեցին» թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակը:

Ազեզի առեւանգեալներուն հարազատները արգիլեցին գրասենեակին թուրք պաշտօնեաները իրենց աշխատասենեակները մուտք գործելէ եւ աւելցուցին, որ իրենք նախապէս սպառնացած էին եւ ահա ժամն է գործադրելու իրենց սպառնալիքները:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց հարազատներուն առեւանգման պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ կրնար միջամտել եւ ութ ամիս առաջ արդէն իրենց զաւակները ազատ արձակել:

Անոնք շեշտեցին, որ թրքական շահերուն դէմ իրենց բողոքի խաղաղ քայլերը պիտի շարունակուին` առանց վնասելու լիբանանեան պետութեան շահերուն: Այս շրջագիծին մէջ անոնք ընդգծեցին, որ պիտի սկսին պոյքոթի ենթարկել թրքական արտադրութիւնները, որոնց շարքին նաեւ թրքական ֆիլմաշարերը դիտելու սովորութիւնը` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն զօրակցելու իրենց սկսելիք այս արշաւին:

Անոնք շեշտեցին նաեւ, որ իրենք պիտի ուղղուին Նահատակաց հրապարակ եւ Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց քայլի մը պիտի դիմեն, որովհետեւ ի վերջոյ թուրքերը ծանօթ են իրենց արիւնալի պատմութեամբ, եւ այդ յուշարձանը պատմական իրականութեան փաստ մըն է, որ իրենց յիշողութեան մէջ վառ կը պահէ, թէ թուրքերը սպաննած են լիբանանցիներ, եւ այդ նահատակներուն համար բարձրացուած է յուշարձանը:

Սակայն կէսօրէ ետք Ազեզի առեւանգեալներուն հարազատներուն եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պատճառ դարձաւ, որ ընտանիքները մէկ շաբաթով յետաձգեն իրենց շարժումները, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը կարենայ թրքական իշխանութիւններուն հետ իր բանակցութիւններուն վերսկսիլ:

Միւս կողմէ, նշենք, որ նախարար Շարպել երէկ մտավախութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ առեւանգեալներուն ընտանիքներուն առած քայլերը կրնան ձախողեցնել այն բանակցութիւնները, որոնք արդէն իսկ ընթացքի մէջ են` ազատ արձակելու համար առեւանգուած լիբանանցիները:

Շարպել յայտնեց, որ կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ, սակայն թուրքերը այդ առեւանգումին պատասխանատու չեն, այլ` լիբանանեան իշխանութիւններուն կ՛օժանդակեն` ի խնդիր առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին:

Ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ ինք առեւանգեալներուն հարազատները չի մեղադրեր, սակայն նաեւ քաջ գիտէ, որ թուրքերը ճնշումի տակ չեն գործեր:

Նախորդը

Միքաթի. «Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը Քաղաքական Բանավէճի Վերածելը Դաւադրութիւն Է»

Յաջորդը

Նախագահական Թեկնածուներուն Թիւը Հասաւ 15-ի

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։