Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ ՀԻՄՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ

May 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ բնակութիւն հաստատած համազգայնականներու դիմումին, Շաբաթ, 16 ապրիլ 2011-ին, Շարժա էմիրութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ հիմը դրաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղին:

Հիմնադիր ժողովին նախագահեց ու մասնաճիւղը հիմնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան մէկ տարուան համար նշանակեց մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը` յանձինս Սեդա Պալիօզեանի, Սիւզի Քարաճեանի, Նշան Պասմաճեանի, Խաչիկ Սէպէեանի եւ Սիմոն Մանուկեանի:

Վարչութեան դիւանը ունեցաւ հետեւեալ պատկերը.

Նշան Պասմաճեան` ատենապետ
Սեդա Պալիօզեան` քարտուղար
Սիմոն Մանուկեան` գանձապահ
Սիւզի Քարաճեան` խորհրդական
Խաչիկ Սէպէեան` խորհրդական

Հիմնադիր ժողովէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Մելիքեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին քարտուղար Մհեր Մկրտումեան, ՀՕՄ-ի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, Քույէթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու Թեմական Ժողովի անդամներ, Տուպայի եւ հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, գաղութիս հոգեւոր հովիւ Արամ քհնյ. Տէյիրմենճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Նշան Պասմաճեան, որ ողջունելէ ետք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչն ու ներկաները, հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Համազգայինի նպատակներուն եւ առաքելութեան մասին: Ան ըսաւ, որ Համազգայինով պիտի փորձուի մշակութային եւ կրթական համակարգ ստեղծել այս զարգացող գաղութին մէջ, մեր երիտասարդութեան համար եւ անոր գործօն մասնակցութեամբ: Պասմաճեան շեշտեց, թէ Համազգայինի այս մասնաճիւղը անկեղծ համագործակցութիւն պիտի ցուցաբերէ գոյութիւն ունեցող հայկական բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն հետ. պիտի ըլլայ Ազգային իշխանութիւններուն կողքին`զանոնք զօրացնելու եւ անոնցմով զօրանալու նպատակով. Կարելիութեան սահմաններուն մէջ գոհացում պիտի տայ ժողովուրդի կրթական եւ մշակութային կարիքներուն` իր աւիշը ստանալով միշտ ժողովուրդէն: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` չզլանալ քննադատելու նորակազմ այս միութեան ղեկավարութեան սխալները, միւս կողմէ` խնդրեց ժլատ չըլլալ քաջալերելու ճիշդը, լաւն ու օգտակարը` միշտ ի մտի ունենալով, որ գնահատելու կամ քննադատելու իրաւունքը ձեռք կը բերուի մշակութային ու կրթական կեանքին մասնակցութեամբ միայն:

Բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մարտիկ Տեմիրճեան, որ ողջունեց նախաձեռնող յանձնախումբը, որ յաջողութեամբ կրցած է աւելի քան 20 հայ անհատներ քով-քովի բերել ու Համազգայինի մասնաճիւղ հիմնել:

«Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը միմիայն կը գնահատէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ ու նեցուկ կը կանգնի մասնաճիւղի ծրագիրներուն:

«Տարբեր երկիրներու մէջ իր մասնաճիւղերը ունեցող այս մեծ ընտանիքը այսօր այս մասնաճիւղին հիմնումով կ՛ընդարձակուի դէպի նոր երկիրներ ու շրջաններ:

«Համազգայինը, ըլլալով կրթական եւ մշակութային միութիւն, իր յանձնախումբերով ու ծրագիրներով եկած է բաց մը գոցելու, աճող սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իր ներդրումը բերելու, մշակութային ու մտաւորական երիտասարդութիւնը իրար քով ու մէկ հովանոցի տակ համախմբելու:

«Համազգայինի տեղւոյն վարչութիւնները, համագործակցելով հայկական միութիւններու եւ եկեղեցական յարանուանութիւններուն հետ, իրենց հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ, կը ծառայեն հայ ժողովուրդին», ըսաւ ան:

Իր խօսքի աւարտին Մ. Տեմիրճեան յայտարարեց, որ վարչութիւնը իր փափաքին համաձայն, այսուհետեւ հայ մեծ ուսուցիչ, մտաւորական ու մանկավարժ Մուշեղ Իշխանի անունը պիտի կրէ: Ան յաջողութիւն մաղթեց նոր հիմնուած մասնաճիւղի բոլոր ծրագիրներուն: Ան կոչ ուղղեց մշակութասէր եւ մտաւորական հայ անհատներուն, որ անդամագրուին այս մասնաճիւղին` միասնաբար լուծում գտնելով զիրենք յուզող խնդիրներուն ու մտահոգութեանց:

Մ. Տեմիրճեանի խօսքէն ետք գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսք փոխանցեց Հայաստանի դեսպան` Վահագն Մելիքեան: Ան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ԱՄԷ-ի մէջ նոր հիմնուած միութիւնը ու յաջողութիւն եւ վերելք մաղթեց անոր: Ան իր ու դեսպանութեան անձնակազմին պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու` ի շահ համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման: Աւելի՛ն. դեսպանը յայտնեց, որ  դեսպանութեան տարածքը տրամադրելի է Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկներուն համար: Ան կոչ ուղղեց վեր բարձրանալու անձնական նեղ շահերէն ու ծառայել համահայկական խնդիրներու լուծման:

Դեսպանի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ վարչութեան ատենապետ Նշան Պասմաճեան ու հերթաբար կարդաց Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի կաթողիկոսական փոխանորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքերը: Շնորհաւորական եւ սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ Հայ օգնութեան միութեան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Աբէլեան: Յաջողութիւն մաղթեց նաեւ գաղութի հոգեւոր հովիւ` Արամ քհնյ. Տէյիրմենճեան:

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Լ. ՇԱՆԹ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ. ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՈՋԼՈՏՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։