Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

May 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի գեղարուեստի դպրոցի խնամակալութեան, երէկ` երեքշաբթի, 3 մայիս 2011-ին, «Լա Մարինա»ի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստի դպրոցի գարնանային ձեռնարկը` նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու եւ Համազգայինի բարեկամներու ու ծնողներու:

Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Հուրի Միքայէլեան, որ ըսաւ, թէ կարծես աւանդութեան վերածուած է այս տարեկան «պրանչ» հանդիպումը. գարնան տեղի ունեցող այս ձեռնարկը ունի իւրայատկութիւն, որովհետեւ գարունը եւ արուեստը իրենց բոլոր ծալքերով շաղկապուած են:

Միքայէլեան աւելցուց, որ գարնան առաւօտը մեղեդի մըն է, որ ջութակի լարերուն վրայ աղեղի օգնութեամբ կը վերացնէ մեզ` տանելով հոն, ուր կը տեսնենք մեր դպրոցներու վերելքը եւ յաջող աւարտական աշակերտներու խումբը:

Ապա օրուան յայտագիրը ներկայացուց Մարալ Հարպոյեան` մէջբերելով Լեւոն Շանթի խօսքերը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինը մեր ժողովուրդի յանձնառու առաքեալն է, որ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ ամուր հաւատքով մեր կեանքին մէջ կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր երթը:

Հարպոյեան ըսաւ, որ մայիսը մայրերու ամիս է: Մօր անսակարկ սիրոյ ծով նուիրաբերութեան, աննկարագրելի զոհողութիւններուն եւ անվերջ գուրգուրանքին առջեւ կարելի չէ ծունկի չգալ եւ չհամբուրել մանուկին ծնունդէն մինչեւ կեանքի աւարտը անոր ձեռքերը սեղմած, ուժ, կորով ու հաւատք ներշնչած մօր ձեռքերը:

«Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն հայութեան ճրագը բոցավառ պահած ու զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցած հայ մայրերուն», աւելցուց Հարպոյեան:

Ապա Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցի ուսուցիչ, արուեստագէտ ջութակահար Յովիկ Գարախանեան նուագեց երաժշտական կտորներ:

«Նեսլէ» ընկերութիւնը իւրաքանչիւր ներկայի տրամադրեց խոհագիրներու յատուկ գրքոյկ մը, ապա խոհարարը ներկայացուց առողջարար եւ համեղ անուշեղէններու խոհագիր մը: Այնուհետեւ յայտագիրի երկրորդ բաժինով անգլերէն, իտալերէն եւ հայերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ Ցոլինէն:

Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւն: Ներկաները բաժնուեցան` յաջողութիւն մաղթելով Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս գեղարուեստի դպրոցի իւրաքանչիւր միաւորի ու գեղարուեստի դպրոցի խնամակալութեան:

 

Նախորդը

ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Լ. ՇԱՆԹ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ. ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։