Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը այն 59 ֆութպոլիստներուն, որոնք պիտի պայքարին 2012 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին համար:
Իսկ տարուան լաւագոյն մարզիչի կոչումին համար ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 մարզիչներուն միջեւ:
Լաւագոյն ֆութպոլիստին եւ մարզիչին անունը կը յստականայ այսօր:


