Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

December 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի,  27  հոկտեմբեր  2012-ին,  ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի աւելի քան ութսուն անդամներու,  «Գարեգին  Նժդեհ»  ակումբին  մէջ  տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան»  մասնաճիւղին նոր տարեշրջանի առաջին  ձեռնարկը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային  վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի  Սարգիսեանի:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը  կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Արաքսի Գըլըճեան: Ան բարի  գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով վարչութեան  յառաջիկայ գործունէութեան մասին: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի Մարլէն  Տանակէօզեանը, որ ներկայացնէ Լիբանանի  «Ոսկէ աշուն»-ը: Մ. Տանակէօզեան շատ հաղորդական ձեւով տեղեկութիւններ տուաւ բոյսերու մշակման, առողջ  պահպանման ձեւերու եւ հնարքներու  մասին:

Ան իր խօսքի աւարտին վարչութեան նուիրեց իր պատրաստած յատուկ ձեւաւորումի   «արանժըման»-ը,  որ վիճակաձգութեամբ  տրուեցաւ օրուան բախտաւորին:

Այցելութիւն Ազունիէի
Ազգային
  Բուժարան

Երեքշաբթի,  27  նոյեմբեր  2012-ին,  ԼՕԽ-ի  «Ա.  Փափազեան» մասնաճիւղի  վարչական   ընկերուհիներ այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, ուր ծանօթացան  անոր տնօրէնին,  որ ամփոփ, բայց յստակ  տեղեկութիւններ փոխանցեց այս հաստատութեան  անձնակազմին ու զանազան բաժանմունքներուն  մասին:  Բուժարանի տնօրէն  Տիգրան Պոյաճեան նաեւ  ներկայացուց  բուժարանին պատմականը,  երբ  1915-ի  Եղեռնէն ճողոպրած  եւ Լիբանան հաստատուած հայերէն ոմանք աղքատութեան, սնունդի պակասի պատճառով կը վարակուի թոքախտի համաճարակէ, եւ անհրաժեշտ կը  նկատուի բուժարանի մը  գոյութիւնը: 1923 թուականին  ծնունդ կ՛առնէ  այս  բուժարանը, Մաամըլթէյնի մէջ (Պէյրութէն դէպի հիւսիս, Ժունիէի մօտ): Աւելի ուշ, սակայն, խոնաւ  կլիմայական  պատճառներով բուժարանը  կը  փոխադրուի  ներկայի  վայրը, շոճիի եւ  մայրիի ծառաստաններուն մէջ: Հաստատութիւնը  իր մարզին մէջ յաջողութիւններ արձանագրելով` կը  նկատուի շրջանի լաւագոյն  բուժարաններէն:  Մասնաւորաբար 1960  թուական, կը նկատուի  բուժարանին  «ոսկեդարը»: Բուժարանը անթիւ հիւանդներ կ՛ընդունի շրջանի արաբական  երկիրներէն, նոյնիսկ` արքայական ընտանիքներէ:  1975 թուականի լիբանանեան  պատերազմին   պատճառով կ՛աւելնայ ծերանոցի բաժինը, որ կը  պատսպարէ լքեալ եւ անտէր ծերունիներ, անկարներ:

Տնօրէնի բացատրութենէն ետք, հաստատութեան բժշկուհին այցելուները առաջնորդեց  հիւանդանոցին յարկաբաժինները: Պատսպարեալ ծերերը հիւրերը դիմաւորեցին մեծ ուրախութեամբ, ոմանք  ցուցադրեցին իրենց շնորհները`  նուագելով, արտասանելով եւ երգելով:

Օրուան  ճաշը  տրամադրուած  էր  ԼՕԽ-ի «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Պատրաստութիւնը  վստահուած  էր տեղւոյն  խոհանոցի, անձնակազմի շնորհալի ձեռքերուն:

Բուժարանին ծերերը խորապէս գոհ էին այս այցելութենէն: Անոնք  հիւրերուն ուղղեցին  օրհնութեան խօսքեր, իրենց աղօթքներով  խթանեցին հոգեկան վեհագոյն  գոհունակութիւնը:  Յիշատակելի այս օրուան տպաւորութիւնը միշտ   թարմ  պահելու համար իրենց մտքերուն մէջ`  այցելուները  նկարուեցան տնօրէնութեան եւ պատսպարեալներուն հետ: Հիւրերը բուժարանէն մեկնեցան` մաղթելով, որ բազմապատկուին  բարերարներու եւ առատաձեռն ազգայիններու թիւը, որպէսզի ոչ մէկ ծեր անտէր մնայ ու իր կեանքի վերջաւորութեան  ապրի  պատսպարուած  ըլլալու երանութիւնը:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.