Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղ

December 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ  ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին (Նոր Ամանոս), հինգշաբթի,  20 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան  առաջին  ձեռնարկը` դաշտագնացութիւն դէպի  Զըքրիթի Մար Ապտա ուխտատեղիի եկեղեցին  եւ Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու,  համակիրներու եւ 90 ԼՕԽ-ականներու: Իսկ Ժըհիթայի պատմական քարայրին մէջ անոնք  նաւակով շրջեցան  տեսարժան վայրին մէջ: Կէսօրուան ճաշի դադարը տեղի ունեցաւ քարայրին ճաշարանին մէջ, ուր բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Անի  Թիմիճեան: Ապա մասնակիցները այցելեցին Զմմառու վանք, անոր գինետունը եւ թանգարանը` առաջնորդութեամբ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Հաղորդուելէ ետք, ներկաներուն բացատրութիւն տրուեցաւ թանգարանի եւ գինետան մասին: Պտոյտի վերջին հանգրուանն էր Հարիսայի եկեղեցին, ուր ընկերուհիները իրենց ուխտերը կատարելէ ետք, բարձր տրամադրութեամբ եւ գնահատական խօսքերով վերադարձան իրենց տուները` վարչութեան մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Դասախօսութիւն

5 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ ընկերային  հանդիպում-դասախօսութիւն մը` Նոր Ամանոսի  «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին վերանորոգուած  սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի  «Կարինէ» մասնաճիւղին վարչութեան:

Մասնաճիւղի ատենապետ Անի  Թիմիճեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ խօսեցաւ «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգներ» խորագրեալ նիւթին շուրջ: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ հայ մօր եւ յատկապէս հայ խաչուհիի որոշ առաքելութիւններուն մասին` հաստատելով, որ մեր զաւակները մեր ապագան են: «Այսօրուան  երիտասարդութենէն կախեալ է, թէ ի՛նչ ձեւի  սերունդ պիտի ունենանք ապագային»: Ան  վտանգները  բաժնեց   գլխաւոր  երեք տեսակներու. վտանգներ` առնչուած  արկածի,  արհեստագիտութեան եւ ընկերային միջավայրի  հետ: Արկածներու պարագային, ան շեշտը դրաւ ինքնաշարժի արկածներուն  վրայ, որոնց պատճառով դժբախտաբար վերջերս  արձանագրուած զոհերու կարգին հայ երիտասարդներ եւս մահացան:

Արհեստագիտութեան զարգացման պատճառով  համացանցի եւ բջիջային հեռախօսի վտանգներուն անդրադառնալով` ան թուեց  ճնշուածութիւնը, անքնութիւնը, մեկուսացած, անշարժ նստելու պատճառով գիրութիւնը, գլխացաւ եւ այլն… Տոքթ. Ս. Վարդապետեան  ծնողներէն  խնդրեց հսկել ու սահմանափակել  իրենց զաւակներու համակարգիչի եւ բջիջային հեռախօսի գործածութեան ժամերը:

Ընկերային միջավայրի վտանգներուն մասին ան մանրամասն բացատրեց ծխախոտի, ալքոհոլի, թմրեցուցիչի, ինչպէս նաեւ խառն ամուսնութիւններու, միասեռականութեան  հետեւանքները,  որոնք պատճառ կը դառնան հեռանալու հայկական վարք ու բարքէն, աւանդութիւններէն եւ մեր արժէքները պահպանելու պարտաւորութիւններէն:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ  նուիրատուութիւն եւ վիճակաձգութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական  կոկիկ  յայտագիր մը:

Վարձքը  կատար «Կարինէ»  մասնաճիւղի  վարչութեան:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի«Աղթամար» Մասնաճիւղ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.