Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Նանոր Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Առօրեայէն

December 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագրով ամառնային  շրջան մը:   Յանձնախումբի ատենապետին եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով, ամէնօրեայ  դրութեամբ:

Եռամսեայ այդ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր   արժեւորել հայ գիրքը, սիրցնել   ընթերցանութիւնը, ամառնային դասեր,  ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, մտային եւ դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն,  ձեռային աշխատանք, թատրոն,  համակարգիչի  գործածութիւն, պտոյտներ եւ զարգացման  մրցումներ:

Նմանապէս` կազմակերպուեցան պտոյտներ, ինչպէս` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2012-ի  միօրեայ պտոյտը դէպի Լիբանանի  հիւսիսը  գտնուող տեսարժան վայրեր, ուր աշակերտները  միասնաբար անցուցին հաճելի ժամեր:

Իսկ  հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ի  կ.ա. ժամը 11:00-ին աշակերտները  յատուկ ձեռային աշխատանքի քարտով, հրաւիրած էին իրենց  ծնողները եւ հիւրեր` դիտելու եւ լսելու համար իրենց եռամսեայ գործունէութեան աշխատանքները, ներկայացուած` կոկիկ յայտագրով մը: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Շրջ. վարչութենէն Ազատ Սարգիսեան եւ  Սիւզան  Օհանեան, «Ն. Ա.» գրադարանի  յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան, ԼՕԽ-ականներ եւ ծնողներ: Յայտագիրը ընդգրկեց  երկու բաժին: Առաջին մասը նուիրուած էր  հայ գիրքի տարուան, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան ցուցահանդէս` դիտելու  աշակերտներուն կատարած ձեռային աշխատանքները: Փակման խօսքը կատարեց Սիւզան Օհանեան, որ գնահատելով տարուած աշխատանքը, մաղթեց շարունակել երթը` հասնելով լաւագոյնին:

Բոլորին վարձքը կատար եւ յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ:

Նախորդը

Ինչպէս Ստանալ Կատարեալ Կաղանդի Ծառը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի«Աղթամար» Մասնաճիւղ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.