Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻՋԵՒ ՍԵՊ ԽՐԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՋԱՆՔԵՐԸ

May 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սարգսեան եւ Քալմի- Ռէյ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխարհի պետութիւններուն կոչ ուղղեց հետեւելու Զուիցերիոյ օրինակին եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Պաշտօնական այցելութեամբ Զուիցերիա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ զանգուածային լրատուամիջոցներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին եւ անոր մէջ Զուիցերիոյ իրականացուցած միջնորդական դերին:

«Մեր ցանկութիւնն էր Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել: Դժբախտաբար, Թուրքիոյ բարձրաստիճան այրերը ամէն ինչ կ՛ընեն այդ ցանկութիւնը օտարելու համար», Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն յայտնեց նախագահ Սարգսեան: Ըստ անոր, ստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացման ուղղութեամբ քայլեր կատարելու փոխարէն` Թուրքիա միջազգային բարձր ամպիոններէն կը շարունակէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ սեպ խրելու անհեռանկար ջանքերը: «Եւ որքան շարունակուին այդ ջանքերը, այնքան պիտի նուազի լուծման հոլովոյթին նկատմամբ մեր վստահութեան` առանց ատոր ալ նուազագոյնի հասած պաշարը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Զարմանք յայտնելով, որ Թուրքիոյ մէջ չեն գիտակցիր, որ ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած  սփիւռքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբաժան մէկ մասն է, նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման առաջին իսկ օրէն սփիւռքը գործով ապացուցեց, որ հայրենիքի յառաջընթացը իր գերագոյն երազանքն է:

«Սփիւռքահայերը աշխարհով մէկ սփռուած Հայաստանի դեսպաններն են, ինչպէս Զուիցերիոյ մէջ մեր դեսպան աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրը, իսկ շատերն ալ կը գործեն հոգիի կանչով եւ հասարակական հիմունքներով: Ըլլալով իրենց ապաստան տուած երկիրներու արժանաւոր քաղաքացիները, անոնք կրնան իրենց ներդրումը բերել նաեւ մեր երկրին յառաջխաղացման եւ զարգացման», յայտնեց Հայաստանի նախագահը եւ աւելցուց, որ «սփիւռքը մեր հպարտութիւնն է, մեր ուժն է»:

Անդրադառնալով Զուիցերիոյ միջնորդական առաքելութեան  հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ` նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ ատիկա լաւագոյնս կը փաստէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն ներկայիս բացասական շղարշ կը ձգէ Թուրքիոյ եւ ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու յարաբերութիւններուն վրայ:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, ցեղասպանութեան ճանաչումով Զուիցերիա դատապարտեց մարդկութեան դէմ այդ զարհուրելի ոճիրը եւ անով իսկ արդարութեան, պատմական անհերքելի փաստերու եւ մարդկային իրաւունքներու գերակայութեան համահունչ յաղթանակ տարաւ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմատնտեսական բոլոր նկատառումներուն նկատմամբ: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ ամէնէն էականը այն է, որ ատիկա բոլորովին չխանգարեց նոյն Զուիցերիոյ կարճ ժամանակ ետք սատար կանգնելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Զուիցերիոյ օրինակը այս առումով լաւագոյնն է եւ պէտք է ուսանելի դառնայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն համար:

Նախորդը

ՀՅԴ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԱՊՀ-Ի, ԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։