Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 նոյեմբերին Պրազավիլի մէջ տեղի ունեցած օդանաւի արկածին առնչութեամբ ցաւակցական հեռագիր յղեց Քոնկոյի նախագահ Տենիս Սասու Նկուեսոյին եւ զոհուած հայ օդաչուներու հարազատներուն:
Քոնկոյի մէջ «Իլ-76» օդանաւի աղէտին պատճառով զոհուեցան անձնակազմի բոլոր 7 անդամները, որոնցմէ 5-ը` Հայաստանի քաղաքացիներ: Օդանաւին վնասած բնակելի տուներուն եւ այլ շինութիւններուն մէջ զոհուած եւ վիրաւորուած են տասնեակ մը մարդիկ:


