Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի (23 տարեկանէն վար) գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ 4 դեկտեմբերին հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Քալինինկրատ, ուր տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութիւնը:
«Աբովեանի մէջ մեր մարզումները պիտի աւարտենք յառաջիկայ 30 նոյեմբերին, իսկ 1-3 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ մեր վերջին հաւաքը պիտի կատարենք, որպէսզի 4 դեկտեմբերին մեկնինք Քալինինկրատ», ըսաւ Աղամալեան:
Նշենք, որ 9-19 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 8 կռփամարտիկներ:


