Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Մեր Երգ Երգոցը. Աւարտական Հանգրուան

November 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Երեք յաջորդական հանգրուաններով իրագործուած, երաժշտական ու երգեցողութեան արուեստը ծաղկեցնելու առաջադրանքով կազմակերպուած մեր «Երգ երգոց»-ը աւարտեցաւ ամենայն յաջողութեամբ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան յանդուգն ու հետեւողական ջանքերուն արգասիքն է այս, որուն առաջին եւ գլխաւոր ազդեցութիւնը եղաւ մեր երիտասարդ ու պատանի սերունդին խանդավառութիւնը, հայ ջինջ ու զուլալ երգին հետ հաղորդուիլը: Այս կ՛ըսենք մեկնելով այն իրողութենէն, թէ «Երգ երգոց»-ին երեք հանդիսութիւն-մրցանքներուն ներկայ եղան մեծ թիւով երիտասարդներ ու պատանիներ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, որուն աթոռները անբաւարար եղան եւ մրցանքին կազմակերպիչները ստիպուեցան յաւելեալ աթոռներ տեղադրել հանդիսասրահի նրբանցքներուն:

Ներկայ ենք կիրակի, 25 նոյեմբեր 2012-ին, հետաքրքրութեամբ հետեւելու աւարտական հանգրուանի այս մրցանքին, որուն պիտի մասնակցէին չորս մրցակիցներ. Ալիս Իփրաճեան, Վարանդա Եագուպեան, Յարութ Լափաճեան եւ Պօղոս Մալեան:

Դատական կազմի անդամները ներկայ են, առանց բացակայութեան: Անոնք խղճմտութեամբ եւ արդարացի տրամադրութեամբ հետեւեցան մրցանքին, կատարեցին իրենց թելադրանքները, նկատողութիւնները` մթնոլորտը վերածելով երգեցողութեան դասընթացքի պահերու: Մասնակիցները լրջմտութեամբ հետեւեցան այս «դասերուն»: Յառաջդիմութիւնը զգալի եւ տեսանելի եղաւ ոչ միայն դատական կազմին, այլեւ ներկաներուն համար:

«Աղթամար» նուագախումբը իր վարպետ երաժիշտներով խանդավառեց ներկաները` հիանալի նուագածութեամբ: Ինչ կը վերաբերի բեմի յարդարանքին եւ պաստառին վրայ երեւցող նկարներուն, անիկա եղաւ երկրորդ տեսարժան հանդիսութիւն: Շնորհալի եւ վաստակաշատ բեմադրիչ ու դերասան Վարդան Մկրտիչեանի ստեղծագործական շնորհներուն ներկայացումով:

Հաղորդավարներ Վարդան Ազնաւորեան եւ Փաթիլ Տէտէեան, իրենց բացման խօսքերով, շնորհակալական արտայայտութիւններով, ուղղուած մրցանքին հովանաւորներուն եւ քաջալերողներուն` «Վանայ ձայն»-ին, ԱՖՀԻԼ-ին, ԳՈՀԱՐ երգի ու երգչախումբի հիմնարկին, «Փոլօ Թրավըլ»-ին եւ «Այանեան» հաստատութեան: Անոնք ներկայացուցին օրուան չորս մասնակիցները եւ յաջողութիւն մաղթեցին: Յայտագիրը ունեցաւ նախորդ օրերու մրցումներու յայտագիրներէն փոքր տարբերութիւն մը: Իւրաքանչիւր մասնակից պիտի մեկնաբանէր երեք երգ. ժողովրդային, օտար լեզուով եւ հայրենասիրական երգ մը:

Յայտագիրին իբրեւ հիւր երգիչ մասնակցեցաւ Հրաչ Կայծակեան, որ կատարեց մեր հայրենի կորսուած քաղաքներուն յիշատակին նուիրուած երգ մը:

Մրցանքին գնահատութեան մասնակցեցան նաեւ հանդիսականները:

Վերջապէս, արդիւնքը եղաւ արդար. առաջին հանդիսացաւ Ալիս Իփրաճեան, որուն հետեւեցաւ նոյնքան տաղանդաւոր երգչուհի Վարանդա Եագուպեան:

Պօղոս Մալեան եւ Յարութ Լափաճեան գնահատուեցան դատական կազմին կողմէ: Վերջին հաշուով Ալիս եւ Վարանդա գերազանց մրցակիցներ էին:

Նախքան մրցանքի արդիւնքին յայտարարուիլը, հանդիսութեան վերջին մասով ներկաները ուրախութիւնը ունեցան ունկնդրելու դատական կազմի անդամներուն կողմէ ներկայացուած յայտագիր մը: Սոփրանօ երգչուհի Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Հայոց տառեր»-ը: Ատիս Հարմանտեան կատարեց երկու երգ` «Ծփում է Սեւանը» եւ «Լիբանան»:

Օրուան յայտնութիւնը եղաւ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի ղեկավարած, տարիներէ ի վեր Թրիփոլիի մէջ երգահանդէսներ ներկայացնող, արտասահմանի մէջ իր երգահանդէսներով մրցանակներ խլած «Ֆայհա» երգչախումբը: Տեղացի շնորհալի եւ ձայնեղ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ բաղկացած երգչախումբը մեկնաբանեց երեք երգ. խմբերգ` Բարսեղ Կանաչեանի յօրինումներէն «Բամբ Որոտան»-ը եւ «Վարդերի հետ խաղում ես» երգերը, նաեւ արաբերէն խմբերգ մը: Ներկաները ջերմօրէն ողջունեցին երգողներն ու խմբավարը, որովհետեւ հաճելի էին տեղացի արաբ երգողներուն բերնով ու ձայնով հնչող հայերէն երգերը, ճիշդ առոգանութեամբ եւ հնչեղ ձայնարկութեամբ: Պռաւօ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան եւ պռաւօ երգչախումբի անդամներ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն մէջ միշտ պիտի յիշուի այս «Երգ երգոց»-ի մրցանքը, որուն յաղթական երկու երգչուհիները` Ալիսն ու Վարանդան պիտի ներկայացնեն Լիբանանը, Երեւանի «Երգ երգոց» յայտագիրով, յառաջիկայ 12 դեկտեմբերին:

Յաջողութեան մաղթանքներով`

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Եւ Հայաստանի Առաջին Տիկիններուն Այցելութիւնը «Թռչնոց Բոյն»

Յաջորդը

Տեսակէտ. Նկատումներ Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.