ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Փալանճեան քոյրերու մեծագումար նուիրատուութեան շնորհիւ Պէյրութի հայ ճեմարանը օժտուեցաւ սեփական եւ Նշան Փալանճեանի անունը կրող դպրոցաշէնքով: Այսպիսով Նշան Փալանճեանի անունը պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ մեծ եւ լուսատենչ բարերարներու շարքին: «Ազդակ» 23 յունիս 1948-ի թիւով եւ «Նշան Փալանճեան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Կիրակի օր, յաւարտ պատարագի, Ս. Նշան եկեղեցիին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Նշան Փալանճեանի մահուան չորրորդ տարելիցին առթիւ, «Համազգային»ի Կեդրոնական եւ Ճեմարանի տնօրէնութեան խնդրանքով:
Հանգուցեալի յիշատակը յարգող հոծ թիւով բազմութիւն մը լեցուցած էր եկեղեցին: Ներկայ էին տարաբախտ Նշանի վշտալից քոյրերն ու պարագաները, «Համազգային»ի Կեդրոնական եւ տեղական վարչութեանց անդամները, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, վերին դասարաններու երկսեռ աշակերտութիւնը եւ բազմաթիւ ընկերներ ու ազգայիններ:
Հոգեհանգստեան խորապէս յուզիչ արարողութենէն ետք, «Համագզային»ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Գասպար Իփէկեան եւ կարդաց իմաստալից ու գեղեցիկ ուղերձ մը` ի յարգանս անմոռանալի ննջեցեալին:
Անմոռանալի կ՛ըսենք ոչ միայն հիմա, որ Նշան Փալանճեանի բացառիկ անձնաւորութիւնը իր վայելած համակրանքով ու յարգանքով, անջնջելի յիշատակ մը կը դրոշմէ զինք ճանչցողներու հոգիին մէջ, այլ որովհետեւ իր անունը այսուհետեւ գալիք սերունդներուն առջեւ պիտի խորհրդանշէ մեր կրթական հազուագիւտ օճախներէն մէկը` Պէյրութի Հայ Ճեմարանը:
Նշան Փալանճեան ինկաւ իր գաղափարներու եւ եռանդուն գործունէութեան կէս ճամբուն վրայ, հազիւ 43 տարեկան հասակին: Բայց անոր հոգին անփոխարինելի մխիթարանքը ունեցաւ իր քոյրերուն մէջ ճանչնալու այն հարազատ զգացումները, որոնք զինք կ՛ոգեւորէին իր կենդանութեան եւ կը դարձնէին գաղափարապաշտ զինուորը` բարձրագոյն նպատակներու: Փալանճեանի անակնկալ մահը չկրցաւ իր հոգիին թելը վերջնականապէս խզել անոր սիրած գաղափարներէն, որովհետեւ իր երկու քոյրերը, Պէյրութի Հայ Ճեմարանին ըրած իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ գիտցան յաւերժացնել իրենց անզուգական եղբօր յիշատակը:

Այսօր չկայ Նշանը, բայց կայ ու կը տեւէ իր գործը, իր ոգին, կոթողներուն ամէնէն շքեղ ճառագայթումով: Տարիներու յոգնատանջ աշխատանքով դիզած անոր վաստակը ոչ թէ անցաւոր նիւթ է, որ պիտի դառնայ ափ մը հող ու կորսուի ընդունայն, այլ անվերջ վերանորոգուող ու բազմապատկուող մշակոյթի ոգեղէն գանձատուն, ուրկէ պիտի գան հաղորդուելու հայ գրքին ու գրականութեան ծարաւով տոչորուն հայ մանուկներ:
Եգիպտոսի մէջ, հարազատներէ հեռու, առանց ընտանիքի ու զաւակներու, միս մինակը մեռաւ մեր սիրելի Նշանը: Բայց այսօր, իր մահէն չորս տարի յետոյ, ան տէր է արդէն մեծ ընտանիքի մը եւ բազմահարիւր զաւակներու, որոնց մեծ մասը, այնքան երկիւղած սիրով ու յարգանքով, Կիրակի օր, Մ. Նշան եկեղեցիէն ներս, եկած էր իր յիշատակը շրջապատելու:
Հայ Ճեմարանը, որուն սեփական շէնքի ճակտին պիտի շողշողայ Նշան Փալանճեան անունը, կեանքով ու ոգեւորութեամբ խլրտուն իր տունն է այսուհետեւ եւ Ճեմարանի երախտագէտ սերունդը` իր մեծ ընտանիքը:
Ոչ մէկ ճիգ ու քրտինքի կաթիլ կը կորսուի, երբ ի սպաս կը դրուի ազգային ու հանրային նուիրական ձեռնարկներու: Փալանճեան քոյրերը իրենց եղբօր ստեղծագործ տաղանդին արգասիքը յաւերժութեան կտակելու համար չէին կրնար աւելի լաւ միջոց մը խորհիլ, քան այն ինչ որ ըրին, Պէյրութի Հայ Ճեմարանը օժտելով սեփական շէնքով: Ինչպէս շեշտեց Գ. Իփէկեան հոգեհանգիստի արարողութեան վերջաւորութեան. «Շնորհիւ այդ նուիրատուութեան էր որ Պէյրութի Հայ Ճեմարանը վերջապէս տէր դարձաւ իր դիրքին եւ նպատակին վայել շէնքի մը եւ կալուածի մը, Պէյրութի հայաբնակ Ս. Նշան թաղի կեդրոնին մէջ»: Հայ ժողովուրդի երկու մեծ զաւակներուն, Ն. Աղբալեանի եւ Լ. Շանթի քսան տարի առաջ հիմնած հոգեւոր շէնքը, երկու ազնիւ հայուհիներու զոհողութեան ոգիով, կը վերահաստատուի ահաւասիկ, կը ստանայ ձեւ ու կառոյց, կը դառնայ իրական եւ ամրաշէն պատնէշը մեր ազգային մշակոյթի ու ինքնապաշտպանութեան:
Նշան Փալանճեանի անունը իր արժանաւոր տեղը կը գրաւէ այն մեծ բարերարներու շարքին, որոնք լուսատենչ մեր ժողովուրդին աւանդապահները հանդիսացան` Մուրատ-Ռաֆայէլեան, Լազարեան, Սանասարեան կամ կեդրոնական վարժարաններու նման կրթական օճախներ վառելով, ուրկէ տարիներ շարունակ հայ մտքին ու հոգիին լոյսը ճաճանչեց եւ ուրկէ մեկնեցան ի սփիւռս աշխարհի մեր վերածնունդին անձնուէր առաքեալները:
Երկու տասնամեակէ ի վեր իր վարիչներու եւ ուսուցչական կազմի լուռ զոհողութիւններուն եւ աննկուն կամքին շնորհիւ, Պէյրութի Հայ Ճեմարանը գաղթաշխարհի մէջ կը շարունակէ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման ամէնէն կարեւոր կեդրոններէն մէկը մնալ: Ճեմարանական սերունդ մը կայ արդէն, որ մեր կրթական, լրագրական, հանրային ու գիտական աշխատանքներու բոլոր մարզերուն վրայ ակօս կը բանայ եւ առաջաւոր դիրքեր կը գրաւէ: Մինչեւ այսօր այս հաստատութիւնը երերուն էր ու տագնապներու ենթակայ, սեփական յարկէ զուրկ էր անհաստատ գոյութեամբ: Հիմա ան կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը, նոր շրջան մը, որ վստահօրէն պատմական արժէք ու նշանակութիւն պիտի ներկայացնէ ոչ միայն Լիբանանի հայութեան, որուն ծոցին մէջ կը գտնուի, այլ նաեւ Սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն, որոնք աւելի լայն հնարաւորութիւններ պիտի ունենան օգտուելու «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի սփռած բարիքներէն»:
* * *
Յաջորդ օր, 24 յունիս 1948-ի թիւով, «Ընկեր Նշան Փալանճեան» խորագիրով եւ Լութեր ստորագրութեամբ յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր.
«Չորս տարի առաջ Գահիրէէն տրուած հեռագիր մը կը գուժէր անզուգական Նշանին մահը:
Երիտասարդ, կորովի, ապրելու եւ ստեղծագործելու տենդով վարակուած այս երիտասարդին մահուան անկարելի էր հաւատալ: Քառասուներեք տարեկան ու յանկարծամահ, ինչպէ՛ս հաշտուիլ այս հակասութեան հետ:
Անցած է չորս տարի, ու տակաւին չենք ուզեր հաւատալ, աւելի ճիշդ չենք ուզեր հաշտուիլ անոր մահուան հետ:
Այսպէս են մահերը, որ կը պատահին մեր աչքերէն հեռու: Երբ չես տեսած սիրելիի մը թաղմանական ծանր ու ճնշող արարողութիւնները, կարծես անոնք պիտի յայտնուին մէկ օրէն միւսը` իրենց ներկայութիւնը հաստատելու համար:
Սակայն այդ ներկայութիւնը միթէ՞ ֆիզիքական գոյութեամբ է երաշխաւորուած: Չի՞ բաւեր անոնց յիշատակը, ապրեցնելու համար զանոնք ապրողներու այս աշխարհին մէջ, երբ անոնք կը գտնուին անդիի դէմը:
Նշան Փալանճեան բացառիկ երեւոյթ մըն էր մեր հանրային կեանքին մէջ: հարուստներ շատ ենք ունեցած եւ ունինք: Անոնց մէջ գտնուած են մարդիկ, որոնք իրենց ունեցածէն բաժին հանած են ժողովուրդին, ունեցած ենք բացառիկ դէմքեր, որոնք իրենց առատաձեռնութիւնը հասցուցած են լայն չափերու, սակայն չենք ունեցած գրեթէ մէկը, որ իր ամբողջ նիւթական կարողութիւնը տրամադիր ըլլար յատկացնելու հանրային նպատակներու:
Նշանը այն բացառիկ դէմքն էր, որուն հարստանալու ամբողջ ճիգը թելադրուած էր իր շահը բաշխելու մոլուցքէն: Բոլորն ալ գիտէին որ առեւտրականի եւ մասնագէտ արհեստաւորի լայն կարողութիւններով օժտուած այս երիտասարդը, իր դիզած հարստութիւնը պիտի յատկացնէ օգտակար նպատակներու: Ու արդէն վերջին տարիներուն երբ իր գործը սկսած էր քալել լայն ոստիւններով, անիկա իր քսակը նոյնացուցած էր հանրային պահանջներուն հետ: ԸՆկերները իրենցը կը նկատէին անոր ունեցածը ու այսօր բոլորն ալ գիտեն որ եթէ ապրէր Նշանը, բացառիկ ոգիով պիտի յաջողէր տասնապատկել հարիւր հազարները` զանոնք օր մը իր ժողովուրդի բարիքներուն յատկացնելու համար:
Նշանի այդ ոգին ճանչնալով է որ, անոր քոյրերը իրենց յանկարծամահ եղբօր փափաքը գործադրած եղան` մեծագումար նուիրատուութիւն մը ընելով հայ Ճեմարանին:
Յարգանքի եւ սուգի այն սարսուռը, որ անցաւ բոլորին վրայէն իր անակնկալ մահուան լուրը լսելով, որեւէ ակնկալութեան չէր կապուած: Ընկերները կ՛ողբային այս սքանչելի հայը, խորապէս գիտակցելով անոր անդարմանելի կորուստը, «Յուսաբեր» եւ «Ազդակ» օրաթերթերը իր ատենին յարգանքի իրենց համեստ տուրքը տուին արդէն մեր ընկերոջ յիշատակին: Մեզ համար անձն էր արժէքը եւ ոչ թէ անոր նիւթական կարողութիւնը: Գիտէինք, որ Նշանը ոչ միայն հպարտ չէր իր ունեցած բարեկեցիկ վիճակին համար, այլ յաճախ «կ՛ամչնար» որ ինքը հարուստ է:
Այդ պատճառաւ ալ մասնաւոր կերպով գործօն ընկերներու շրջանակին մէջ, ինքզինքը մեղաւոր կը դաւանէր ու կը տառապէր, որ ժամանակ չունենար նուիրուելու հանրային աշխատանքներու: Թէեւ սովորական չափանիշով անիկա կը հասնէր բազմաթիւ գործերու, այդքանը չէր գոհացներ զինքը, այս պարագան գիտնալով էր որ ընկերները ժպիտով մը կը պատասխանէին անոր ինքնաքննադատութիւններուն, կարծես լռելեայն ըսել ուզելով, որ սիրելի Նշա՛ն լաւ է որ դո՛ւն ալ գործի մարդ դառնաս, որովհետեւ գիտենք որ քու աշխատանքիդ արդիւնքը կը պատկանի հանրութեան:
Այդ աշխատանքը նոյնպէս պատուաբեր էր իր ժողովուրդին համար, անիկա սովորական, չէրչիի հոգեբանութեամբ առեւտրական մը չէր, այլ լայն հորիզոններ ունեցող բնածին տաղանդ մը, որ գիտէր նիւթականին հետ նաեւ բարոյական վարկ շահիլ հրապարակին վրայ, ու այս պարագան փոքր արժանիք մը պէտք չէ համարել մանաւանդ այս օրերուն, երբ մարդիկ կը կարծեն, որ դրամ շահելու համար ներելի է ոտքի տակ առնել եւ մարդկային արժանապատուութիւն եւ ամէն տեսակ բարոյական հասկացողութիւն:
Նշան Փալանճեանի դէմքն ու անոր տուած օրինակը պէտք է վարակիչ դառնայ մեր հարուստներուն համար: Այս անցաւոր կեանքը ոչի՛նչ, ոչինչ չի ձգեր մեր ետին, եթէ ոչ անուն մը լաւ կամ գէշ, եւ կամ առնուազն մոռցուելու դատապարտուած: Դրամը, կալուածները, ժառանգորդներու մսխումը բաւական չեն յիշատակ մը ձգելու համար: Աւելին ըլլալով անոնք նախատինքի հրաւէր մը կը կազմեն լայն գիտակցութեան հասած ժողովուրդին: Հարստանալու բախտը, նախաձեռնութեան ոգին, պէտք է վերջին հաշուով նպատակի մը ծառայեն, այսպէս ընդունուած է ներկայիս քաղաքակիրթ ազգերու մէջ, ու վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ եւրոպական ու ամերիկեան ժողովուրդներու ունեւոր դասակարգին ժառանգութիւնը երեք քառորդով հանրային հաստատութիւններու կը յատկացուի: Եւ այս, երբ հնարաւորութիւն ալ չկայ մեծ ազգերու մէջ նիւթական զոհողութիւններով անմահանալու: Այնտեղ շարժառիթը տալու սովորութիւնն է ու ենթակային հոգեկան բաւարարութիւնը, մինչդեռ մեր մէջ այդ բոլորին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ սերունդէ սերունդ անմահանալու խայծը:
Նշան Փալանճեան անունը որ հոգեկան քանդակ մըն էր մեր հոգիներուն մէջ, յետ այսու պիտի քանդակուի նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն հաստատութեան` Հայ Ճեմարանի ճակտին, ու պիտի դառնայ նաեւ ֆիզիքական գոյութիւն մը:
Անոր յիշատակը անմահ պիտի մնայ, ու վստահ ենք, անոր օրինակը նաեւ պիտի դառնայ վարակիչ»:
* * *
Այնուհետեւ, 29 յունիս 1948-ի թիւով եւ «Հայ Ճեմարանը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ կը գրէր.
«Պէյրութի Հայ Ճեմարանը լրացուց իր հիմնադրութեան 19-րդ տարին եւ վերամուտին կը թեւակոխէ 20-րդին մէջ: Ճեմարանի քսանամեակը կը զուգադիպի բախտորոշ եւ մեծ ձեռնարկի մը – սեփական շէնքի եւ կալուածի տիրացում: Պատմական անկիւնադարձ մըն է ասիկա Ճեմարանի գոյութեան եւ յարատեւ վերելքի ճամբուն վրայ:

Հարկ եղաւ քսան երկար ու տագնապալից տարիներ սպասել, որպէսզի հայեցի կրթութեան այս բացառիկ հաստատութիւնը վերջապէս հիմնաւորուի, արմատ բռնէ եւ օժտուի իր կատարած դերին եւ իր հետապնդած բարձր նպատակներուն վայել շէնքով մը: Ճեմարանի հիմնադիրները եւ վարիչները վստահ էին, որ պիտի գար այս օրը, պիտի արդիւնաւորուէր գաղափարական այն դաշտը, ուր այնքան ճիգ եւ քրտինք հոսեցան:
Ո՜վ որ մօտէն ծանօթ է Ճեմարանի ներքին կեանքին ու պատմութեան, ան միայն կրնայ գաղափար մը կազմել թէ ինչպիսի զոհողութեանց գնով յարատեւեց ան եւ յաջողեցաւ իր գոյութիւնը կանգուն պահել ամէն տեսակ փոթորիկներու մէջէն: Ինչպէս մեր ազգային ինքնապաշտպանութեան ամբողջ գործը, նոյնպէս եւ անոր առաջաւոր բերդերէն մէկը հանդիսացող Հայ Ճեմարանը հաւատքի եւ նուիրումի ձեռնարկ մըն էր, որուն ջահակիրները ընկրկում չճանչցան բնաւ եւ մնացին պատնէշի վրայ, հակառակ ծանր դժուարութեանց, Պատնէշի վրայ ինկաւ անոր հիմնադիրներէն մէկը` անզուգական Նիկոլ Աղբալեանը: Պատնէշին վրայ պայքարը կը շարունակէ, երիտասարդի կորովով, իր ալեւոր ընկերը, կրթական եւ գրական վաստակաւոր մշակ Լեւոն Շանթ:
Այս երկու մեծ առաքեալներու կողքին, Ճեմարանի հոգեւոր շէնքին ծանրութիւնը իրենց ուսերուն կրեցին խումբ մը գաղափարապաշտ ուսուցիչներ, ամէնէն աննպաստ պայմաններու մէջ, առաւելագոյն աշխատանքի փոխարէն նուազագոյնի վարձատրութեամբ գոհանալով:
Պէյրութի Հայ Ճեմարանը, ուրկէ հայ մշակոյթին լոյսը ճաճանչեց տասնեակ տարիներ, մեր ազգային տոկունութեան եւ անխոտակելի հաւատքին փաստերէն մէկն է անկասկած: Հանրային շատ քիչ հաստատութիւններ պիտի կարենային դիմադրել իր ստացած հարուածներուն: Վառ յոյսերու ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ հազիւ հիմնուած Ճեմարանը ենթարկուեցաւ տնտեսական միջազգային ծանօթ տագնապին եւ ինզինք գտաւ նիւթական հասոյթի ծամքած աղբիւրներուն առջեւ:

Վրայ հասաւ համաշխարհային երկրորդ մեծ պատերազմը: Հսկայ ցնցումին եւ պարենանիւթերու տարապայման սղութեան իբրեւ հետեւանք, Ճեմարանը հարկադրուեցաւ փակելու գիշերօթիկներու բաժինը:
Տեղը, այսինքն շէնքը, Ճեմարանի մեծագոյն ցաւերէն մէկն էր: Հին ու խարխլած այն բնակարանն իսկ, ուր Ճեմարանը ապաստան գտած էր իբրեւ վարձակալ, քանդուելու սպառնալիքին տակ ինկած էր: Արդարեւ երկու տարի առաջ կառավարական որոշում մը կը հրահանգէր պարպել զայն անմիջապէս: Ի՞նչ ընել, ո՞ւր երթալ, վարձքերը կրակի գին, իսկ դպրոցի յարմարութիւններով օժտուած խոշոր շէնք ճարելը` հրաշքի համազօր բան մը:
Ահա այս ծանր կացութեան մէջ է, որ Եգիպտոսէն հնչեց յանկարծ աւետաբեր ձայն մը.- Փալանճեան քոյրերու առատաձեռն նուիրատուութեան լուրը: Հազիւ տարի մը անցած է այդ փրկարար նուիրատուութեան վրայէն, Ճեմարանը տէր է արդէն գեղատեսիլ եւ պատուաբեր շէնքի ու կալուածի Ս. Նշան թաղի հայաշատ կեդրոնին մէջ:
Մեր անհուն երախտագիտութեան արժանի են ոչ միայն անոնք, որ իրենց մեծ ու փոքր կտակներով եւ նուիրատուութեամբ ամրապնդեցին Ճեմարանի գոյութիւնը, այլ նաեւ անոնք, որ զոհողութեան սքանչելի ոգիով, Ճեմարանի յարկէն ներս այսքան տարի շունչ եւ կեանք սպառեցին, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները չզրկուին իրենց պապերու հոգեկան ժառանգութենէն»:


