Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 350 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցանքին

November 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2012-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու աշակերտները ողողած էին զայն: Անոնք խուռներամ բազմութեամբ ներկայացած էին մասնակցելու «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին:

Աւելի քան 350 աշակերտներ ժամանած էին 18 հայկական վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան (Այնճար), ՀԲԸՄ Լեւոն Նազարեան վարժարան, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Մրցումը ըստ սովորականին սկսաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներով, որոնց համար հետաքրքրական նորութիւն մըն էր մրցումը: Այսպէս առաջին հանգրուանը սկսաւ ժամը 3:00-ին. այս դասարանի աշակերտներուն թիւը շատ բարձր էր, անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կատարեցին «Անսխալ գրենք» մրցումը: Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի նուէրներ, որոնք ամէն տարուան պէս  տրամադրուած էին «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար մուտք գործեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները ժամը 4:00-ին եւ  6-րդ դասարանի աշակերտները ժամը 5:00-ին: Անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան յիշատակի նուէրներ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք ամէն տարի կանոնաւոր ձեւով իրենց փոքրիկները կը մղեն մասնակցելու այս մրցումին` սատար կանգնելով մայրենի լեզուին ու անոր գոյատեւման, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր աշակերտներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան ու մեծ լրջութեամբ կը կատարեն մրցումը: Ի վերջոյ մեր շնորհակալութեան խօսքը հայ ծնողներուն, որոնք միշտ ալ զոհողութեան իրենց բաժինը կը բերեն նման ձեռնարկներուն` սատար հանդիսանալով անոնց յաջողութեան:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորի Հիմնած Կեդրոնի Բացման

Յաջորդը

«Փաթրիոթ» Հրթիռներու Տեղակայումը Սուրիական Լայնածաւալ Յարձակումէ Մը Զգուշանալու Կարեւոր Քայլ Մըն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.