Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Վիեննայի մէջ (Աւստրիա) հիմնեց Կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն մը: Սոյն կեդրոնի հիմնադրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ու ապագային անոր գործունէութեան պիտի մասնակցին նաեւ Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ պետութիւնները:
Յիշեալ կեդրոնին բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 26 նոյեմբերին` մասնակցութեամբ երեք երկիրներու պետական պատասխանատուներուն եւ խումբ մը յատուկ հրաւիրեալներու: Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած էր անձամբ իր մասնակցութիւնը բերելու կեդրոնի բացման, ինչպէս նաեւ անոր անմիջապէս յաջորդող սեմինարին: Յանուն վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայ գտնուեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեան յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Սիմոնեան-Փիրրի:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ուղղեց գրաւոր յատուկ պատգամ մը, ուր ողջունելով յիշեալ կեդրոնի բացումը, զայն նկատեց «մեծապէս գնահատելի նախաձեռնութիւն մը` յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան այս վճռական հանգրուանին»: Անդրադառնալով համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ տարբեր հաւատքի, մշակոյթի ու ազգութեան պատկանող համայնքներու գոյակցութեան` վեհափառ հայրապետը շեշտեց այդ «գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը` ներկայ ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն դիմաց»: Վեհափառը յիշեց, թէ «քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը հասարակաց արժէքներ ու աւանդութիւններ ունին` իբրեւ միաստուածեան կրօններ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ամրապնդել ինչ որ կը միացնեն երկու կրօնները` միաժամանակ յարգելով անոնց տարբերութիւնները»: Իր պատգամի վերջաւորութեան վեհափառը կը յիշեցնէ, թէ «հայ ժողովուրդը իսլամութեան հետ դարեր շարունակ գոյակցած է. եւ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ այդ գոյակցութիւնը նոր արտայայտութիւն գտած է»` յայտնելով, որ հայ ժողովուրդի զաւակները միշտ պատրաստ են իրենց հարուստ փորձառութեամբ նպաստելու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ու գործակցութեան:


