Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Վանայ ձայն»-ին, կիրակի, 25 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգ երգոց» երգի մրցանքի աւարտական հանգրուանը:
Բեմավարներ Վարդան Ազնաւուրեանի եւ Փաթիլ Տէտէեանի բարի գալուստի խօսքերով սկսաւ հանդիսութիւնը: Աւարտական հանգրուանի առաջին բաժինին ընթացքին չորս մասնակիցները` Յարութ Լափաճեան, Ալիս Իփրաճեան, Պօղոս Մալեան եւ Վարանդա Եագուպեան երգեցին երկու երգեր, մէկը` հեղինակային, իսկ երկրորդը` օտար: Ապա ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգիչ Հրաչ Կայծակեան, որ ներկայացուց ժողովրդական երգերու փունջ մը:
Երգի մրցանքի երկրորդ բաժինին ընթացքին, մասնակիցները երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, տղաքը` «Պատերազմ էք գնում», իսկ աղջիկները` «Երազ իմ երկիր հայրենի»: Վերջին երգերու կատարումներուն ընկերակցեցան դատական կազմի անդամներու նկատողութիւններուն եւ տեսակէտներուն փոխանցումները: Դատական կազմի անդամներ Պարգեւ Թասլաքեան, Ատիս Հարմանտեան եւ Շողիկ Թորոսեան ներկայացուցին իւրաքանչիւր մասնակիցի երեք կատարումներու ամբողջական արժեւորումները:
Ապա, Շողիկ Թորոսեան եւ Ատիս Հարմանտեան ներկայացուցին մեներգներ, մինչ «Ֆայհա» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի, ունեցաւ իր ելոյթը:
Աւարտին, «Ֆէյսպուք»-ի, հանդիսատեսներու եւ դատական կազմի քուէարկութիւններու արդիւնքներուն միատեղումէն ետք, յայտարարուեցան անունները երկու մասնակիցներուն, որոնք պիտի մեկնին Հայաստան` մասնակցելու հայրենի «Երգ երգոց» մրցանքին: Ուրեմն, առաջին դիրքը գրաւեց Ալիս Իփրաճեան, իսկ երկրորդ դիրքը` Վարանդա Եագուպեան:
«Երգ երգոց»-ը իր մասնակիցներուն որակով, կազմակերպուածութեամբ, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, բեմական յարդարումով, լուսաւորումի եւ ձայնի բարձրորակ սարքաւորումով ստեղծեց երգարուեստի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն եւ քաջալեր հանդիսացաւ նորահաս երիտասարդներուն` բացայայտելու իրենց կարողականութիւնները եւ տաղանդները:


