Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կը Հաստատուի Նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներու Միութիւն

November 21, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին` Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները ուրբաթ երեկոյեան հաւաքուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին շուրջ: Խօսք առնելով` նախկին ՀԵՀՈՄ-ական Յակոբ Հանտեան անդրադարձաւ անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն ՀԵՀՈՄ-ի կատարած աշխատանքին: Իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ ան շեշտեց համալսարանական ուսանողները քով-քովի բերելու եւ մեր գաղութի կեանքին մէջ անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու գծով ՀԵՀՈՄ-ի կարեւոր դերը, եւ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներ հաւաքուած են նոյն միութեան ծննդավայրը դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնին մէջ` այս անգամ շրջանաւարտ ՀԵՀՈՄ-ականներու միութիւն մը յառաջացնելու հեռանկարով:

Վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց այս գեղեցիկ երեւոյթը, երբ` «համալսարանաւարտ երիտասարդներ քով-քովի գալով` կը փորձեն միասնաբար մտածել, ծրագրել, աշխատիլ ու կազմակերպել, որպէսզի հայ համայնքը իր կառոյցներով ու հաւաքական կեանքով դառնայ աւելի կազմակերպ ու կենսունակ»: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց համալսարանաւարտներուն դերը մեր կեանքին մէջ: «Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է: Հարցերուն կամ ծրագիրներուն մակերեսային, հապճեպ, սիրողական մօտեցումները ընդունելի չեն ընկերութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Մեր կեանքէն ներս եւս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մասնագիտական մօտեցումներու` քաջալերելով երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութիւնը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Գաղութներուն տուած իմ հովուապետական այցելութիւններուս ընթացքին առաջնահերթ կարեւորութիւն  տուած եմ հանդիպելու երիտասարդներու, մանաւանդ` համալսարանականներուն հետ, որովհետեւ անոնք կ՛ապահովեն մեր գաղութին կենսունակութիւնը, զարգացումը ու յառաջդիմութիւնը: Հարկ է ամէն ճիգ թափել, որպէսզի մեր համալսարանականները հեռու չմնան մեր կեանքէն: Անոնք իրաւունք չունին հայ կեանքի լուսանցքին վրայ ըլլալու. անոնց տեղը մեր կեանքի մայր էջին վրայ է, եւ մասնակցողի, ո՛չ դիտողի, գործողի, եւ ո՛չ սոսկ թելադրողի, առաջնորդողի եւ ո՛չ հետեւողի դերով»:

Ապա վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ տարի մը առաջ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներէ բաղկացած խումբ մը իր թելադրութեամբ աշխատանք մը կատարած էր` ընդհանուր ուղեգիծ մը պատրաստելու: «Մեր նպատակն է,- ըսաւ վեհափառ հայրապետը,- առաջին հերթին Լիբանանի մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները ի մի համախմբել, ապա մեր զանազան գաղութներուն մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները մասնակից դարձնել այս գործընթացին, եւ վերջապէս, այս շարժումին ծիրը ընդլայնելով` բոլոր հայ համալսարանաւարտները ներառել նոյն գործընթացին մէջ: Անհրաժեշտ է հանգրուանային կերպով յառաջանալ,- շեշտեց վեհափառը,- եւ աւելին. մեր նպատակը միութիւն կամ կառոյց կամ կազմակերպութիւն յառաջացնել չէ, այլ համալսարանաւարտները մղել է ու քաջալերել` միասին մտածելու, ծրագրելու ու աշխատելու մեր գաղութներէն ներս»:

Ապա ներկաները խօսք առին եւ իրենց ուրախութիւնը ու մանաւանդ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մասնակից դառնալու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները հաւաքական աշխատանքի մղող այս յոյժ կարեւոր ծրագրին:

Հաւաքին ներկայ էին շուրջ հարիւր նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներ: Յայտնենք, որ ՀԵՀՈՄ-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջացած շարժում մըն է 1963-ին, եւ ՀԵՀՈՄ-ին առաջին հոգեւոր պատասխանատուն եղած է Գարեգին վարդապետ (ապա` կաթողիկոս) եւ յաջորդաբար միաբան հայրեր ստանձնած են հոգեւոր խորհրդատուի պաշտօնը:

Նախորդը

Երգիչ Նշան Ջաղացպանեանին Ելոյթը Ազունիէի Հայ Բուժարանին Մէջ

Յաջորդը

Զանգուածները Ընդվզեցնող Զարգացումներուն Խորքը (3). Իշխանաւորներու Նոր «Դասակարգ»-ը Եւ Անկէ Արտաքսուողները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.