
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Սաժես, արձանագրելէ ետք իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ: Անիկա, 30 կէտի տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Պէյրութը, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցած մրցումին: Անդրանիկ կրեց իր երրորդ պարտութիւնը:
Շանվիլ 102-76 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հուփսի: Նախորդ մրցումներուն նման, իր տպաւորիչ ելոյթները շարունակեց Շանվիլի մարզիկներէն` Սեւակ Քեթենճեան:
Մնացեալ մրցումներուն, Ռիատի Պէյրութ յաղթեց Անիպալ Զահլէի, 119-72 արդիւնքով, Մութթահետ` Ամշիթի (92-72), իսկ Պաժժէ` Պիպլոսի (76-71):


