
«Հիլթըն-Հապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) մամլոյ ասուլիս մը տալով` «Մայք Սփոր» վաճառատան սեփականատէր` Սամիր Սալիպա հրապարակեց իր ցանկը, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն: Սալիպա, որ կը գլխաւորէ ցանկը, ինքզինք առաջադրած է որպէս նախագահ:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին այժմու նախագահ Մէյ Մունլա Շըմիթլի, նախկին նախագահ Ռիատ Հատտատ, ակումբներու պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Իր խօսքին մէջ Սալիպա ըսաւ, որ բոլոր կողմերէն թեկնածուներ նկատի առած է իր ցանկին մէջ, որպէսզի կազմուի համախոհական ցանկ մը եւ անոր բոլոր անդամները ընտրուին` առանց մրցակից կազմի մը ներկայութեան:
Ապա ան հրապարակեց այդ ցանկը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն` Սամիր Սալիպա, Մէյ Մունլա Շըմիթլի, Շաֆիք Հաշեմ, Էռնեսթ Ֆլէյհան, Նախլէ Ապպուտի, Նահիա Ապուխալիլ, Ռիշար Հաժ, Ռիմոն Քաթթուրա եւ Արեֆ Մարտինի:
Իր խօսքին վերջին բաժինով Սալիպա ներկայացուց ընտրուելու պարագային կատարելիք իր ծրագիրները, որոնց կարգին կարեւորագոյնը կարելի է նկատել այն, որ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ պէտք է թենիսի մրցաշարքեր կազմակերպուին, որպէսզի կարելի ըլլայ անուանի աստղեր յայտնաբերել:
Աւարտին, որոշուեցաւ նախկին նախագահ Ռիատ Հատտատը թենիսի ֆետերասիոնին պատուոյ նախագահ անուանել: Բան մը, որ վաւերացուեցաւ բոլորին կողմէ:


