ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Շաբաթ օր մըն էր, շարունակելով հարցազրոյցներս Այնճարի երեւելի գործարարներու հետ, ներկայացայ երկրագործական ճարտարագէտ Եսայի Հաւաթեանին` իր գիւղատնտեսական հաստատութեան գրասենեակին մէջ, առաւօտեան ժամը տասի շուրջ: Գրասենեակին մէջ արդէն արեւէն խանծած դէմքերով չորս հինգ հայ-արաբ մշակներ նստած էին: Բոլորն ալ եկած էին իրենց պարտէզներուն վերաբերող հարցումներով: Մէկը կը հարցնէր, «Ամմօ Եուսեֆ, պարտէզիս ձմերուկները պզտիկ կը մնան, ի՞նչ ընեմ»: «Քիչ մը քիմաուի ցանէ անոնց թուփերուն շուրջ եւ լաւ մը ջրէ», կը յանձնարարէր Եսային: Ուրիշ մը` ձեռքին դեղնած տերեւը ցոյց տալով. «Վարդերուս տերեւները կը թոշմին, ի՞նչ ընեմ»: Եսային տերեւը խոշորացոյցով քննելէ ետք կ՛ըսէ. «Վարդերուդ թուփերուն վրայ «աքարոզ» եկած է, առ սա երկու դեղերը, իրար խառնելով` շաբաթը մէկ անգամ զանոնք սրսկէ»:
Երրորդ մը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ իր խաղողները չհասունցած` կը սկսին ջրոտիլ ու ապա կը փճանան: Եսային անոր կը պատուիրէ, որ խաղողին ազոխ վիճակին մէջ, երկու շաբաթը անգամ մը ողկոյզները սրսկէ «քիւքիւրթով» (Sulphur): Ուրիշ մը կ՛ըսէ.«Պրն. Եսայի, պարտէզիս մէջ 200 հատ դեղձի ծառ ունիմ, տերեւները սկսան թոշմիլ, ի՞նչ կրնամ ընել»: Խոշորացոյցը նորէն գործի կ՛անցնի. «Եղբա՛յր Մոսիկ, պարտէզիդ մէջ հիւանդութիւն ինկած է, ուրիշ ճար չունիս, գնա բոլոր ծառերը կտրէ ու նորերը ցանէ»: Այսպէս, շարունակաբար, շունչը սպառելու աստիճան իր խորհուրդներով կը գօտեպնդէ Պեքայի ու Լիբանանի զանազան կողմերէն եկող հողամշակները: Յաճախորդներուն չորսը կ՛ելլէ, հինգը կը մտնէ, վայրկեաներն ու ժամերը կ՛անցնին, ու ես տակաւին հարցումներու չեմ սկսած:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի՛ Եսայի, ի՞նչ բան քեզ մղեց երկրագործական ճարտարագիտութեան հետեւելու: Տեղեակ ենք, որ պատանեկութեանդ բանաստեղծութիւն կը գրէիր:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Առ ի գիտութիւն, քանի մը հատոր լեցնելու չափ նիւթ ունիմ ձեռագիր վիճակի մէջ,` զանազան նիւթերու մասին` ժամանակ չունիմ զանոնք կարգի բերելու եւ հրատարակութեան տալու: Ինչ կը վերաբերի ասպարէզիս ընտրութեան, ես հողի զաւակ եմ եւ հողով կ՛ապրիմ:
Հ.- Կրնա՞ս կարգ մը տեղեկութիւններ տալ կենսագրութեանդ մասին`
Պ.- Ծնած եմ Այնճար, 1960-ին, Ճեպէլ Մուսայի խըտըրպեկցի ծնողներէ, հայրս Մարտիրոս Հաւաթեան եւ մայրս Լուսին Ղուկասեան է, երեք քոյրերու միակ եղբայրն եմ: Այնճարի Գ. Կիւլպենկեան-Յառաջ ազգ. վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած եմ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղայ 1982-ին` երկրագործական ճարտարագիտութեան վկայականով: Ամուսնացած եմ Ցօղիկ Թաշճեանին հետ, ունիմ երկու դուստրեր` Լալէ եւ Նարէ, երկուքն ալ` Հայկազեան համալսարանէն շրջանաւարտ: Գիւղին ընկերային մշակութային եւ կուսակցական կեանքին աշխուժ մասնակցութիւնս կը բերեմ:
Հ.- Այնճարի մէջ քեզմէ զատ ուրիշ անձեր հետեւ՞ած են երկրագործական ճարտարագիտութեան:
Պ.- Հին սերունդէն կարելի է յիշել Վահէ Աշգարեանը, Զարմայր Մինասեանը, որոնք մեծապէս օգտակար եղած են Այնճարի գիւղատնտեսութեան: Միջին սերունդէն կարելի է յիշել Մովսէս Գէորգեանը, Պօղոս Տումանեանը եւ Իսկուհի Գալոշեանը, անշուշտ կան նաեւ ուրիշներ:
Հ.- Այսօր ի՞նչ է վիճակը Այնճարի հողագործութեան` բաղդատած 20-30 տարիներու առաջուան վիճակին:
Պ.- Շրջան մը խնձորի պարտէզները գերիշխող էին, այժմ անոնց տեղը գրաւած են այլ պտուղներ , ինչպէս` սալոր, տանձ, դեղձ, խարմա եւ խնձորի նոր տեսակներ: Իսկ խաղողի այգիներուն տեղը գրաւած են բանջարանոցները:
Հ.- Գիւղացին այսօր ինչ՞ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի:
Պ.- Գիւղացիին յաւիտենական թշնամին բնութիւնն է: Տարի մը շատ տաք է, ամէն ինչ կ՛այրի, ուրիշ տարի մը կարկուտը կը փճացնէ պտղատու ծառերուն նոր ծլած ծաղիկները: Յորդառատ անձրեւ եւ կամ անձրեւի պակաս: Գիւղացին միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ բնութեան բոլոր խաղերուն:
– Քաղաքական անկայուն վիճակը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը ժխտական ձեւով ազդած է ամբողջ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ, ներառեալ` գիւղատնտեսութեան: Զանազան տեսակի պտուղներ կ՛արտահանուէին Սուրիա, Յորդանան եւ այլ արաբական երկիրներ: Այսօր արտահանումը նուազագոյնի իջած է:
– Հիւանդութիւններ, որոնք կը փճացնեն բանջարեղեններն ու ծառերը,
– Բերքերը շուկայ իջեցնելու անկազմակերպ վիճակը: Գիւղացին միշտ միջնորդ վաճառականի կեղեքումի առարկան է: Երբեմն վճարումը կ՛ըլլայ կեղծ չեքով, եւ կամ գնողը այնքան կ՛ուշացնէ վճարումը, որ գիւղացին ուժասպառ կը դառնայ:
Հ.- Այսօր Այնճարի երիտասարդութիւնը որքանո՞վ կը հետաքրքրուի պարտէզներով: Հողին վրայ աշխատող բացարձակ մեծամասնութիւնը շրջանի ոչ հայ բնակիչներէն են: Այնճարի համալսարանաւարտը իր գիւղին անհաղորդ կը զգայ:
Պ.- Պէտք է խոստովանիմ, որ Այնճարի գիւղատնտեսութեամբ լաւատես չեմ, հետզհետէ կը նուազի գիւղատնտեսութեամբ զբաղող Այնճարի երիտասարդներուն թիւը: Յաճախ պարտէզ մը ամբողջութեամբ վարձու կը տրուի օտար մշակին, որ կու գայ ամբողջ ընտանիքով աշխատելու պարտէզին մէջ, ինչպէս կ՛ընէին առաջին այնճարցները` ծախսը հասցնելով նուազագոյնի: Այնճարցի երիտասարդը քաղաքին մէջ կը տեսնէ իր ապագան, կը հետեւի արհեստի կամ առեւտուրի: Այս ձեւով գիւղին բնակչութիւնը տարուէ տարի կը նուազի: Այսօր այնճարցի ո՛չ պատ հիւսող ունինք, ո՛չ ալ ներկարար: Հեծանիւ մը նորոգելու համար կը դիմենք դրացի գիւղի արհեստաւորին: Հաւաքական ճիգի պէտք ունինք մօտիկ ապագային տհաճ անակնկալներու առջեւ չգտնուելու համար:


