Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆահրինկըրը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաջին հերթին դեսպանին փոխանցելու լայն ծանօթութիւններ` ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան ու Հայ դատին մասին: Ընդառաջելով դեսպանին փափաքին` վեհափառ հայրապետը նաեւ իր տեսակէտը փոխանցեց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մասին:


