Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Բանաստեղծութեան Միջազգային Փառատօնին Առիթով «Արցախահայ Բանաստեղծութիւններ Եւ Արցախեան Տպաւորութիւններ» Նիւթով Ձեռնարկ

November 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ Արցախի մէջ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին առիթով տեղի ունեցաւ «Արցախահայ բանաստեղծութիւններ եւ արցախեան տպաւորութիւններ» նիւթով ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ սոյն ձեռնարկը կը միտի 15-19 հոկտեմբեր 2012-ին Արցախի մէջ կայացած բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնը լուսարձակի տակ առնել: Ան ըսաւ, որ փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 10 երկիրներէ 50 բանաստեղծներ, որոնց շարքին են օրուան զեկուցաբերները` Սարգիս Կիրակոսեան եւ Ապտօ Լապաքի:

Սարգիս Կիրակոսեան

Ապա խօսք առաւ Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ արցախեան բանաստեղծութիւնը սկսած է 1930-ական թուականներուն եւ մինչեւ այսօր կ՛ապրի: Ան ըսաւ, որ արցախեան բանաստեղծութիւնը ունի երկու հանգրուան` խորհրդային շրջան եւ անկախութեան շրջան, եւ իւրաքանչիւր շրջան հարուստ եղած է իր տաղանդաւոր եւ որակաւոր բանաստեղծներով:

Սարգիս Կիրակոսեան շեշտեց, որ շրջանին մէջ Արցախ առաջին երկիրն է, որ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն կը կազմակերպէ, հակառակ անոր որ երկիրը տակաւին միջազգային ճանաչում չունի: Ան աւելցուց, որ այս երեւոյթը գնահատական եւ քաջալերական է:

Կիրակոսեանին խօսքէն ետք, Սիլվա Քիւրքճեան ասմունքեց Վարդան Յակոբեանի, Ռոպերթ Եսայեանի եւ Հրանդ Ալեքսանեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւններէն:

Ապտօ Լապաքի

Օրուան երկրորդ խօսքը արտասանեց լիբանանցի բանաստեղծ, դասագիրքերու հեղինակ եւ գրականագէտ Ապտօ Լապաքի, որ ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի մասին իր տպաւորութիւնները: Ան ըսաւ, որ Արցախի մէջ ամէն տեղ արձան գոյութիւն ունի, եւ արձաններուն տիպարները քաղաքական գործիչներ չեն, այլ արուեստագէտներ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ժողովուրդը արուեստն ու արուեստագէտը գնահատել գիտէ: Այս գծով Լապաքի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նմանօրինակ երեւոյթի մը կարօտը գոյութիւն ունի:

Նահատակներու յարգանքի երեւոյթը լուսարձակի տակ առնելով` ան նշեց, որ աշխարհի ոչ մէկ վայրի մէջ նահատակին նկատմամբ նուիրական վերաբերմունք կայ, որքան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Լապաքի ըսաւ, որ Հայ դատը ոչ միայն մարդկային հարց է, այլեւ մարդկային գոյութեան հետ առնչուող խնդիր: Ձեռնարկին աւարտին Ապտօ Լապաքի հաստատեց, որ մօտիկ ապագային պիտի հրատարակէ գրքոյկ մը, որուն մէջ լոյս պիտի տեսնեն Հայաստան եւ Արցախ իր այցելութեան մասին յուշեր եւ վկայութիւններ:

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` «Նոր Աւետարանացում Եւ Վատիկանի Յատուկ Սիւնհոդոսը» Նիւթով

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի Ջրաներկերու Ցուցահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.