Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մօր Կտակը…

November 12, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, գերմանացի ծանօթ երաժիշտը` Մաքս Ռեկեր (1873-1916) թէպէտ էր «կաթողիկէ մինչեւ ծայրը մատներուն», բայց եւ այնպէս հազիւ կը տեսնէին զինք եկեղեցիին մէջ, անշուշտ` բացի համերգներու եւ նուագահանդէսներու ներկայութենէն:

Ծանօթացաւ վարդապետի մը, որուն երաժշտականութիւնը ներազդու էր: Օր մը խնդրեց հոգեւորականէն. «Այսօր իրիկուն կրնայի՞ք ինծի այցելութեան գալ, պանդոկ. շատ կենսական հարցի մը մասին պէտք է խօսիմ ձեզի հետ»:

Վարդապետը ենթադրեց, թէ նոր բարեկամը կ՛ուզէր խօսակցիլ երաժշտական խնդրի մը մասին: Անակնկալի եկաւ, սակայն, երբ արուեստագէտը արտայայտուեցաւ. «Այսօր մեր խօսակցութեան նիւթը երաժշտութիւնը չէ, այսօր իմ հոգիս է խնդրառարկան…»: Ապա, առանց այլեւայլի, կատարեց իր կեանքին ընդհանրական խոստովանանքը:

Առջեւը` ծնրադիր անձնաւորութիւնը, երբ խոստովանահայրը խաչակնքելով թողութեան խօսքերը կ՛արտասանէր, թէ` «ես կ՛արձակեմ քեզ քու մեղքերէդ…», Մաքս Ռեկեր սաստկօրէն փղձկեցաւ: Ինքզինքը ազատագրուած զգաց մէկէն: Ա՛լ անդորր ու թեթեւ էր: Խնդրեց քահանայէն, որ քովը մնայ տակաւին, որպէսզի կարենան աղօթել միասին:

Ապա երաժիշտը յանկարծակիի բերաւ իր խօսակիցը, երբ պարզօրէն յայտնեց, թէ կը տանջուէր մահուան նախազգացումներէ, եւ թէ գիտէր, որ այլեւս շատ երկար պիտի չապրէր:

«Սակայն դեռ կը փափաքիմ յօրինել «Salve Regina – Ողջ լեր, Թագուհի»-ն` իբրեւ մարեմագով երգն իմ թաղումիս, որովհետեւ, նոյնիսկ երբ մասնաւորաբար լաւ քրիստոնեայ մը չէի, մէկ աղօթք մը ստէպ կը կատարէի, եւ այն` «Ողջոյն քեզ, Մարիամ»-ը, զոր իմ մայրս ինծի սորվեցուցած էր: Եւ Մարիամ, սիրելի վարդապետ, առաջնորդեց զիս»:

Այսպէս խօսողը անակնկալօրէն մեռաւ քանի մը շաբաթ ետք, երբ տակաւին հազիւ 43 տարեկան էր, սակայն դարձած էր իր Տիրոջ, վերադարձած էր իր հաւատքին` սուրբ խոստովանանքով ու կատարեալ զղջումով` այսպէս ապահովելով իր յաւիտենական փրկութիւնը Մարիամի միջնորդութեամբ:

Ուշադրութի՛ւն: Աստուածածինէն առաջ, սակայն, կեցած էր Մաքս Ռեկերի մարեմասէր մայրը, որուն մէջ անտարակոյս կայ մասնիկ մը` հրաշագործ Սիրամօր սրտէն: Ան ապացոյցն է այն իրողութեան, թէ շատ բան կախուած է մօրմէն իր զաւակին կեանքին մէջ` թէ՛ աստենական եւ թէ՛ անդենական ժամանակին համար:

Ճիշդ է, որ մօր ձեռքին մէջ չեն իր զաւակներուն կերտումը եւ ապագան, քանի ինք չէ անոնց միակ դաստիարակը: Նոյնպէս ճիշդ է, որ մայրը կրնայ ջամբել միայն լաւագոյնը իր զաւակներուն, բայց աւելի ուշ անո՛նք պիտի գտնեն իրե՛նց ճամբան եւ պիտի ընթանան իրե՛նց կենսուղիով:

Մօրմէն զաւակները կը սորվին լեզուն, իրենց մայրենի՛ն: Մօրմէն սորվելու են աղօթել կամ սորվելու էին աղօթքը` խօսելակերպն Աստուծոյ հետ, որ Երկնաւոր Հայրն է: Երջանի՛կ են այն զաւակները, որոնց նաեւ հայրերը աղօթող են: Երջանի՛կ են այն թոռներն ու թոռները, որոնք ունին կրօնական եւ աղօթասէր մեծ ծնողներ:

Զաւակներուն ի՞նչ կու տան կեանքին մէջ ունենալիք դժուարութիւններուն համար: Զաւակներուն աղօթքը իբրեւ հոգեւոր հիմք սորվեցուցած եւ անոնց համար աղօթող ծնողները պէտք չունին այպանելու իրենք զիրենք` անոնց կարեւոր բան մը տուած չըլլալու համար: Նոյնիսկ եթէ զաւակները ընթանան տարբեր ուղիներ, ոչինչ աւելորդ էր, ոչինչ ապարդիւն է…

Քանի մօր կտակին մասին է սիւնակս, թոյլատրելի է իմ լուսակեաց մօրս (1927-2007) կտակը յիշել հոս: Բայց նախ ըսեմ, որ երջանիկ էինք ունենալով աղօթող հայր մը եւ վարդարանն ըսող մեր հայրը: Երկու վարդապետներու մօր` տիրամօ՛ր վախճանումէն երկու ամիս առաջ Այնճար առաքելատեղիէս Զղարթա ծննդավայրս գացած էի այցելութեան, որ, առանց գիտնալու, իմ սիրասուն մօրս հետ վերջին հանդիպումը պիտի ըլլար:

Յաջորդ օրը երկուքս առանձին նստած էինք. մայրս` իր անկողնին մէջ, իսկ ես` անոր սնարին վրայ: Կ՛արժէր լուսանկարել աննկարագրելի տեսարանը: Ութսունամեայ մայրը իր յիսունեօթը տարեկան քահանայ-որդիին կերպարանքն ու ձեռքերը կը շոյէր. «Դուն իմ զաւակս ես, իրաւունք ունիմ քեզ գգուելու, ինչ ալ ըլլաս եւ որքան ալ մեծնաս, դուն կը մնաս իմ որդիս…»: Քանիցս ըրած առարկութիւններուս կը ստանայի նոյն եւ ճիշդ նոյն պատասխանը:

Գաղտնիքի պէս բան մը հրապարակեմ այսօր: Արդար հպարտանքով եւ օրհնութեամբ կը խոստովանիմ, թէ երկու վարդապետներուս աշխարհական մնայուն ու գլխաւոր խորհրդատուն էր մեր բոլորովին անուս մայրը, որ, սակայն, օժտուած էր երկնատուր հաւասարակշռութեամբ, խոհունութեամբ, դատողութեամբ եւ համարձակախօսութեամբ:

Ուստի, այս նեղութեան կամ այն անորոշութեան մը պարագային, նաեւ կը դիմէինք մեր մօր, որ ունէր անսահման համբերութիւնը լսելու եւ ունկնդրելու: Այսպէս,  սեպտեմբերեան այդ վերջին հանդիպումին ատեն, բաւական նիւթերու մասին խօսակցելէ յետոյ, մայրս մէկէն լրջացաւ. «Տղաս, քեզի բան մը պիտի ըսեմ, եւ ինծի խոստացի՛ր, որ պիտի չնեղանաս…»: Սկիզբը վարանեցայ, կամ աւելի ճիշդ` չուզեցի, բայց ի վերջոյ տեղի տուի մօրս պնդումներուն:

«Տղա՛ս, դուն ինծի շեշտեցիր քանիցս, թէ Մարիամ Ս. Կոյսը ի՛մ քոյրս է, ճի՞շդ է ըսածդ…»: «Անշո՛ւշտ, մամա…»: «Լա՛ւ: Այս քրոջմէս խնդրեցի եւ կը խնդրեմ, որ այլեւս գայ եւ զիս առնէ-տանի…»: «Ի՞նչ կ՛ըսես, մամա, ինչո՞ւ այսպէս կը խօսիս…»: «Շատ աւելի լաւ է, տղաս, փա՛ռք Աստուծոյ, կեանքս ապրեցայ, թոռնիկներս ունեցայ եւ երեք եղբայրներդ զիրար այնքան կը սիրէք, որ ուրախ ու խաղաղ սրտով կը մեկնիմ. բաւ է, իմ Քոյրս ա՛լ գայ եւ զիս առնէ-տանի…»:

Բոլորովին յուզումնախառն եւ արտասուալից` անխօս համբուրեցի մօրս ձեռքերը, որոնց մատներէն գիշեր-ցերեկ, ամէն րոպէ կը սահէր վարդարանը, որուն նախորդ գործածած ատենին առեր էի իմ մօրմէս: Այսօր կը պահեմ այդ վարդարանը` թանկագին կտակն իմ անզուգական մօրս, որ օրինակ հանդիսացաւ իր վարդարանեան մարեմասիրութեամբ:

 

Վիեննա, 5 նոյեմբեր 2012   

Նախորդը

Ներածական. Այնճար Հայաւանի Փոխուող Դիմագիծը

Յաջորդը

Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։