Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Կը Սիրենք Եւ Չենք Սիրեր Հանրային Արուեստի Գործերը

October 26, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՒՐԱԶԳԱՑ Է ԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԿԱՆԳՆԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ: ՄԻՆՉ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԵՐԲԵՄՆ ԿԸ ԿԱՐԾԵՆ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԶԱՅՐՈՅԹ ՊԱՏՃԱՌԵԼՈՒ ԳՆՈՎ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼՆ Է, ԱՆԴԻՆ` ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՄԱՆ ԳՈՐԾԵՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՆՑՈՂԱԿԻ ԵՒ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ԱՉՔԻ ՓՈՒՇԻ ՓՈԽԱՐԷՆ` ԻՐ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԷՋ ՏԵՍՆԵԼ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՇՏ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: ՎԵՐՋԵՐՍ «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ» ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՐՁԱՆ ՄԸ  ՊԱՏԵՐԱԶՄԻԿԻ ՊԷՍ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ԻԼՖՐԱՔՈՄԻ ԾՈՑԻՆ ՎԵՐԵՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՉԷ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ, ԳԷԹ ՈՉ` ԱՌԱՅԺՄ…: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»-Ի ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՏԵՄԻԸՆ ՀԸՐՍԹԻ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ՄԷԿ ԳՈՐԾԻՆ ԶԵՏԵՂՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԷ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐԸ: ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻ՞ՒՆ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԳՈՐԾԵՐ ՕԺՏՈՒԱԾ ԵՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐՈՎ, ՈՄԱՆՔ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՎԱՏՆՈՒԱԾ ՃԻԳԵՐ ԵՆ:

Անունը «Վերիթի» (ճշմարտութիւն) է, թէեւ ոմանց համար անիկա աւելի կը յիշեցնէ շարժապատկերի աշխարհի մարդակեր ոճրագործը` Հանիպալ Լեքթըրը: Բարի եկաք Իլֆրաքոմ, թատերաբեմը` հանրային արուեստի նորագոյն տարակարծութիւններուն, վայրը`  20 մ բարձրութեամբ արձանի մը, որ տեղադրուեցաւ անցեալ շաբաթ: Պրոնզէ ձուլուած արձանը կը պատկերէ մերկ կին մը, որ բռնած է սուր մը եւ կը դիտէ ծովը: Յայտնապէս անիկա «արդի այլաբանութիւն մըն է ճշմարտութեան եւ արդարութեան»: Սակայն հարցը այն է, որ անոր արգանդին կէսը դուրս ինկած է:

«Հոյակապ է», կը հակազդէ տեղացի մը: «Հրէշային է», կ՛ըսէ ուրիշ մը: Ի վերջոյ ասիկա գործն է Տեմիըն Հըրսթի: Տեւընի այս փոքր գիւղաւանը տասնամեակ մը առաջ գրաւած էր 47 տարեկան բրիտանացի արուեստագէտին ուշադրութիւնը: Այժմ հոն բնակարան մը գնելէ եւ ճաշարան մը բանալէ ետք Հըրսթ տեղական տնտեսութեան մէջ կատարած է այլ ներդրում մը: Անոր զետեղած արձանը կարելի է դիտել նաեւ այս դիտանկիւնէն: Այլ դիտանկիւնէ` կարելի է զայն նկատել իբրեւ ուշադրութիւն գրաւելու Հըրսթի բնորոշ  ձեւ մը, նարսիսականութեան արտայայտութիւն մը, նետուած` Տեւընի անմեղ բնակիչներուն երեսին:

Ի վերջոյ ցցուն կուրծքերով յղի կին մը ի՞նչ կապ ունի արեւմտեան Անգլիոյ ձկնորսական մէկ գիւղին հետ: Պէտք է ըսել, որ քիչ մը ցուրտ էր արձանին բացումին օրը: Եւ ինչպէս գիտենք, քիչ մը ժամանակ պէտք է` վարժուելու համար հանրային արուեստի գործի մը:

Օրինակ` «Էյնճըլ աֆ տը նորթ»-ը (հիւսիսի հրեշտակը): Կոպիտ եւ ժանգի գոյնով այս թռչնամարդը ի՞նչ նպաստ կը բերէ Կէյթսհետի Էյ. 1 պողոտային: «Անսահման անճաշակութիւն» կ՛որակէին զայն կարգ մը տեղացիներ, որոնք կը մտածէին, թէ այս արձանին համար ծախսուած 800 հազար փաունտը կարելի էր յատկացնել աւելի լաւ նպատակի մը: Ուրիշներ «Էյնճըլ աֆ տեթ» (մահուան հրեշտակ) կը կոչէին զայն եւ կը ծաղրէին նախատեսելով ինքնաշարժներու խճողում` պողոտային վրայ: Սակայն կարծիքները աստիճանաբար շրջուած են. այժմ Էնթընի Կորմլիի արուեստի գործը կը նկատուի Կէյթսհետը վերաշխուժացնող խթանը` վերջին 15 տարիներուն:

Հանրային արուեստի գործի մը գլխաւոր նախապայմանը անոր մեծ չափն է: Երկրորդ` անիկա պէտք է ըլլայ յանդուգն: Անոր ամբողջ նպատակը զրոյց մը սկսիլն է. մարդիկը մտածելու մղելը, ուզեն անոնք, թէ չուզեն: Հանրային արուեստի լաւ գործ մը խօսեցնել կու տայ իր մասին, այնպիսի ձեւով մը, որ շէնք մը կամ կամուրջ մը չեն կրնար: Սակայն անոր չափէն, տեղի կամ անտեղի նպատակէն, եւ ոմանց կարծիքով, անոր համար վատնուած դրամէն աւելի` յաճախ պարզապէս նորութիւնն է, որուն դէմ կը վիճին մարդիկ:

«Այսպիսի բաներ հակամէտ են խորանալու մարդոց մէջ: ժամանակի ընթացքին նման քանդակներ կը դառնան անոնց ապրած շրջանին խորհրդանիշը եւ կը փոխարինեն այլ խորհրդանիշներ կամ ժխտական պատկերներ», կ՛ըսէ հանրային արուեստի ուսումնասիրութիւններ կատարող Իքսիա կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճոնաթան Պենքս: Սակայն անոնք նաեւ կրնան ի յայտ բերել յոռեգոյնը` հաւաքականութեան մը մէջ:

Շեփթըն Մալեթի մէջ հրապարակ մը զարդարուած էր թանձրաձոյլ շաղախով շինուած ոչխարներով, որոնք ծանօթ էին իբրեւ «Ռոք ֆլոք» (քարէ հօտ): Քանդակուած ոչխարները գործն էին տեղացի արուեստագէտ Ճեֆ Պատիի: Սակայն 2005-ին իրենց զետեղումէն քանի մը շաբաթ ետք «Ոչխարները» յարձակումի ենթարկուեցան մուրճի հարուածներով: Պատի անմիջապէս վերանորոգեց զանոնք: Իսկ այսօր անոնք շատ սիրուած ներկայութիւն մըն են բաց երկինքի տակ, նոյնիսկ ունին Ֆէյսպուքի վրայ իրենց համակիրներու խումբը, որ կը հրապարակէ իրենց լուսանկարները` բուրդէ գլխարկներով:

Պըրմինկհամի կեդրոնական հռչակաւոր Պուլրինկ շուկաներու տարածքը յիշատակութեան արժանացաւ  պրոնզէ ցուլով մը` իրական անասունին կրկնապատիկ չափով: Թէեւ «Ցուլը» անմիջապէս սկսաւ ժողովրդականութիւն վայելել, սակայն դրական ձեւով չէր, որ ուշադրութիւն գրաւեց, երբ «Մոյնըր» եւ «Հասան» իրենց անունները սկսան քերծել անոր վրայ:

Սովորաբար, երբ սկզբնական հակազդեցութիւնը կը մեղմանայ, բարբարոս արարքներու հաւանականութիւնը կը նուազի: Սակայն բացառութիւն էր «Ուիլօ մեն»-ը (ուռենի մարդը), որ կանգնեցաւ 2000-ին, Պրիճուոթըրի մօտակայ Էմ. 5 պողոտային վրայ: «Հիւսիսի հրեշտակէն երկու տարի ետք ժամանելով` անիկա դարձաւ «Հարաւի հրեշտակը»: Այսուհանդերձ, հակառակ սկզբնական խանդավառութեան, մէկ տարի ետք անիկա ենթարկուեցաւ հրձիգ յարձակումի եւ փճացաւ: Քանդակը իրագործած արուեստագէտը` Սերենա Տը լա Հէյ սաստիկ ընկճուեցաւ, սակայն շինեց զայն փոխարինող տարբերակ մը:

Քենթի մէջ արտօնութիւն տրուած է կառուցելու հսկայական ճերմակ ձի մը, որ պիտի զարդարէ Էպսֆլիթի մռայլ հովիտը: Սակայն ձիուն կառուցումը տակաւին չէ սկսած: Ուշացումը մասամբ արդիւնք է այն իրողութեան, թէ որոշ գումար մը պէտք է յատկացնել անոր մնայուն հոգածութեան համար: Սպիտակ ձիուն մարմինը կրնայ խծբծուիլ: Այս նախատեսութիւնը ինքնին ձին քանդակելու համար սահմանուած 2 միլիոն փաունտի պիւտճէն բարձրացուցած է 12 միլիոն փաունտի: Հակառակ այս անպատեհութիւններուն` կ՛ակնկալուի, որ Մարք Ուոլենճըրի «Էպսֆլիթի ճերմակ ձին» նոյնքան դրական ներգործութիւն պիտի ունենայ ճարտարարուեստական այս մռայլ շրջանին վրայ, որքան` Կորմլիի «հրեշտակը» ունեցած է Կէյթսհետի վրայ:

Իլֆրաքոմի Էյ. 39 պողոտային վրայ «Ճշմարտութիւն» արձանին ներգործութիւնը արդէն զգալի է: «Հոկտեմբերին սովորաբար շատ չենք աշխատիր շաբթու կիսուն,- կ՛ըսէ Տրիֆթվուտ պատկերասրահի ներկայացուցիչ` Ֆելիսիթի Քաուլի:- Իսկ այժմ մեծ թիւով մարդիկ կու գան»: Ուրիշներ շատ աւելի ուշ պիտի վարժուին նոր եկուորին: «Կը մեղքնամ անոնց, որոնք ստիպուած են ամէն օր տեսնել զայն», կ՛ըսէ պանդոկի մը պատասխանատուն` Սիւ Տէյլ: Անոնք, որոնք կը տքնին հասկնալու «Ճշմարտութիւն» արձանին իմաստը, թերեւս կրնան մխիթարուիլ, որ ոչինչ յաւիտենական է. արձանը վար պիտի առնուի 20 տարի ետք: Սակայն, ինչպէս հանրային արուեստի կարճ պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, նոյնիսկ ամէնէն յոռետեսները մինչ այդ արդէն կը վարժուին անոր ներկայութեան:

«Ուռենի Մարդ»

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Պրիճուոթըր, Էմ. 5 պողոտայ:
Հեղինակ` Սերենա տը լա Հէյ:
Տարի` 2000:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. ««Տարուան արուեստագէտի»-ն մէկ գործը, որ ամէնէն աւելի տեսանելի է: Մարդիկ արդէն կ՛արտայայտեն իրենց գնահատանքը: Սոմըրսեթի ժողովուրդը հպարտ պիտի զգայ իր հսկայ «Ուռենի»-ով:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Գաղափար չունէի, թէ քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէր բնակարաններ կառուցել այստեղ, ուր մնաց` հսկայական մթերանոց մը: Յայտնապէս բնակարաններ պիտի կառուցուին «Ուռենի մարդ»-ուն հիւսիսային կողմը եւ Մորիսընզէն դէպի հարաւ: Զայն կը պատկերացնեմ դաշտերով շրջապատուած, տափարակ եւ վայրի բնութեան խորապատկերի մը վրայ ցայտուն կանգնած: Յուսախաբութիւն կը պատճառէ այն լուրը, թէ «Ուռենի մարդ»-ը պիտի շրջափակուի»:

 

«Հիւսիսի Հրեշտակ»

 

 

 

 

 

 

Վայր` Կէյթսհետէն դէպի հարաւ, Էյ. 5 պողոտայ:
Հեղինակ` Էնթընի Կորմլի:
Տարի` 1998:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Սարսափելի է: Ես աւելի աւանդապաշտ եմ: Երբեք պիտի չսիրեմ զայն, սակայն բան մըն է, որ պէտք է ընդունինք»:

«Հաւանաբար Կորմլիի ամէնէն սնամէջ, ամէնէն գերագնահատուած եւ ամէնէն կոպիտ գործերէն մէկն է: Կ՛ըսուի, թէ կը պատկերէ հրեշտակ մը, սակայն աւելի կը նմանի հին հագուստներու կախիչի մը»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Հիւսիս-արեւելքի մեծ խորհրդանիշներէն մէկն է, նշան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ արդէն տանս կը մօտենամ»:

 

«Խեցի»

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Ալտեպըրկ, Սաֆըք:
Հեղինակ` Մեկի Համպլինկ:
Տարի` 2003:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Այս քանդակին դէմ չենք, սակայն սխալ տեղ դրուած է»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ծովեզերքին անոր բացումը կատարեցին իբրեւ Մեկի Համպլինկի քանդակած խեցին. նոյնքան տգեղ է հեռուէն դիտուած, որքան անճաշակ` մօտէն»:

 

«Ճշմարտութիւն»

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Իլֆրաքոմ, Տեւըն:
Հեղինակ` Տեմիըն Հըրսթ:
Տարի` 16 հոկտեմբեր 2012:

Ի՞նչ կը մտածէին, երբ ձեւագծումը ներկայացուեցաւ. «Ժամեր, օրեր, շաբաթներ աշխատեցանք մեր դիմումնագիրը պատրաստելու համար: Մեծ յոյս ունինք, որ հանրութիւնը պիտի զօրակցի մեր ծրագիրին»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ասիկա յարմար չէ վիքթորեան ծովեզերեայ աւանի մը: Վհատեցուցիչ է այն իրողութիւնը, որ դրամն ու գաղափարները չեն յատկացուած աւելի պատշաճ ու գրաւիչ բանի մը` քաջալերելու համար դէպի Իլֆրաքոմ այցելութիւնները ամբողջ տարուան ընթացքին: Չեմ ըսեր, թէ ոչ մէկ բան պէտք էր կանգնեցնել հոն: Այս արձանը կրնայ շուրջ երկու վայրկեան գրաւել մէկուն ուշադրութիւնը»:

 

«Ճերմակ Ձի»

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Էպսֆլիթ, Քենթ:
Հեղինակ` Մարք Ուոլենճըր:
Տարի` յայտարարելի:

Ի՞նչ կը մտածէին ձեւագծումին մասին. «Ի տարբերութիւն գաճի վրայ քանդակուած այլ ձիերու եւ կերպարներու` այս վիթխարի անասունը սարսափ կը պատճառէ ինծի»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ասիկա ծրագիր մըն է, որ պիտի յարատեւէ: Ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ ձեւագծումի ճակատին վրայ»:

 

««Պի.» Աֆ Տը Պենկ»

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Մանչեսթըր:
Հեղինակ` Թոմըս Հեթըրուիք:
Տարի` 2004:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Առաջին անգամ ըլլալով կը գնահատենք անոր մեծութիւնն ու տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` ձեւագծումի եւ ճարտարագիտական յղացքը, որոնք կարելի դարձուցած են անոր իրագործումը»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. ««Պի.» աֆ տը պենկ» գեղարուեստական հոյակապ հաստատում մըն էր եւ ցաւալի է, որ արհեստագիտական դժուարութիւնները խորտակեցին անոր տեսլականը: Քաղաքապետական խորհուրդը 1.7 միլիոն փաունտի համաձայնութիւն մը կնքեց Թոմըս Հեթըրուիքի արուեստանոցին հետ, ինչպէս նաեւ` պայմանագրութիւններով անոնց հետ աշխատող երեք ընկերութիւններու: Քանդակը քանդուեցաւ 2009-ին եւ հում նիւթը ուղարկուեցաւ վերամշակուելու. քաղաքապետութիւնը շուրջ 17 հազար փաունտ շահեցաւ մետաղին վաճառքէն»:

 

«Նորթամպըրլենտիա»

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Քրեմլինկթըն, Նորթամպըրլենտ:
Հեղինակ` Չարլզ Ճենքս:
Տարի` 3 սեպտեմբեր 2012:

Ի՞նչ կը մտածէին, երբ ձեւագծումը ներկայացուեցաւ. «Ծիծաղելի է: Եթէ նման բան մը կ՛ուզէինք, պարզապէս կրնայինք խնդրել, որ յատուկ բնաբանով զբօսայգի-խաղավայր մը կառուցեն»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Պիտի նախընտրէի, որ մեր քաղաքամերձ տարածքները անխաթար մնան»:

 

«Արչելորմիթըլ Օրպիթ»

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Օլիմփիք փարք, արեւելեան Լոնտոն:
Հեղինակ` Անիշ Քափուր:
Տարի` 11 մայիս 2012:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին.  «Ցարդ ամէնէն փառահեղ օրինակն է այն գաղափարին, թէ մեծ եւ տարօրինակ իր մը կրնայ հազարաւոր մարդիկ փրկել չքաւորութենէ: Սակայն կրնայ հասնիլ տեղ մը, որ անիկա ձախողի եւ մենք որոշենք այլ բան մը փորձել ապագային: Իսկ ներկայիս անիկա կը սպառնայ դառնալ ջուրով լեցուն շիշի մէջ գունաւոր մոմի գնդակներու խաղ մը` քաղաքային համայնապատկերի մը վրայ»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Չուզեցինք հետեւիլ աշտարակներ բարձրացնելու աւանդութեան, որ ամբողջութեամբ կ՛առնչուի համաչափութեան հետ, սկսեալ` Էյֆելի աշտարակէն: Ուզեցինք գիտնալ, թէ արդեօք կարելի՞ էր իրապէս 21-րդ դարու յատուկ բան մը կառուցել: Սկիզբէն արդէն յայտնի է, որ ասիկա տարօրինակ իր մըն է»:

 

«Տապլինի Ցիցը»

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վայր` Օ՛Քոնել փողոց, Տապլին:
Հեղինակ` Իան Ռիչի:
Տարի` 2003:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին.  «Կը զգայինք, թէ արդի Իրլանտայի մէկ խորհրդանիշը պիտի դառնար»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ամէն բանէ աւելի աշխարհի թմրեցուցիչի վաճառականներուն նուիրուած կոթող մը կը թուի ըլլալ, որովհետեւ կը նմանի ներարկումի յատուկ ասեղի»:

 

«Սղոցի Ակռաներ»

 

 

 

 

 

 

Վայր` Պաթկէյթ, Էտինպարա:
Հեղինակ` Փաթրիսիա Լայթըն:
Տարի` 1993:

Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին.  «Յանձնառու ենք պողոտային այս մասը վերածելու Սկովտիոյ համար դրական յատկանիշի մը»:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Արուեստի ամէնէն տպաւորիչ գործերէն մէկը, որ երբեւիցէ տեսած եմ»:

Յատուկ այս վայրին համար հողակոյտերով ստեղծուած այս քանդակը կարելի է դիտել պողոտային երկայնքին: Անիկա իրագործուած է իր շրջապատին հետ հաշտ ձեւագծումով մը, որ կ՛առնչուի շրջանին պատմութեան, անցեալի ճարտարարուեստին եւ մերձակայ երկրաբանական կազմութիւններուն հետ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 26 Հոկտեմբեր 1962 )

Յաջորդը

«Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» (Հեղինակ` Խաչիկ Տէտէեան)

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.