Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կը Տեղեկացնէ Իր Խորհուրդները Վերադասաւորելու Մասին

September 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով, Թեմի տարածքին մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին պատճառով, նոր կացութիւնները դիմագրաւելու եւ թեմական-ազգային աշխատանքները համապատասխան կերպով վերակազմակերպելու համար, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը վերադասաւորեց իր Խորհուրդներու այժմու դրոյթը:
Ա) Համատեղեց պաշտօնավարութեան վրայ եղող Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական Խորհուրդի, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Կալուածոց Հոգաբարձութեան աշխատանքային մարզերը:

Բ) Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Տնտեսական, Ուսումնական, Կալուածոց կազմերու ներկայացուցիչներով յառաջացուց ժամանակաւոր Ազգային Խորհուրդ, որուն պարտականութիւնն է Ազգ. Վարչութեան համապատասխան ցուցմունքներուն գործադրութիւնը Թեմիս տարածքին:

Գ) Վերադասաւորման այս շրջագիծին մէջ, Թեմիս Ընկերային Ծառայութիւնը իր աշխատանքը պիտի ծաւալէ համագործակցաբար Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնին:

Դ) Թաղական Խորհուրդները, Ազգ. վարժարաններուն հոգաբարձութիւններն ու խնամակալութիւնները իրենց վստահուած աշխատանքները կը շարունակեն նախկին դրութեամբ:

Այս տնօրինումներով կը հաւատանք, որ թեմական ծառայութեան մեր աշխատանքները արդիւնաւէտ պիտի ըլլան եւ կը յուսանք, որ ազգային մեր ընդհանրական հիմնախնդիրներուն արագ, տեղին ու բարւոք լուծումներ բերած պիտի ըլլանք:

Յաջողութեան գրաւականը ճշգրիտ հասկացողութիւնն ու համագործակցութիւնն է:

Երկրիս եւ առ այդ Թեմիս դիմագրաւած արտասովոր պայմաններուն բերումով ժամանակաւոր կերպով կատարուած այս տնօրինումներով, ազգովին պարտականութիւն ունինք լարելու մեր ճիգերը եւ շրջանցել դժուարութիւնները:

Բերիոյ Հայոց Թեմը իր հարիւրամեակներու պատմութեան ընթացքին յաճախ գտնուած է դժուարութիւններու առջեւ ու կրցած է զանոնք յաղթահարել համայնական ճիգով, կամքով, ապագայի նկատմամբ պայծառատեսութեամբ, ապրելու եւ ապրեցնելու հաւատքով:

 

Նախորդը

Աշխարհահռչակ Դաշնակահար Քիսին Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչցող Թուրքիա Այցելել

Յաջորդը

Վերամուտի Խոհեր. « …Երբեք Պիտի Չգոցուի Այս Դուռը…» Ա.

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.