Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Օր Զմմառու Վանքին Մէջ. Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Յակոբ Մեղապարտի Արձանին Բացումը Կատարեց

September 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը կատարեց Զմմառու Աստուածամօր Վերափոխման վանքը` հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի:

Սրբազան քահանայապետը Զմմառու վանքը ժամանեց ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ պապին ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, հայ կաթողիկէ նուիրապետական եւ կղերական դասի ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն:

Պապը օրհնեց հայ տպագրութեան առաջին մատեանին` «Ուրբաթագիրք»-ին տպագրիչ- հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան երախայրիքին 500-ամեայ յոբելեանին առիթով:

Յակոբ Մեղապարտի անդրիին քանդակագործն է լիբանանահայ Րաֆֆի Ետալեան, իսկ մեկենասներն են ամերիկահայ Լուի եւ Ուիլիըմ Աբիկեան եղբայրները:

Արարողութեան աւարտին, սրբազան քահանայապետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հիւրը եղան միաբանութեան վարչութեան կողմէ սարքուած ագապին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի ճաշասրահին մէջ, որուն ընթացքին, բարի գալուստի ողջոյնի խօսք ուղղեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը: Հանդիպումը փակուեցաւ սրբազան քահանայապետին պատգամով եւ օրհնութեամբ:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը իր ողջոյնի խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ.

«Սրբազա՛ն տէր, 2008-ի փետրուարին հաճեցաք պաշտօնական բացումը կատարել եւ օրհնել, Վատիկանի մէջ, Ս. Պետրոս Պազիլիքային կից, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած հրապարակը, ի ներկայութեան Էջմիածնի եւ Անթիլիասի կաթողիկոսներու ներկայացուցիչներուն եւ հայ քաղաքական անձնաւորութիւններու:

«Եւ ահա, պահ մը առաջ, Ձերդ սրբութիւնը հաճեցաւ օրհնել հայազգի կրօնաւոր Յակոբ Մեղապարտին նուիրուած յուշարձանը, որ կառուցուեցաւ հայ առաջին հայատառ մատեանին տպագրութեան առիթով` Վենետիկ, 1512-ին, մատեան մը, որ յատկացուած էր հայ ուղեւորներու եւ ուխտաւորներու գործածութեան»:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը աւելցուց ըսելով. «Սրբազան տէր, Ձեր այցելութիւնը Լիբանանի ու լիբանանցիներուն եւ, անոնց միջոցով, Միջին Արեւելքի բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն, կը սպասուէր վառ յոյսով, այցելութիւն մը, որուն համար Լիբանանի քրիստոնեաները ջերմապէս աղօթեցին` գիտակից ըլլալով, որ անիկա պիտի բերէ, ինչպէս եղաւ Ձեր շատ սիրելի նախորդին, երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի այցելութեան առիթով,  1997-ին, ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ պիտի բերէ պտուղներ փոխադարձ ներողամտութեան,  շինիչ երկխօսութեան եւ արդիւնաւոր համագործակցութեան` ամրապնդելու համար միասնականութիւնը այս երկրին բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ եւ շարունակել տալու վկայութիւնը անոր` իբրեւ պատգամ երկիր, Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն դիմաց»:

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին իր հրաւէրին համար եւ իր խօսքերուն, զորս ուղղեց ինծի, ինչպէս նաեւ այս տան մեծաւորին հանդէպ: Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլոր հրաւիրեալները:

Աստուածային նախախնամութիւնը արտօնեց, որ մեր հանդիպումը կայանայ Զմմառու վանքին մէջ, այնքան խորհրդանշական Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար: Յակոբ վանականը, կոչուած Մեղապարտ, մեզի համար օրինակ է աղօթքի, ձերբազատութեան նիւթական արժէքներէ, եւ հաւատարմութեան հանդէպ Քրիստոս Փրկիչին:

500 տարիներ առաջ, ան նախաձեռնեց «Ուրբաթագիրք»-ի տպագրութեան` կամուրջ մը ստեղծելով արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնեաներուն միջեւ: Անոր դպրոցէն կրնանք սորվիլ առաքելութեան իմաստը, ճշմարտութեան քաջութիւնը եւ եղբայրութեան արժէքը միասնականութեան մէջ: Մինչ մենք կը վերակազդուրուինք այս ճաշով` սիրով պատրաստուած եւ առատաձեռնութեամբ նուիրուած, Յակոբ վանականը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ, թէ հոգեւոր ծարաւը եւ յաւիտենականութեան որոնումը պէտք է միշտ ապրին մեր սրտերուն մէջ: Որովհետեւ «Մարդ ոչ թէ միայն հացով կ՛ապրի, այլ նաեւ ամէն խօսքով, որ կ՛ելլէ Աստուծոյ բերնէն» (Մատթ. 4,4):

Սիրելի՛ բարեկամներ, բարեխօսութեամբ Բարթողիմէոս եւ Թադէոս առաքեալներուն, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, կը խնդրենք Տիրոջմէ, որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը խստօրէն փորձուած տարիներու ընթացքին, եւ ղրկէ իր հունձքին բազմազան մշակներ եւ սուրբեր, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող փոխելու մեր ընկերութիւններուն դիմագիծը, բուժելու մահացած սրտերը եւ վերադարձնելու քաջութիւնը, ուժը, եւ յոյսը յուսահատներուն»:

Նախորդը

Հայութիւնը Մեծաշուք Տօնակատարութեամբ Նշեց Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-ամեակը

Յաջորդը

Պաշտօնական Այցելութեան Մը Ծիրին Մէջ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.