Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն «Տարիքոտ» Ընտանիքը

September 15, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ մենք միասին գումարենք Մելիս ընտանիքին քոյրերուն եւ եղբայրներուն տարիքը, պիտի ստանանք 818 տարի: Այս թիւը մրցանիշ մըն է` ճանչցուած մրցանիշերու «Կինես» գիրքին կողմէ, որ հարցախոյզ մը կատարած է 7 տարիներու ընթացքին, 5 ցամաքամասերուն վրայ:

Այս արտասովոր ընտանիքը կազմուած է 9 եղբայրներ եւ քոյրերէ, որոնք բոլորն ալ կ՛ապրին Միջերկրականի Սարտինիա իտալական կղզիին մէջ: Մեծ քոյրը 109 տարեկան է: Ան ունի 9 զաւակ, 24 թոռնիկ, 25 թոռնիկի զաւակ եւ 3 ծոռ: Միւս եղբայրներն ու քոյրերը 99, 97, 93, 91, 89, 86 եւ 81 տարեկան են: Ամէնէն «երիտասարդը» 78 տարեկան քոյրն է: Միւս քոյրեր եւ եղբայրները տակաւին գուրգուրանքով զայն «փոքրիկը» կը կանչեն:

Սակայն ի՞նչ է անոնց երկարակեցութեան գաղտնիքը: Կան բազմաթիւ ազդակներ: Նախ եւ առաջ անոնք կ՛ուտեն պարզ ուտելիքներ` ապուր, պանիր, միս, գինի, որոնք զանոնք առողջ կը պահեն: Ապա անոնք միշտ շարժուն են. անոնցմէ մէկը տակաւին սրճարանի մը մէջ կ՛աշխատի, ուրիշ մը պարտիզպանութեամբ կը զբաղի, ուրիշ քոյր մը ամէն առտու եկեղեցի կ՛երթայ: Սակայն, ամէնէն գլխաւորը, անոնք կ՛ապրին իրենց ընտանիքով շրջապատուած, ինչպէս սովորութիւն է Սարտինիոյ մէջ: Ըստ անոնց, այս է պատճառը առողջ եւ երկար կեանք ունենալուն:

 

Առանց Միսի Սննդականոն

50 տարիներ ետք երկրագունդին վրայ երկու միլիառ աւելի բնակիչ գոյութիւն պիտի ունենայ: Այս ամբողջ բնակչութեան միս հայթայթելն ալ շատ աւելի ապականում պիտի յառաջացնէ: Ըստ գիտնականներուն, մենք պէտք է սկսինք վարժուիլ առանց միսի ճաշեր ուտելու:

* * *

Գիտնականները վստահ են: Յիսուն տարիներ ետք մեր երկրագունդին վրայ երկու միլիառ աւելի անձ պիտի ըլլայ: Երկու միլիառ աւելի անձեր, զորս պէտք է կերակրել: Հետեւաբար միլիառաւոր անասուններ` կովեր, ոչխարներ, խոզեր պէտք է պահել: Իսկ այս անասունները կերակրելու համար պէտք ունինք կանաչութեան: Այս արօտավայրերը մշակելու համար ջուրի պէտք կայ: Մէկ քիլօ կովու միս արտադրելը կը կարօտի 15,500 լիթր ջուրի, իսկ մէկ քիլօ բրինձը` 3,000 լիթրի…

Իսկ 50 տարիներ ետք այս մշակումներուն համար բաւականաչափ ջուր գոյութիւն պիտի չունենայ: Ներկայիս արդէն հացահատիկներուն գիները սկսած են շատ բարձրանալ, որովհետեւ հունձքերը լաւ չէին: Հետեւաբար պէտք է սկսիլ մտածել մեր սննդականոնին մասին: Կարգ մը բաներ պէտք է փոխուին, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ շարունակել (քիչ մը) միս ուտել 50 տարիներ ետք:

Գիտնականները կը մտածեն նաեւ ուրիշ լուծումի մը մասին ալ: Վատնումը նուազեցնել: Օրինակի համար, ըստ ուսումնասիրութիւններուն, Եւրոպական միութեան մէջ 27 անդամ երկիրներու իւրաքանչիւր անձի տարեկան ուտելիքի վատնումը (աղբը թափուած ուտելիքներ) 179 քիլօ է: Ասիկա ահաւոր թիւ մըն է:

Հետեւաբար մենք պատրա՞ստ ենք մեր սննդականոնը փոփոխութեան ենթարկելու:

 

Շատախօս Բոյսե՞ր

Գիտնականներու խումբ մը կրցած է փաստել, թէ կարգ մը բոյսեր կրնան ձայներ արձակել: Ահա թէ ինչպէ՛ս:

Գիտնականներէ կազմուած միջազգային խումբ մը մայիսի վերջաւորութեան անգլիական գիտական «Թրենտզին փլանթ սայընս» թերթին մէջ տպած է յօդուած մը` բոյսերու լսողական կարողութեան մասին:

* * *

Մենք արդէն գիտենք, թէ բոյսերը իրարու միջեւ քիմիական նշաններ կ՛արձակեն: Օրինակի համար, յատուկ բոյս մը, սամիթ, կրնայ իր դրացի բոյսերուն աճումը կեցնել այդ նշաններուն միջոցով: Այսինքն, երբ այդ բոյսին թաղարին մօտ մենք դնենք պղպեղի հունտերու թաղար մը, պղպեղը պիտի չբուսնի:

Հետեւաբար գիտնականները մտածած են սամիթը սեւ եւ ամբողջովին գոց տուփի մը մէջ դնել, որպէսզի այս նշանները դուրս չելլեն: Անոնք նշմարած են, թէ պղպեղը սովորականէն աւելի արագ աճած է:

Պղպեղը հասկցած է, թէ իր քովի բոյսը կրնայ իրեն արգիլել, որ աճի (այդ նշանաւոր քիմիական նշանները արձակելով) եւ, հետեւաբար, ան աւելի արագ աճած է: Մինչ երբ սեւ տուփը պարապ է, պղպեղը բնականօրէն աճած է: Ան հասկցած է, թէ տուփին մէջ ոչինչ կայ, եւ ինք կրնայ առանց վտանգի մեծնալ:

* * *

Ի՞նչ կը մտածեն գիտնականները

Գիտնականներուն համար, պղպեղին հակազդեցութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բոյսերը կը հաղորդակցին իրարու հետ, երբ զիրար չեն տեսներ, եւ երբ իրարմէ քիմիական նշաններ չեն ստանար: Հետեւաբար գիտնականները մտածած են, որ անոնք կրնան իրարու ձայնային նշաններ ուղարկել:

Այս ձեւով, անոնք կ՛արձակեն շատ մեղմ ձայներ, կռնչիւններու նման: Սակայն մենք որքան մօտենանք բոյսերուն, պիտի չկարենանք այդ ձայները լսել, որովհետեւ մենք կը լսենք կարգ մը ձայներ, սակայն բոյսերուն կամ միջատներուն շօշափուկներուն արձակած ձայները անլսելի են մեր ականջներուն համար: Մեզի համար անկարելի է «խօսակցիլ» բոյսերուն հետ:

 

Ուտելիքներու Մասին…

Անհաւատալի: Գիտէի՞ր, թէ պիստակի կարագը (փինաթ պաթըր) կարելի է վերածել ադամանդի:  Նոյն ձեւով, ադամանդի կրնան վերածուիլ պրոքոլին, ծաղիկի թերթերը, թիթեռնիկի թեւերը եւ մատիտները, ինչպէս նաեւ` երկրագունդի վրայ գտնուող բնական բաներուն մեծ մասը:

Գաղտնիքը կը բացատրուի: Ամէն ինչ, որ բնածուխ կը պարունակէ, կարելի է ադամանդի վերածել: Մենք գիտենք, թէ երկրագունդին վրայի ամէն բոյս եւ անասուն քիչ մը բնածուխ ունին իրենց կառուցուածքին մէջ: Խոհագիր մը գոյութիւն ունի՞:

1.- Պիստակի կարագը սեղմել երկու ադամանդներու միջեւ:
2.- Զայն շատ բարձր ճնշումի ենթարկել 2000 աստիճան տաքութեան մէջ:
3.- Պահուըտիլ, որովհետեւ պայթում կրնայ յառաջանալ:
4.- Կարելի՞ է: Միայն մեծ փորձառութիւն ունեցող եւ պատրաստուած գիտնականները կրցած են այս փորձը կատարել յատուկ տարրալուծարանի մը մէջ:

* * *

– Մանր «ֆասթ-ֆուտ»: Եթէ շատ անօթի էք, չի թելադրուիր այս «ֆասթ-ֆուտ»-ը ապսպրել… Այս մանր համպըրկըրը 2,5 սմ տրամագիծ ունի:

– Սուփըրմարքեթները զարդարելո՞ւ համար: Սուփըրմարքեթին մէջի պահածոյի թիթեղէ տուփերը քով-քովի շարելու եւ ձանձրացուցիչ տեսարան մը չստանալու համար արուեստագէտ մը այդ թիթեղէ լեցուն տուփերը յատուկ ձեւով շարած է «քանդակ» մը ստեղծելու համար: Ան գործածած է եփուած լուբիայի, հոթ-տոկի եւ ուրիշ տեսակ ուտելիքներու 6300 պահածոյի տուփեր եւ շինած` 3 մեթր մեծութիւն ունեցող հոթ-տոկ մը:

– Ուտուելիք նախագա՞հ մը: Քանդակագործ մը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ապրահամ Լինքընի արձանը շինած է` գործածելով 454 քիլօ կշռող չետըր պանիրի մեծ կտոր մը: Արձանը քանդակելը կարօտած է 40 ժամ աշխատանքի:

 

 

 

 

Խոհագիր

Մաֆֆին

Այս մաֆֆինները պատրաստելը շատ դիւրին է: Դուն կրնաս նաեւ դպրոց տանիլ` զբօսանքին ուտելու համար:

Պէտք ունիս (7 մաֆֆինի համար)

100 կրամ ալիւր, 50 կրամ տաշուող պանիր` էմանթալ կամ փարմըզան, 1 թէյի դգալ շաքար, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր, աղ, պղպեղ, 75 միլլիլիթր կաթ, պզտիկ դդում մը, 1 ապուրի դգալ ձէթ, 1 հաւկիթ:

Պատրաստութիւն

– Խորունկ ամանի մը մէջ դիր` ալիւրը, պանիրը, շաքարը, պէյքինկ փաուտըրը, աղը, պղպեղը:
– Վրան աւելցուր` կաթը, լուացուած եւ տաշուած դդումը, ձէթը եւ աղը:
– Լաւ խառնէ:
– Փուռը վառէ 180 աստիճան տաքութեան վրայ:
– Խմորը պարպէ մաֆֆինի յատուկ կաղապար-ափսէի մը մէջ:
– Ձգէ, որ եփի 20-25 վայրկեան, մինչեւ որ վրան լաւ կարմրի:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել համակարգիչը ելեկտրականութեան կապող թելը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

Ակնարկ. Դրական Մեկնարկ` Երկրորդ Փուլին Համար Կամ` Դէպի Պատժամիջոց

Յաջորդը

Խոհեր Ու Խոկումներ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.